«Իսրայէլը Ոչնչացնելու Համար Պատերազմ Պէտք Չէ» Կ՛ըսէ Ահմատինեժատ
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ կը յայտնէ, որ Իսրայէլը ոչնչացնելու համար պատերազմ պէտք չէ: Ան կը նշէ, որ այդ նպատակը իրագործելու համար բաւարար պիտի ըլլայ, որ շրջանի բոլոր երկիրները խզեն անոր հետ յարաբերութիւնները:
«Եթէ շրջանի երկիրները խզեն սիոնականներուն հետ յարաբերութիւնները եւ քննադատեն զանոնք, ատիկա վերջ պիտի դնէ խամաճիկային կառավարութեան գոյութեան», ըսած է Ահմատինեժատ:
Իրանի նախագահը հեգնանքով նշած է, որ Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական ծոցի մնացեալ երկիրները Միացեալ Նահանգներուն` Իսրայէլի գլխաւոր դաշնակիցին քարիւղ կը վաճառեն, «այդ գումարով անոնք կրնան մեծ քանակութեամբ զէնք ձեռք բերել»:
CATEGORIES Միջազգային


