Իսլամ Եղբայրներու Նախագահական Թեկնածուն Կ՛Առաջարկէ Եգիպտոսի Սահմանադրութիւնը Քորանին Վրայ Հիմնել

Մոհամետ Մուրսի

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի նախագահութեան Իսլամ եղբայրներու թեկնածու Մոհամետ Մուրսի առաջարկած է Եգիպտոսի սահմանադրութիւնը մշակել` հիմնուելով Քորանին վրայ:

«Քորանը մեր սահմանադրութիւնը, (Մոհամետ) մարգարէն` մեր ղեկավարը, սրբազան պատերազմը` մեր ճամբան, եւ յանուն Ալլահի մահը` մեր նպատակն է», ըսած է Մուրսի:

Ըստ անոր, Եգիպտոսը այժմ աւելի քան երբեք մօտ է իսլամ կրօնի պետութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ հաստատման: Միայն իսլամ կրօնին շնորհիւ Եգիպտոս պիտի կարենայ բարեկեցիկ պետութիւն դառնալ:

Յիշեցնենք, որ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի ղեկավարման տարիներուն Իսլամ եղբայրներ շարժումին գործունէութիւնը արգիլուած էր, սակայն նախորդ տարուան յունուարին տեղի ունեցած համաժողովրդային ապստամբութեան շնորհիւ, շարժումի մասնակիցները յաջողեցան օրինականացնել իրենց գործունէութիւնը եւ ստեղծել Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը, որ ներկայիս Եգիպտոսի խորհրդարանին մէջ մեծագոյն կուսակցութիւնն է:

Share this Article
CATEGORIES