«Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Կիթառահարներու Համոյթի Հերթական Ելոյթը Արժանացաւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` ուրբաթ, 11 մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի կիթառահարներու համոյթին ելոյթը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, միութենականներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Կիթառահարներու համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն է քոլեճի կիթառի ուսուցիչ եւ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան, որ վերամշակած է ելոյթին ներկայացուած ստեղծագործութիւնները:

Համոյթը ներկայացուց սպանական, պրազիլեան, ռուսական եւ այլ ստեղծագործութիւններ, ինչպէս` «Մորենիթա»-ն, «Էլ Վիթօ»-ն, «Լա Կիթանիթա»-ն, «Մալակենա»-ն: Կիթառահարներու համոյթի ելոյթը փակուեցաւ «Արիւնոտ դրօշ- Արդեօք ովքեր են» երգերու կատարումով, որ արժանացաւ ներկաներու ծափահարութիւններուն եւ գնահատանքին:

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթի այս ելոյթը անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու, որ կիթառահարներու համոյթին մէջ առկայ է լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք, որուն արդիւնքը եւ արժեւորումը նոյնինքն այս ելոյթն էր, որ նաեւ կը նպաստէ աշակերտներու եւ շրջանաւարտներու հաւաքական ներկայացման եւ յաւելեալ փորձառութեան ձեռքբերման:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES