ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի 2011-2012 Տարեշրջանը Պաշտօնապէս Փակուեցաւ
Երէկ` կիրակի, 13 մայիսին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի մարզական խաղերու 2011-2012 տարեշրջանը պաշտօնապէս փակուեցաւ, երբ «ՀՄԸՄ-Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ գեղարուեստական յայտագիրէ մը ետք անիկա հասաւ իր լրումին:
Այս հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ ճատրակի, փինկ փոնկի, դաշտային խաղերու, մարաթոնի, մինի ֆութպոլի, ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցանակաբաշխութիւնը` այլ տեսակի պարգեւատրումներուն կողքին:
ԼԵՎԱՄ-ի փակման հանդիսութեան կ՛անդրադառնանք յառաջիկային:
CATEGORIES Մարզական

