Ա. Թէ. Սէ. Էլ. Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ Լիբանանի Գարնանային 28-րդ Ռելիի Տիտղոսին

Շաբաթ, 12 մայիսին, Շուֆի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի գարնանային 28-րդ ռելին, որ կազմակերպուած էր Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կողմէ: Այս ռելիին իրենց մասնակցութիւնը բերած 21 ինքնաշարժներէն 15-ը յաջողեցան հասնիլ ժամանման գիծ, մինչ վեց վարորդներ, որոնց կարգին` Ապտօ Ֆըղալի, տարբեր տեսակի պատճառներով այս ռելին կիսատ ձգեցին:

Առաջին դիրքը գրաւեց Ռոժէ Ֆըղալի, որ իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ ժամանման գիծ հասաւ (ընդամէնը 261,84 քմ)` արձանագրելով 42′ 42″ արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Նիքոլա Ամիունի` իր օգնականին` Շետի Պէյրութիի հետ (45′ 41″): Իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց Ժիլպեր Պաննութ, որ Ժոզեֆ Քըմիտի հետ արձանագրեց 46′ 09″ արդիւնք մը:

Նշենք, որ Պաննութ – Քըմիտ զոյգը յաջողեցաւ Գ. խմբակին մէջ գրաւել առաջին դիրքը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ներկայութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի պատասխանատուներուն եւ այս մարզով հետաքրքրուած բազմաթիւ հանդիսատեսներու:

Share this Article
CATEGORIES