«Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան «Արեգ» Պարախումբին Բացառիկ Ելոյթները
«Նոր սերունդ» մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբը իր տարեկան ելոյթները ունեցաւ ուրբաթ, 11, շաբաթ, 12 եւ կիրակի 13 մայիս 2012-ին, Խորհրդաժողովներու պալատին մէջ, Տըպպայէ: Այս տարի եւս առկայ էր պարախումբին նորարարութիւնը տարազներու, երաժշտութեան եւ գեղարուեստական բեմականացման մարզերուն մէջ:
Անցնող շաբաթավերջին, «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբի երեք ելոյթները ի տես բազմահոծ ներկաներուն փաստեցին այն իրողութիւնը, թէ «Նոր սերունդ» մշակութային միութիւնը կը վայելէ բարձր հեղինակութիւն մշակութային մարզին մէջ` լիբանանահայ գաղութին եւ լիբանանցի հասարակութեան համար:
«Արեգ» պարախումբը` ղեկավարութեամբ հայրենի արուեստագէտ Արտաւազդ Աւետիսեանի, բեմ բարձրացաւ հայկական եւ միջազգային ժողովրդային պարերու ծրագիրով:
Շաբաթ, 12 մայիս 2012, կալայի օրուան ելոյթին, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Կարէն Մաթեւոսեանի, քաղաքական գործիչներու, հայ հոգեւորականներու, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու, հայկական եւ լիբանանեան թերթերու ու պատկերասփիւռի կայաններու լրագրողներու, մտաւորականներու, ազգային հեղինակութիւններու եւ մշակութասէր հասարակութեան, բեմ բարձրացաւ «Արեգ» պարախումբը իր երէց, միջակ ու փոքր պարողներով եւ զմայլեցուց հանդիսատեսը:
«Արեգ» պարախումբի նուիրեալ անդամները ներկաներուն հրամցուցին հմուտ պարողի չափով գեղեցիկ արուեստ մը, ուր դրսեւորուեցաւ պարուսոյց Արտաւազդ Աւետիսեանի արուեստագէտի ոգին ու բծախնդրութիւնը: «Արեգ»-ի պարողները անգամ մը եւս փաստեցին որ նուիրուածութիւնն ու յարատեւ աշխատանքը անպայման կ՛արդիւնաւորուին:
Արաբերէնով եւ հայերէնով բացման իր խօսքին մէջ «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան ատենապետ Անի Եփրեմեան շեշտեց միութեան տարած մշակութային աշխատանքները, մասնաւորաբար պարախումբին տարած աշխատանքները` ի սպաս հայկական սփիւռքին մէջ հայ պարարուեստի պահպանման ու տարածման:
Յայտագիրի պատրաստութիւնը խնամուած ու բծախնդիր ձեւով հանդիսատեսը հրապուրեց եւ ան աւելի քան մէկուկէս ժամ հմայուած դիտեց հայկական եւ միջազգային ժողովրդական պարերու համոյթ մը` «Բերդ պար», «Սուրերով պար», «Թամզարա», «Արաբական պար», «Բոլքա», «Ով հայոց աշխարհ», «Հովիւներու պար», «Կակաչներ», «Ժողովրդական պարերու շարք», «Սեւան», «Յունական պար», «Հայկական բանակ», «Գնչուական պատկեր», «Ազգագրական պարերու շարք», «Էրզրում», «125-ամեակ», «Փակման պար»:

