Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ – Անիպալ Զահլէ` 2-1
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումը` Շանվիլի եւ Անիպալ Զահլէի միջեւ, տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, առաջինին դաշտին վրայ:
Դաշտին տէրը 103-79 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յառաջացաւ իր մրցակիցին վրայ: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով.
24-20, 45-29, 74-54 եւ 103-79:
Շանվիլ այժմ յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային պիտի հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Անոնց միջեւ չորրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը, երեկոյեան ժամը 17:45-ին` Զահլէի մէջ:
Եթէ պատահի, որ դաշտին տէրը յաղթական դուրս գայ այս մրցումէն, հինգերորդ վճռորոշ մրցումը տեղի պիտի ունենայ Շանվիլի դաշտին վրայ, երեքշաբթի, 15 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:45-ին:
CATEGORIES Մարզական

