«Անգարա Ֆրանսայի Հետ Իր Յարաբերութեանց Մէջ Նոր Էջ Բանալ Կը Յուսայ» Կ՛ըսէ Պաղըշ
Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ յայտնեց, որ «Թուրքիա կը յուսայ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ բանալ երկկողմանի յարաբերութեանց «նոր էջ» մը», որուն խորագիրը բարեկամութիւնն ու «լուծումներու» փնտռտուքն է:
Ան աւելցուց, որ «կը յուսանք, որ Հոլլանտ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ պատմական, արդիւնաւէտ եւ խոր յարաբերութեանց մէջ նոր էջ կը բանայ»:
Պաղըշ յայտնեց, որ Անգարա կը յուսայ, որ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները զարգանան եւ «Ֆրանսա նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքի ժամանակաշրջանին նման Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ջատագովման հերոսներէն մէկը դառնայ»:
CATEGORIES Միջազգային


