ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ԽԱՉԻՆ ՄԷՋ` ՄԵՐ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆԸ…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, «Յինանց» զատկական շրջանին հինգերորդ կիրակին` այսօր, մեր եկեղեցին կը  կատարէ «Տօն երեւման սրբոյ խաչի», որ տարեկան յիշատակումն է պատմական դէպքի մը:

Արդարեւ, Պենտեկոստէին, 7 մայիս 351 թուականին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Երուսաղէմի մէջ երկնակամարին վրայ տեսնուեցաւ լուսափայլ խաչ մը, որ կը սկսէր Գողգոթայի բլուրէն եւ կը հասնէր Ձիթենեաց լեռը:

Ս. Քաղաքին պատրիարքը` Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացի, ականատեսն ու պատմագիրը հրաշադէպ պատահարին, յարմար դատեց պաշտօնական նամակով մը զայն նկարագրել Մեծն Կոստանդիանոսի որդի եւ յաջորդ Կոստանդիոս կայսրին:

Եկեղեցիին պատմութեան ու քրիստոնէութեան տարածումին համար սքանչելադէպքը ծանօթագրող այս նշանակալից վաւերաթուղթէն շատ համառօտակի կը քաղեմ ամէնէն գլխաւոր տեղեկութիւններն ու խորհրդածութիւնները, որոնք չեն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը:

Թէ՛ եկեղեցական եւ թէ՛ աշխարհական իշխանութիւններուն համար Աստուծոյ կերտած «հրաշալի երեւոյթն» է լուսաճաճանչ խաչը, որ` «մեր Տիրոջ ու Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի … մահուան դէմ տարած յաղթութեան նշանն է»:

«Լոյսէ կազմուած ամենայաղթ խաչը» տեսնուեցաւ ամբողջ քաղաքին բնակիչներէն, եւ այն` «ոչ թէ հարեւանցի եւ արագ անցնող տեսիլքի պէս, այլ ակնյայտնի կերպով երկինքի երեսին վրայ տեսանելի էր ժամերով»:

«Իր բոցաճաճանչ փայլքով` արեւի ճառագայթներուն կը յաղթանակէր»: Անոր շողարձակումին տեւողութեան եւ ուժգնութեան շնորհիւ` «առ հասարակ քաղաքին ամբողջ բազմութիւնը սուրբ եկեղեցիները փութաց, եւ աստուածային այս տեսիլքէն ուրախութեամբ լեցուած… ամէն տարիքի մարդեր, ըլլան բնիկ եւ ըլլան դուրսէն եկած քրիստոնեաներ, միահամուռ ու միաբերան կ՛օրհնէին եւ կը գովաբանէին մեր Տէրը եւ Աստուծոյ միածին Որդին»:

«Երեւումն սրբոյ խաչի»-ն այնքան կարեւոր թուեցաւ հաւատացեալներուն, «որովհետեւ  փորձով ու գործով փաստուեցաւ, թէ բարեպաշտ քրիստոնեաներուն կրօնը չի հաստատուիր խօսքի իմաստութեամբ լոկ, այլ նաեւ` Ս. Հոգիին յայտնութեամբ ու զօրութեամբ: Մարդերէն չէ միայն, որ կը պատմուի, այլ նաեւ կը վկայուի երկինքէն»:

Յիսուս Քրիստոս Աստուածամարդէն հիմնուած, Ս. Հոգիէն հաստատուած, առաքեալներէն քարոզուած, մարդերէն պատմագրուած եւ երկինքէն վկայուած, ինչպէս ալ հայ սուրբերէն, հայրապետներէն ու նահատակներէն ապրուած այս կրօնին էական խորհուրդներէն մին է հիմնախորհուրդը խաչին, որ նախապայմանն է, ելակէտն է յարութեան:

Ա՛յս է ճշմարիտ եւ անյետսկոչելի ուսուցումը մեր Աստուածային Վարդապետին. «Ով որ իր խաչը չ՛առներ եւ ետեւէս չի գար, արժանի չէ ինծի (Մտթ. 10,38): Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ, թող … առնէ իր խաչը եւ հետեւի ինծի (Մտթ. 16,24):  Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ, թող … կրէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ (Մրկ. 8,34): Ով որ կ՛ուզէ ինծի հետեւիլ, թող … առնէ իր խաչը ամէն օր եւ ետեւէս գայ (Ղկ. 9,23): Ով որ չ՛առներ իր խաչը եւ չի հետեւիր ինծի, չի կրնար ըլլալ իմ աշակերտս» (Ղկ. 14,27):

Ա՛յս է վաւերական դիտաւորութիւնը «երեւման սրբոյ խաչի»-ն, ինչպէս կը բացայայտուի անոր սկզբնաւորութեան ու վերջաւորութեան երկու տեսլավայրերէն` Գողգոթայի բլուրէն եւ Ձիթենեաց լեռնէն:

Ինչպէս գիտենք, Գողգոթա կատարն է Քրիստոսի չարչարանքի ու խաչակրութեան ճանապարհին, իսկ Ձիթենեաց գագաթը տեղն է յարուցեալ Փրկչին համբարձման, որ ելքն է դէպի արքայութիւնը, յաւիտենականութիւնը:

Յստակ եւ ճիշդ է եզրայանգումը: Խաչը, մեր խաչակրումը մեզ կ՛առաջնորդէ վերջնական յաղթութեան, յաւերժութեան, անմահական կեանքին:

Ուշադրութի՛ւն: Նաեւ ա՛յս է հայախոհ համոզումը, դաւանումը մեր շարակնոցին, որմէ կ՛առնեմ յաղթութեան, յաւերժութեան, անմահութեան յաջորդ իմացութիւնները: Խաչն է «Գաւազան զօրութեան, Նշան յաղթութեան, Բանալի արքայութեան, Պարիսպ ամրութեան, Աշտարակ հզօրութեան, Զէն յաղթութեան»:

Խաչով, մեր խաչակրումով «յաղթեսցուք անօրէն թշնամւոյն», քանի «լուսափայլ ծագմամբ հրաշափառապէս մեզ ցուցաւ` ի յօգնութիւն ընդդէմ թշնամւոյն», որ ամէն գնով կ՛ուզէ խոչընդոտել մեր յաղթանակն ու խափանել մեր յաւերժական երջանկութիւնը:

Խաչը, խաչակրութիւնը տրուեցաւ մեզի, «զի սովաւ մտցուք ընդ նեղ դուռն անձկացեալ ճանապարհին», քանի ան է «Փայտ կենաց կանգնեալ ի մէջ տիեզերաց, Յոյս եւ Ապաւէն ազգի մարդկան»: Խաչն է, մեր խաչակրումն է, որ «առաջնորդ եղեւ մեզ ի կեանս յաւիտենից»:

Այսպէս, եթէ «Տօն երեւման սրբոյ խաչի»-ն լուսածագ յարութիւնն է Խաչին, ապա, ուրեմն, ան է նաեւ ստոյգ երաշխիքը մեր արեւաշող գոյատեւումին յարուցեալ ու համբարձեալ Տիրոջ թագաւորութեան մէջ, որ միայն սէր է, բերկրանք է, կեանք է:


 

 

Share this Article
CATEGORIES