Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Լիբանան – Եգիպտոս` 1-4

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ Թրիփոլիի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը հիւրընկալեց Եգիպտոսը:

Հիւր կազմը, որ իր այս մրցումը կատարեց առանց Իսմայիլիի, Զամալեքի եւ Ահլիի մարզիկներուն, 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Հիւր կազմին նշանակած երկու կոլերէն ետք Լիբանան նշանակեց կոլ մը` շնորհիւ Ահմետ Զըրէյքի (30-րդ` փենալթիով): Սակայն Եգիպտոս կոլ մը եւս նշանակելով Ա. կիսախաղը աւարտեց 3-1 արդիւնքով:

Թէեւ Բ. կիսախաղին կարգ մը փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, սակայն այդ մէկը մնաց ապարդիւն եւ Եգիպտոս կոլ մը եւս նշանակելով տարաւ վերջնական յաղթանակը` 4-1 արդիւնքով:

 

Share this Article
CATEGORIES