Ա. Թէ. Սէ. Էլ.- Գարնանային 28-Րդ Ռելիին Կը Մասնակցին 21 Ինքնաշարժներ
Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կողմէ երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ այսօր` շաբաթ, 12 մայիսին, Շուֆի մէջ տեղի ունենալիք գարնանային 28-րդ ռելիին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 21 ինքնաշարժներ: Նշենք, որ այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 261,84 քմ:
Մասնակցողներուն կարգին են Ռոժէ եւ Ապտօ Ֆըղալի եղբայրները, Ժիլպեր Պաննութ, Նիքոլա Ամիունի եւ ուրիշներ:
Նշենք, որ երէկ «Պազըրճի» ընկերութեան մէջ (Քարանթինա) տեղի ունեցաւ այդ 21 ինքնաշարժներուն ստուգումը, որպէսզի անոնք պատրաստ ըլլան այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին սկսելիք այս ռելիին:
CATEGORIES Մարզական


