Թրիփոլիի Մէջ Բախումները Հետզհետէ Կը Սաստկանան` Խլելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ
Շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ արձանագրուեցան բուռն բախումներ, որոնք պատճառեցին 4 զոհեր եւ վիրաւորեցին 23 ուրիշներ:
Զինեալ այս դէպքերը սկսան, երբ ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ սալաֆական մը` Շատի Մաուլաուին խաբէութեամբ մը հրաւիրուեցաւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի Թրիփոլիի գրասենեակը եւ ձերբակալուեցաւ:
Սաֆատի խստիւ դատապարտեց ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած այս անպատշաճ միջոցը եւ պահանջեց անմիջապէս ազատ արձակել Մաուլաուին:
Այս դէպքին իբրեւ հետեւանք ծայրայեղ իսլամականներ Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ կազմակերպեցին ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք հրկիզուող անիւներով փակեցին նաեւ Թրիփոլի առաջնորդող բոլոր ճամբաները եւ պահանջեցին ազատ արձակել Շատի Մաուլաուին եւ սպառնացին մագլցողական քայլերու դիմել:
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը չհերքեցին այն միջոցը, որուն հիման վրայ կրցան ձերբակալել Մաուլաուին, սակայն աւելցուցին, որ զինք ձերբակալած են, որովհետեւ ան կը գործակցի ահաբեկչական բջիջի մը հետ:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տրուեցաւ, որ ընդհանուր ապահովութեան ուժերը Թրիփոլիի մէջ կրցած են ձերբակալել Մաուլաուին եւ զայն տարած հարցաքննութեան` ահաբեկչական կազմակերպութեան մը հետ գործակցելու յանցանքով:
Շաբաթ երեկոյեան Թրիփոլին վերածուեցաւ ամայացած եւ անդամալուծուած շրջանի մը. արձանագրուեցան զինեալ բախումներ իսլամականներու եւ լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ:
Գնդացիրներով եւ նռնականետերով բախումներուն կողքին, Թրիփոլիի մէջ արձանագրուեցաւ նաեւ արձակազինութիւն, որ պատճառեց երեք զոհեր, որոնցմէ մէկը բանակի զինուոր մը` Ֆայսալ Ապտալլա Հիւսէյն, որ նահատակուեցաւ Մալլուլէի մէջ: Բանակի հրամանատարութիւնը գուժեց անոր մահը:
Լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ զինուորական հաստատութիւնը հզօր եւ վճռակամ հարուած մը պիտի հասցնէ բոլոր անոնց, որոնք Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը կը խախտեն:
Երէկ բանակը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն հիման վրայ ան որոշեց մուտք գործել Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն` այդ շրջանները մաքրելու համար զինեալ երեւոյթներէ եւ օրինազանցութենէ:
Այս որոշումէն անմիջապէս ետք երկու բանակայիններ վիրաւորուեցան եւ բախումներ սկսան բանակին եւ զինեալներուն միջեւ:
Յետմիջօրէին Պապ Թըպպանէի փողոցներէն մէկուն մէջ զինեալ բախումները սաստկացան զինեալներու եւ լիբանանեան բանակին միջեւ:
Բանակի մասնայատուկ ուժեր մուտք գործեցին եւ իրենց հակակշիռին տակ առին Թրիփոլիի Սուրիա փողոցը, ուրկէ զինեալները արդէն իսկ հեռացած էին:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ապտել Համիտ Քարամէի հրապարակին վրայ լսուեցան կրակոցներ, որոնք պատճառեցին 5 վիրաւորներ:
Մինչեւ ուշ երեկոյեան Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ կրակոցներն ու նռնականետեր ու ձեռնառումբեր նետելու արարքները շարունակուեցան:
Նախագահական Պալատին Մէջ
Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ նախանցեալ երեկոյեան եւ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին հետեւեցաւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ, ապա գումարուեցաւ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Քարաա, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Էտմոն Ֆատել եւ բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ ու զինուորականներ:
Նիստէն ետք նշուեցաւ, որ խորհուրդը քննարկած է երկրին ապահովական կացութիւնը, յատկապէս Թրիփոլիի իրադարձութիւնները:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը դրուատեց ապահովական կառոյցներուն ջանքերը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու, ահաբեկչական կազմակերպութիւններու արարքներուն վերջ տալու, առեւանգումներ կատարող կողմերը սանձելու եւ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ զէնքի մաքսանենգումը զսպելու առումով:
Խորհուրդը հաստատեց, որ ինք յանձնառու է երկրին քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին եւ այդ նպատակով ալ որոշ ցուցմունքներ տուած է զինուորական եւ ապահովական կառոյցներուն:
Խորհուրդը նաեւ ընդգծեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կարիքները հոգալու անհրաժեշտութիւնը:
Արտակարգ Նիստ` Վարչապետ
Միքաթիի Բնակարանին Մէջ
Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ուղղուեցաւ Թրիփոլի, ուր իր բնակարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաար, իսլամական խմբաւորումներու, քաղաքական ուժերու եւ ապահովական ուժերու ներկայացուցիչներ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի մէջ արձանագրուող զինեալ բախումներուն դրդապատճառները եւ գոյութիւն ունեցող հարցերը լուծելու հեռանկարները:
Նիստէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Թրիփոլիի բոլոր հեղինակութիւններուն հետ խորհրդակցելէ ետք, ինք որոշած է Թրիփոլիի մէջ ապօրինաբար գործող բոլոր յանցագործները զերծ պահել քաղաքական հովանաւորութենէ: Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը կարմիր գիծ է:
Միւֆթի Շաար յայտնեց, որ Թրիփոլիի ճամբաները փակող իսլամական ուժերուն հետ համաձայնած են վերջ տալու այդ նստացոյցին` աւելցնելով, որ անկարելի է ընդունիլ նախարար Սաֆատիի գրասենեակին մէջ Մաուլաուին ձերբակալելու ոճը:
Քապպարա Կոչ Կ՛Ուղղէ Բանակին Մաքրագործելու
Պապ Թըպպանէն Եւ Ժապալ Մըհսենը
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ արտակարգ նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ Մույին Մերեհպի եւ Խալետ Տահեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու գնդ. Ամեր Հասան, իսլամական շարժումներու ներկայացուցիչներ եւ այլ պատասխանատուներ:
Նիստէն ետք Քապպարա յայտնեց, որ իրենք բանակէն խնդրած են մուտք գործել Պապ Թըպպանէի, Ժապալ Մըհսենի եւ Ըպպէի շրջանները ` սանձելու համար ապահովութիւնը խախտող տարրերը:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ցաւ յայտնեց Թրիփոլիի մէջ ինկած զոհերուն համար եւ մտահոգութեամբ զգուշացուց այդ միջադէպը սադրանքի վերածելու քայլերէն: Ան աւելցուց, որ Թրիփոլիի մէջ նման գրգռութիւններ հրահրելու պարագային բոլոր լիբանանցիները եւ ամբողջ երկիրը պիտի տուժեն:
Քարամէ Բանակէն Կը Խնդրէ Երկաթեայ
Բազուկով Հարուածել Օրինազանցները
Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան Թրիփոլիի ազգային միասնականութեան եւ միջյարանուանական գրգռութիւններուն նուազեցման:
«Լիբանանեան բանակին հայրենասիրութեան նկատմամբ կոյր վստահութիւն ունինք եւ անկէ կը խնդրենք, որ երկաթեայ բազուկով հարուածէ Թրիփոլիի ապահովութեան սպառնացող իւրաքանչիւր յանցագործ: Իսկ կառավարութենէն կը խնդրենք գործել եւ անհրաժեշտ որոշումները տալ` հաստատելու համար ապահովական կայունութիւնը, որովհետեւ նման պարագաներ վճռակամ որոշումներու կարիք ունին եւ ոչ թէ չէզոք կեցուածքի», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Հարիրի Կը Շեշտէ Թրիփոլիի Ապահովական
Կայունութիւնը Վերականգնելու Անհրաժեշտութիւնը
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի «Թուիթըր» կայքէջին ընդմէջէն կոչ ուղղեց Թրիփոլիի բնակչութեան հանդարտ ու խաղաղ մնալու:
Ան հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած միջադէպերը մերժելի են, եւ լիբանանեան իշխանութիւնները պատասխանատու են վերջ տալու այդ կացութեան, որուն հիմնական պատճառն էր Շատի Մաուլաուիի ձերբակալումը:
Հարիրի նկատել տուաւ, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Թրիփոլին ներկայացնելու իբրեւ օրինազանց քաղաք, մինչդեռ երկրին ապահովական կառոյցներէն մէկն է, որ կը գտնուի ապօրինի արարքի մէջ:
«Լիբանանեան բանակը պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը` պաշտպանելու համար քաղաքն ու քաղաքացիները», ըսաւ Հարիրի:
Ժոմպլաթ Կը Շեշտէ Բանակը Թրիփոլիի
Միջադէպէն Զանց Կացուցելու Անհրաժեշտութիւնը
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, զօր. Ժան Քահուաժիի, զօր. Ապպաս Իպրահիմի եւ զօր. Էտմոն Ֆատելի, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հետ` ընդգծելով Շատի Մաուլաուին ազատ արձակելու եւ հարցը քաղաքական կերպով լուծելու կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է Թրիփոլիի միջադէպերէն զանց կացուցել եւ պահպանել լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու անոր առաքելութիւնը:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցները պէտք է իրենց աշխատանքը համադրեն եւ համագործակցութեամբ լուծեն երկրին սպառնացող ապահովական հարցերը:
Ժոմպլաթ դիտել տուաւ նաեւ, որ պէտք է զգուշ ըլլալ եւ չիյնալ սուրիական վարչակազմին լարած այն թակարդին մէջ, որ կը միտի սուրիական ներքին ճակատէն ուշադրութիւնը փոխադրել դէպի այլ ճակատներ:
Թրիփոլիի Դէպքերուն Գծով
Հակազդեցութեանց Ալիք Կը Բարձրանայ
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական յարաբերութեանց պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընդմէջէն նկատել տուաւ, որ իրենք բացարձակապէս կապ չունին երէկուան բախումներուն հետ` աւելցնելով, որ իրենք ոչ մէկ փամփուշտի կամ հրթիռի պատասխանած են: Ան աւելցուց, որ պայքարը իրենց միջեւ չէ, այլ բանակին հետ:
Իտ նշեց, որ Թրիփոլիի մէջ այսօր արձանագրուող միջադէպերը կանխամտածուած են` նկատել տալով միաժամանակ, որ այդ ծրագիրը որոշուած է Մուսթաքպալ հոսանքին եւ սալաֆականներուն կողմէ` Աքքարի «Ույուն Սամաք» ճաշարանին մէջ:
Իր կարգին, Մուսթաքպալի պատասխանատու խորհուրդի անդամ, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Թրիփոլիի իրադարձութիւնները մաս կը կազմեն շրջանին մէջ արձանագրուող ընդհանուր զարգացումներուն:
«Թրիփոլիի միջադէպը տեղական մակարդակի վրայ արձանագրուած հարց մը չէ, այլ` ուղղակիօրէն կապուած է շրջանային իրադարձութիւններուն», ըսաւ Ալլուշ:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր խստիւ դատապարտեց Մաուլաուիի ձերբակալման ձեւը` աւելցնելով, որ այդ արարքը մեզի կը մղէ հաւատալու, որ Թրիփոլին լիբանանեան բանակին դէմ բախումի մէջ զետեղելու ծրագիրներ կան:
Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան զգուշացուց Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած միջադէպերէն` հաւանական նկատելով, որ այդ դէպքերը իրենց հետեւանքները ունենան ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Իր կարգին, Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ կան որոշ կառոյցներ, որոնք կը հրահանգեն Թրիփոլիի մէջ կրակ բանալու ուղղութեամբ` արգիլելու համար սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ Թրիփոլիի զօրակցութիւնը:
Մարտ 14-Ի Քաղաքական Ուժերու
Պատուիրակութիւն Մը Կ՛այցելէ Արսալ
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ գտնուող Արսալ գիւղաքաղաքը, որուն քաղաքապետը` Ալի Հուժէյրի յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Սուրիոյ յեղափոխութեան, եւ կոչ ուղղեց Արսալի բնակչութեան զէնք կրելու:
Մարտ 14-ի անունով խօսք առաւ նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ, որ յայտնեց, թէ Արսալը, Արիտան եւ Քահը սուրիական բանակին թիրախ շրջաններ են:
Սուէյտ յայտնեց, որ Արսալի հարցը ամբողջ Լիբանանի հարցն է:





