Շուշիի 20-Ամեակին Նուիրուած Յուշաքարի Բացում . «Ո՛չ Ոք, Ո՛վ Ալ Ըլլայ Ան, Կրնայ Ինքնիրեն Իրաւունք Տալ Թիզ Մը Զիջելու Այդ Հողէն» Հաստատեց Ճորճ Գրիգորեան
Թշնամիին դէմ տարբեր առիթներով մարտնչած, սպանդներու եւ պատերազմներու թատերաբեմ եղած, իր հողին վրայ իր զաւակներուն արեան տաքութիւնը զգացած Շուշին տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր սադրանքներէ ետք կրցաւ կրկին ոտքի ելլել, դուրս շպրտել թշնամին եւ ճակատաբաց գոչել, որ ազատ է կրկին, որ հպարտութիւնը ունի գրկելու իրեն համար նուիրուած հերոսներ, որ կրկին բարգաւաճ է ու հայկական:
Շուշիի ունեցած արժէքին եւ կարեւորութեան լաւապէս գիտակցելով է, որ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէն երէկ` կիրակի, 13 մայիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30¬ին ձեռնարկեց իր ակումբին մէջ բացումը կատարելու հերոսական Շուշիի նուիրուած յուշաքարի մը:
Շուշիի ազատագրութեան 20¬ամեակին նուիրուած այս ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Կիրակոս Գարակէօզեան, որ դիտել տուաւ, թէ յուշաքարին զետեղումը եթէ մէկ կողմէ յարգանքի տուրք է հանդէպ Արցախի հերոս ժողովուրդին, անոր քաջագործութիւններուն եւ նահատակներուն, ապա միւս կողմէ դաշնակցական ակումբին մէջ նման յուշաքարի զետեղումը յաւելեալ պարտաւորութիւն մըն է բոլորին համար` տէր կանգնելու մեր ազգային արժէքներուն, հաւատքին, հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայելու գիտակցութեան:
Ան դիտել տուաւ, որ այսօր Արցախը ազատ է ու բարգաւաճման ընթացքի մէջ` շնորհիւ մարտունակ ազգային բանակին եւ տոկացող հայրենի ժողովուրդին: «Մեր կարգին, մենք` սփիւռքահայերս եւս պարտք ունինք հաւատարիմ մնալու մեր պատկանելիութեան, վառ պահելու հայրենասիրութեան մեր զգացումներն ու գիտակցութիւնը, նաեւ` նորահաս սերունդին փոխանցելու հայօրէն ապրելու հպարտութիւնը», հաստատեց Կ. Գարակէօզեան:
Իր խօսքի աւարտին ան «Շուշի» կոմիտէութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց քանդակագործ Վարդան Աւեսեանին, որ իր արուեստագէտի շունչով կրցաւ կեանքի կոչել ներկայացուած գաղափարը, եւ քարը հանեց սոսկական իր պարունակէն` անոր տալով կեանք ու խորհուրդ:
Օրուան բանախօսն էր Ճորճ Գրիգորեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Շուշիի ընդմէջէն հայութեան եւ մեր դարաւոր թշնամիներուն հասած այն պատմական ճշմարտութիւնները, դասերը եւ պատգամները, զորս անհրաժեշտ է յիշել, շեշտել եւ կրկնել. կրկնել, որպէսզի անոնք փորագրուին մեր յաջորդական սերունդներուն միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ` ի խնդիր նորանոր Շուշիներու կերտումին, որպէսզի անոնք դառնան այն պրիսմակը, որուն ընդմէջէն կարելի է յստակ տեսնել նժարին մէջ դրուածը, մեր գրաւականներն ու մեր որդեգրելիք կեցուածքն ու ընթացքը:
Բանախօսը պատգամներուն առաջինը նկատեց պատմութեան ընդմէջէն հազար հազար անգամ տրուած, սակայն քաղաքական միտքերուն կողմէ ընկալելի չեղած այն իրականութիւնը, որ հայը միայն ինքնիրեն պէտք է վստահի, երբեք` ուրիշին: Երկրորդ պատգամը անտեսուող պատմական ու աշխարհաքաղաքական ճշմարտութեան մը յիշեցումը նկատեց Ճ. Գրիգորեան` յիշեցնելով նաեւ, որ Շուշին թուրքին ու ազրպէյճանցիին ոճրագործ ծրագիրներուն թիրախը դարձաւ վաղուց` 1922¬ական թուականներէն: Առ այդ, ան դիտել տուաւ, որ պէտք չէ մոռնալ, թէ ազրպէյճանցին եւ թուրքը մէկ են, անոնք միասնաբար հայութեան նկատմամբ ամէնէն ահաւորը ծրագրած ու գործադրած են: Ուստի, մերժելի է հայութիւնն ու Հայ դատը մասնատելու ամէն տեսակի մօտեցում, իսկ նման կեցուածք ունեցողները անպայման թուրքին ծառան կը նկատուին:
Ճորճ Գրիգորեան իր խօսքը շարունակելով յայտնեց, որ Շուշին նաեւ այլ կարեւոր պատգամ եւ զգուշացում կու տայ` շեշտելով, որ 6000 տարուան քրտինքով կառուցուած, 6000 տարուան արիւնով պաշտպանուած, 6000 տարուան հանճարով դարձած Կովկասի մշակոյթի փարոս եւ հարստութեան գանձարկղը անէծք կը կարդայ այն հայուն, որ զինք բանակցութեան կամ փոխզիջման սեղանին վրայ կը դնէ: «Այդ հողը ո՛չ ի՛մս է, ո՛չ քուկդ է, ո՛չ ալ այսօր աշխարհի երեսին գտնուող համայն հայութեան հողն է, այդ հողը ազգի՛նն է, անցած վեց հազար տարիներու սերունդներուն արեան, քրտինքին ու արցունքներուն իրաւունքն է, գալիք վեց հազար տարիներու սերունդներուն արեան, քրտինքին եւ արցունքին իրաւունքն է: Այդ հողը կը պատկանի վիգէններու սուրբ արեան կաթիլներուն, նահատակներու մայրերուն եւ որբացած զաւակներուն արցունքի կաթիլներուն, այդ հողը վերաբնակեցնելու եւ շէնցնելու նուիրեալներու քրտինքի կաթիլներուն, եւ ո՛չ ոք, ո՛վ ալ ըլլայ ան, կրնայ ինքնիրեն իրաւունք տալ թիզ մը զիջելու այդ հողէն», հաստատեց ան:
Իր խօսքը եզրափակելով բանախօսը նշեց, որ այս բոլորին դիմաց Շուշին իր պատմութեամբ, անցեալով ու ներկայով, յստակ, աղաղակող պատգամ կու տայ թուրքին, որ լաւապէս գիտէ, որ հակառակ իր ամէն տեսակի ոճրային ծրագիրներուն, Շուշին պիտի գոյատեւէ հպարտութեամբ եւ վեհօրէն: «Նորէն արեան ու աւերակներուն մէջէն, աշխարհասփիւռ գաղութներուն մէջէն վիգէններ պիտի գան, նորէն շրջափակուած, ցրտահար ու սովահար Երեւանէն ու Քարինտակէն ջոկատներ պիտի գան, եւ ինչպէս որ Շուշիի բարձունքէն թաւալգլոր եւ լեղապատառ հեռացար, նոյնպէս թաւալգլոր ու լեղապատառ պիտի հեռանաս մեր հայրենիքի ամէն մէկ սրբազան լերան ամէն մէկ սուրբ կատարէն»:
Ապա նուագ մը ներկայացուց «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը:
Փակման խօսքը արտասանեց Յովհաննէս վրդ. Սաղտճեան, որ անդրադարձաւ Շուշիի մարտնչումէն եւ ազատագրումէն մեզի հասած ներշնչումին ու կոչին` տէր կանգնելու հերոսներու արեամբ ձեռք բերուած ազատութեան: Ան հաստատեց, որ միայն միասնականութեամբ եւ ազգային շահերը ամէն բանէ վեր նկատելով կարելի է նորանոր յաղթանակներ կերտել եւ պահպանել ամէն տեսակի արժէք:
Ապա տեղի ունեցաւ Շուշիի նուիրուած յուշաքարի բացումը:




