Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Սուրիական Տագնապին Մէջ Թրքական Զինուորական Միջամտութիւն Մը Չի Բացառեր

Էօմեր Էօնհոն

Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Էօմեր Էօնհոն Էսթոնիոյ մէջ Լենարթ Միրի խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ սուրիական վարչակազմը աշխատանք կը տանի սուրիացի ժողովուրդը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալման պարագային իր ճակատագիրէն վախցնելու:

Ան քննադատեց այն կացութիւնը, որուն մէջ կ՛ապրի սուրիացիներուն մեծամասնութիւնը: Ան ըսաւ, որ սուրիական վարչակարգը այդ մեծամասնութեան հաւատալ կու տայ, թէ Ասատի վարչակարգին միակ այլընտրանքը քաղաքացիական պատերազմը կամ կրօնական ծայրայեղականութիւնն է:

Թուրքիոյ դեսպանը աւելցուց, որ «սուրիական վարչակարգը ժողովուրդին մտավախութիւնները կը հրահրէ, ուստի միջազգային ընտանիքը պէտք է անոր մտավախութիւնները փարատէ` յայտնելով, որ վարչակարգի փոփոխութիւնը աւելի վատ կացութեան պիտի չառաջնորդէ»:

Էօնհոն ըսաւ, որ այդ կեցուածքը կրնայ փոխուիլ, եթէ սուրիացիներուն համար կեանքը անտանելի դառնայ` նշելով, որ Անգարա «Սուրիոյ մէջ որեւէ զինուորական միջամտութեան բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ, սակայն եթէ օր մը մեր սահմաններուն վրայ 200 հազար սուրիացի գտնենք, ստիպուած պիտի ըլլանք բան մը ընելու»:

Սուրիական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Սուրիոյ բանակը երկրին հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Իտլիպ նահանգին մէջ ձախողութեան մատնած է Թուրքիայէն վարձկաններու ջոկատի մը յարձակումը եւ գրաւած է անոր մօտ գտնուող զէնքերն ու զինամթերքը: Նշեալ ջոկատը կը փորձէր Ժիսր Շուղուր քաղաք ներխուժել: Յարձակողներու շարքերուն մէջ զոհեր արձանագրուած են:

Իտլիպի մէջ Լաթաքիոյ նաւահանգիստը երկրի տնտեսական մայրաքաղաք Հալէպին կապող երկաթուղիին վրայ յարձակում կատարուած է: Իսկ Հաճր Ասուատ շրջանին մէջ սուրիացի զօրավար մը սպաննուած է, երբ ապստամբները յարձակում գործած են անոր ինքնաշարժին վրայ: Այլ զինուորական մը սպաննուած է Արտուզի մէջ` իր տան դիմաց:

Մինչ այդ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ 7 անդամներէ բաղկացած Սահմանադրական դատարան մը ստեղծելու հրամանագիր մը հրապարակեց:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց «իր ջանքերը կեդրոնացնելու դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգման հարցին վրայ»` աւելցնելով, որ «մենք կը կարծենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր ջանքերը այս հարցին վրայ պէտք է կեդրոնացնէ, եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է սուրիական ներքին տագնապին վրայ ձէթ թափել շարունակողներուն ճամբան փակէ»:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ զէնք եւ զինամթերք փոխադրող «Լութֆալլա 2» նաւուն գրաւման հարցին` Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ «ըստ երեւոյթին ասիկա մաքսանենգման առանձնակի դէպք մը չէ, որովհետեւ քանի մը օր առաջ լիբանանեան Թրիփոլի քաղաքի նաւահանգիստին մէջ այլ նաւու մը խուզարկման ընթացքին ինքնաշարժներու մէջ պահուած մեծաքանակ զինամթերք եւ պայթուցիկ նիւթեր յայտնաբերուեցան: Բազմաթիւ անգամներ յայտարարեցինք, որ դէպի Սուրիա զէնք պէտք չէ մաքսանենգել եւ զգուշացուցինք անոնք, որոնք այդպիսի գաղափարներ արտայայտեցին` այդպիսի քայլերու հետեւանքներէն»:

Ան ըսաւ, որ ծայրայեղական խմբաւորումները զինելը կը հակասէ Քոֆի Անանի ծրագիրին: «Ծայրայեղական խմբակները զինելը մեծ վտանգներ կը պարունակէ, մասնաւորաբար միջազգային ահաբեկչական եւ ծայրայեղական ցանցերու հետ կապ ունեցող տարրերու գործունէութեան աշխուժացման լոյսին տակ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց, որ «յստակ է, որ հարցը կը վերաբերի Ապահովութեան խորհուրդի շարք մը որոշումներու բռնաբարման, մասնաւորաբար` Լիպիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատող թիւ 1970 բանաձեւին եւ լիբանանեան կառավարութեան արտօնածէն բացի Լիբանան զէնքի ուղարկումը արգիլող թիւ 1701 բանաձեւին»:

Share this Article
CATEGORIES