ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ – ՄԱՇԱԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու չորեքշաբթի օր Դամասկոս իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին անոնք քննարկած են Պաղեստինի մէջ միասնականութիւն յառաջացնելու ուղղութեամբ պաղեստինեան Համաս եւ Ֆաթհ շարժումներուն քայլերը: Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա պաղեստինեան հատուածներուն միջեւ փոխզիջումային համաձայնութեան մը գոյացման համար Համասի եւ Ֆաթհի միջեւ ուղղակի հանդիպումներուն զօրավիգ կը կանգնի:

Նշենք, որ Տաւութօղլու Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES