Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ Հանդիսացաւ Ախոյեան` Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով
Երէկ աւարտեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի չորրորդ մրցումը` Անիպալ Զահլէի եւ Շանվիլի միջեւ:
Նախքան երէկուան այս մրցումը, Շանվիլ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէր դաշտին տէրը, հետեւաբար պէտք ունէր յաղթանակի մը եւս` տիտղոսին տիրանալու համար: Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ Շանվիլ 57-63 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ 3-1 արդիւնքով յառաջանալէ ետք Անիպալ Զահլէի վրայ, հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
Այսպիսով, Շանվիլ եկաւ վերջ մը դնելու Ռիատի Պէյրութի մենատիրութեան, որ վերջին եօթը տարիներուն Լիբանանի ախոյեան էր: Ատկէ բացի, Շանվիլ հանդիսացաւ մայրաքաղաք Պէյրութէն դուրս գտնուող առաջին ակումբը, որ կը տիրանայ տիտղոսին:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան տիտղոսին, անոր տիրացաւ Անդրանիկ Պէյրութ` նկատի ունենալով, որ անոր աւարտականի մրցակիցը` Ռիատի Պէյրութ յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով դաշտ չներկայացաւ: Ասիկա կը նշանակէ, որ Անդրանիկ Պէյրութ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ի բացակայութեան եւ յաջորդաբար 10-րդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան:
Նշենք, որ վերջին 15 տարուան ընթացքին Անդրանիկ 13-րդ անգամ ըլլալով կը բարձրացնէ ախոյեանութեան տիտղոսը:


