ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի «Քիտզ Աթլեթիքս»-Ի Մրցումները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի 2011-2012 տարեշրջանի վերջին մարզախաղը, որ «Քիտզ Աթլեթիքս»-ն էր, տեղի ունեցաւ կիրակի, 13 մայիս 2012-ին, Պուրճ Համուտի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ` մասնակցութեամբ 72 աշակերտներու, որոնք կը ներկայացնէին ԼԵՎԱՄ-ին մասնակցող 7 վարժարաններ:

Մրցումները սկսան առաւօտեան ժամը ճիշդ 10:00-ին:

Խմբային խաղարկութիւնը մրցումին հիմնական նպատակն էր, որ աշակերտներուն մէջ պիտի տիրապետէր եւ որուն ընդմէջէն պայման էր դուրս բերել «Ես»-ը:

Խանդավառ եւ հաճելի ժամանակ մը անցուցին մասնակցող աշակերտները եւ աւարտին ստացան մասնակցութեան իրենց վկայագիրները` ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի եւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ տրամադրուած:

Վարձքը կատար մասնակցող վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչներուն եւ մասնակցող աշակերտներուն ու իրենց ծնողներուն, որոնք մեծ թիւով ներկայ էին քաջալերելու իրենց զաւակները:

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
(www.levam.org)

 

 

Share this Article
CATEGORIES