«ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԵՒ ԷՄԻՐԱԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՉԻ ՆՊԱՍՏԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Մանամայի մէջ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմատ Ալ Խալիֆայի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մեծ կարեւորութիւն ընծայած է Պահրէյնի հողային ամբողջականութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման: «Մենք Պահրէյնի մէջ բարեփոխումներուն կը զօրակցինք: Բարեփոխումները Պահրէյնը աւելի ուժեղ պիտի դարձնեն», ըսած է ան եւ աւելցուցած. «Շրջանին մէջ գրգռութիւններ եղած  են: Անհրաժեշտ է շատ զգուշ ըլլանք»:

Տաւութօղլու նշած է, որ Պահրէյնի խնդիրները պէտք է պահրէյնցիները լուծեն: Ան ըսած է, թէ սիւննի-շիի լարուածութիւնը Պահրէյնի մէջ կրնայ շատ ժխտական հետեւանքներ ունենալ: Տաւութօղլու ըսած է, որ եթէ Պահրէյնի մէջ սիւննի-շիի հաւասարակշռութիւնը պահուի, շրջանին համար շատ լաւ բնորդ մը պիտի ըլլայ:

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին նշած է, որ Թուրքիա շրջանին մէջ կայունութեան ի նպաստ կ՛աշխատի:

Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Տաւութօղլու երկուշաբթի գիշեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ: Դիւանագէտներ յայտնեցին, որ երկու նախարարները քննարկած են Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ անցագրային դրութեան ջնջման հարցը:

ԻՐՆԱ նշեց, որ Տաւութօղլու Սալեհիի հետ քննարկած է շրջանային զարգացումները, մասնաւորաբար` Պահրէյնի մէջ տիրող կացութիւնը: Ըստ ԻՐՆԱ-ի, անոնք շեշտած են, որ շրջանային երկիրներ պէտք է օժանդակեն Պահրէյնի մէջ տագնապի լուծման, որպէսզի այդպիսով պահրէյնցի ժողովուրդին օրինական պահանջներուն ապահովումը երաշխաւորուի:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց, որ «Պահրէյնի մէջ սէուտական եւ էմիրաթական զինուորական միջամտութիւնը շրջանային կայունութեան չի նպաստեր, ոչ ալ օգուտ կը բերէ շահերուն Պահրէյնի ժողովուրդին, որ գոհացում տրուելու արժանի օրինական պահանջներ ունի»: Ան շեշտեց, որ իր կառավարութիւնը պահրէյնեան հարցին մօտէն եւ մտահոգութեամբ կը հետեւի:

Մինչ այդ` դիւանագիտական աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Պահրէյն ներխուժումը տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն միջեւ համաձայնութեան մը ծիրին մէջ: Ըստ համաձայնութեան, ամերիկեան կողմը Սէուտական Արաբիոյ Պահրէյն ներխուժման հարցով լռութիւն պիտի պահէ, որուն փոխարէն Ծոցի երկիրները պիտի օժանդակեն Լիպիան հակակշռելու եւ Մոամմար Քազզաֆին տապալելու աշխատանքին:

 

Share this Article
CATEGORIES