Ժաք Ռոկը. «Թուրքիա Նոյն Տարին Չի Կրնար Երկու Մեծագոյն Իրադարձութիւններու Թեկնածու Ներկայանալ»
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժաք Ռոկը իր ունեցած մէկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիա նոյն տարին երկու մեծագոյն եւ կարեւոր նկատուող իրադարձութիւններու իր թեկնածութիւնը չի կրնար առաջադրել»:
«Թուրքիա պէտք է ընտրէ, թէ ո՞ր առաջնութիւնը կ՛ուզէ հիւրընկալել. 2020-ի Ամառնային Ողիմպիակա՞նը, թէ՞ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն թոյլ չի տար, որ ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու համար իր թեկնածութիւնը առաջադրած երկիր մը այլ անուանի մրցաշարք մը եւս հիւրընկալելու համար հրապարակ իջնէ: Ատիկա ողիմպիական օրէնքներու խախտում կը նշանակէ», կ՛ըսէ PanArmenian.net` մէջբերելով Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահին խօսքերը:
2020-ի Ողիմպիականը հիւրընկալելու համար Պոլսոյ հետ թեկնածու ներկայացած են նաեւ Պաքու, Մատրիտ, Տոհա եւ Թոքիօ:
Հիւրընկալ քաղաքին անունը պիտի յայտարարուի յառաջիկայ 23 մայիսին:


