Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԱՖՐԱՅԻ մէջ հրկիզուած գորգի «Պիպլոս» գործարանին մէկ կառոյցը, որ ենթակայ էր փուլ գալու, եւ որուն լոյսին տակ որոշուած էր վտանգը կանխարգիլել եւ այդ կառոյցին մէկ բաժինը փուլ չեկած քանդել, երէկ անոր կազմաքանդումի աշխատանքները ձախողութեամբ պսակուեցան: Նշենք, որ «Պիպլոս» գորգի գործարանը կը պատկանի Վարուժան եւ Զաւէն Ֆստըքճեաններուն, ինչպէս նաեւ Օպեժի ընտանիքին:

ԸՆՏՐԱԿԱՆ օրէնքի բարեփոխման քաղաքացիական արշաւին կազմակերպութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը` ներքին գործոց նախարարութենէն դէպի Ռիատ Սոլհի հրապարակ: Ցուցարարները պահանջեցին համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը, որով խորհրդարանը կը կազմուի ոչ համայնքային հիմքերու վրայ եւ որ կիներու ներկայացուցչութեան չափաբաժին կը ճշդէ խորհրդարանին մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ թեկնածութեան առաջադրման տարիքը 21-ի նուազեցնելու, իսկ ընտրելու տարիքը 18-ի նուազեցնելու:

ԶԱՀԼԷԻ մէջ զինեալներ երէկ փորձեցին խոչընդոտել Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունիի շքախումբը, որ կրցաւ փախուստ տալ: Աւելի ուշ, Մարունի հանդիպում մը ունեցաւ ճամբան խոչընդոտել փորձող երիտասարդին` Փիեռ Հիլալի հետ, եւ ներքին գործոց նախարարին հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաստատեց, որ ինք դատական հարց պիտի չյարուցէ Հիլալի դէմ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սամի Ժեմայէլ Մելպուռնի մէջ յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն Հըզպալլային` Լիբանանի վրայ բանեցնելու իր անձնական ծրագիրը:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, անծանօթ զինեալներ «Կոլֆ» տիպի ինքնաշարժէ մը կրակ բացած են Պէյրութի քուէյթեան դեսպանատան դէմ: Դէպքին մասին հետաքննութիւն բացուած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Օսէյրան յայտնեց, որ իրենք կառչած պիտի մնան բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն ընտրանքին` իբրեւ Լիբանանը պաշտպանելու միակ միջոցը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի, պատասխանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններուն, յայտնեց, որ անոր միակ պատասխանը պիտի տրուի 2013-ին քուէատուփերուն պարզելիք պատկերով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն զէնք ունենալու սկզբունքը` աւելցնելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերն են, որոնք երկիրը կը պահպանեն միջհամայնքային եւ միջյարանուանական սադրանքներէ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ 7 մայիսին Պէյրութի փողոցներուն մէջ տեղի ունեցած միջադէպերը երկու ուժերու միջեւ բախումներ էին, իսկ Մուսթաքպալ հոսանքը այդ բախումներուն կը մասնակցէր 3 հազար զինեալներով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն արձանագրելիք յաղթանակին պարագային այդ ուժերը առանձին կառավարութիւն մը պէտք է կազմեն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ ներկայիս տիրող իրավիճակը պիտի շարունակուի եւ ոչ ոք պիտի հրաժարի կառավարութենէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի պահանջեց թափանցիկ խորհրդարանի եւ ոչ թէ զէնքի ուժով ծնունդ առած խորհրդարանի մը կազմութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը մերժեն յետաձգել երեսփոխանական ընտրութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ կառավարութեան դիմագրաւած ելեւմտական թղթածրարի հարցը համազօր է լիբանանեան պետութեան սնանկութեան յայտարարութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կեցուածքը` ելեւմտական թղթածրարին նկատմամբ, սահմանադրական է եւ օրինական:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ապտալլա Ֆարհաթ նշեց, որ լիբանանեան պետութիւն մը հիմնելու համար պէտք է իւրաքանչիւր լիբանանցի դուրս գայ իր ղեկավարը պաշտելու բարդոյթէն:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ մէկ կապ արաբական հացին սակը փոփոխութեան ենթակայ չի կրնար ըլլալ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ օդաչափ մըն է եւ մաս կը կազմէ քաղաքական այն դաշինքին, որ կը պատրաստուի Դիմադրութիւնը հարուածելու:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարութեան համաձայն, մէկ կապ արաբական հացին սակը պիտի մնայ 1500 լ. ոսկի, իսկ կշիռքը` 900 կրամ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Աքքարի մէջ հետապնդեց առեւանգումներ կատարող աւազակախումբ մը, որուն հետ բախումի պահուն սպաննեց անոր անդամներէն մէկը եւ կրցաւ փրկել առեւանգուած քաղաքացի մը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Շատի Սաատ կոչ ուղղեց Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն չափ ու սահման դնելու բոլոր այն լիբանանցիներուն, որոնք կը պարծենան Սուրիական ազատ բանակին զէնք հասցնելու առաքելութեամբ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ կարելի է երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ ժամանցի իր քաղաքականութեան եւ անցնի 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը պատրաստելու աշխատանքին:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա յայտնեց, որ կարելի չէ արտօնել, որ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սահմանային պատի մը կառուցումը պատճառ դառնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ տարակարծութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES