Իրան Կը Մերժէ Դէպի Թուրքիա Արտածուող Կազին Գինը Նուազեցնելու Թրքական Պահանջը
Իրան մերժեց Թեհրանէն ներածուած բնական կազին գինը նուազեցնելու Թուրքիոյ պահանջը: Իրանցի պաշտօնատար մը իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Անգարա Թեհրանէն պաշտօնապէս պահանջեց իրեն արտածուած կազի գինը նուազեցնել, սակայն իրանեան կազի պետական ընկերութիւնը ներկայ գինը լաւ եւ փոփոխման չկարօտող գտաւ»:
Իրանցի պաշտօնատարը աւելցուց, որ «Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջերս Իրան կատարած այցելութենէն ետք, Թուրքիա արտածուող կազի գինը նուազեցնելու պաշտօնական պահանջ ներկայացուեցաւ, սակայն Իրանեան կազի պետական ընկերութեան պաշտօնատարներուն հետ բանակցութիւնները որեւէ արդիւնք չտուին»:
«Ըստ իրանեան կազի պետական ընկերութեան եւ թրքական ՊՈԹԱՇ ընկերութեան միջեւ կնքուած համաձայնութեան, համաձայնութիւնը երեք տարին անգամ մը վերատեսութեան պէտք է ենթարկուի` քննարկելու համար գիներու հարցը, եւ համաձայնութեան այդ յօդուածին հիմամբ ալ թրքական ընկերութիւնը պաշտօնական խնդրագիր մը ներկայացուց իրանեան կազի ընկերութեան, որ իր կարգին մերժեց այդ պահանջը»:

