«Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Խաղաղ Լուծումը Միջազգային Ընտանիքի Ռազմավարական Շահերէն Կը Բխի» Կ՛ըսէ Իտալիոյ Նախագահը
Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանօ «Տը Պիզնես Եիր» ամսագիրին հետ Ազրպէյճանի վերաբերեալ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը միջազգային ընտանիքի ռազմավարական շահերէն կը բխի, որովհետեւ շրջանին նոր կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ:
«Տագնապին լուծումը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան` ստեղծելով տնտեսական նոր կարելիութիւններ եւ երիտասարդ սերունդին լաւագոյն ապագայ երաշխաւորելով», ըսած է Նափոլիթանօ:
Ան հաստատած է ղարաբաղեան տագնապի սթաթիւս քոյի պահպանման անընդունելիութիւնը եւ ողջունած է հակամարտող կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւնը` դիւանագիտական ճամբով գտնել խնդիրի խաղաղ լուծման ուղիներ: Իտալիոյ նախագահը կողմերուն կոչ ուղղած է շարունակելու հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութեան հասնելու ջանքերը:
Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանօ նաեւ ընդգծած է, որ կը հաւատայ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման գործին մէջ Եւրոպական Միութեան դերի արդիւնաւէտութեան:


