Սքիլաչի Ներկայ Եղաւ Շուշիի Ազատագրման 20-Ամեակին Նուիրուած Տօնական Շքերթին
Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ 1990-ի Մոնտիալին Իտալիոյ հետ աշխարհի ախոյեան եւ լաւագոյն կոլսքորըր հանդիսացած Սալվաթորէ Սքիլաչի ներկայ եղած է 9 մայիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Շուշիի ազատագրման 20-ամեակին նուիրուած տօնական շքերթին: Իսկ օր մը առաջ, ան Արցախի մէջ մասնակցած է IAFA-ի կազմակերպած բարեգործական մինի-ֆութպոլի մրցաշարքին:
Ըստ PanArmenian.net լրատուական կայքէջին, ան շատ հաւնած է Արցախը եւ իր զարմանքը յայտնած, թէ ինչո՛ւ հրաշալի երկրին անկախութիւնը չի ճանչցուիր միջազգային հանրութեան կողմէ:
Իսկ Armsport.am կը յայտնէ, որ անդրադառնալով յառաջիկայ հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստան – Իտալիա 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին, ան ըսած է. «Ես միայն մասնակցած եմ 1990-ի Մոնտիալին եւ հայկական ֆութպոլին հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցած եմ, ինչպէս նաեւ հայկական ֆութպոլի մասին ալ գաղափար չունէի: Այժմ կու գամ ըսելու, որ Իտալիոյ համար այս մրցումը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ, որովհետեւ իսկապէս Հայաստան բաւական զօրացած է»:


