50 Տարի Առաջ ( 15 մայիս 1962 )
Ազգային Բուժարանի
Շնորհաւորական Գիրը
Օգնութեան Խաչին
1962, ապրիլ 21
Սիրելի տիկիններ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի,
Կը փափաքիմ օգտուիլ այս առիթէն, յայտնելու համար ձեզի, մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները, Ազգային բուժարանի խնամակալութեան, պաշտօնէութեան եւ հիւանդներուն կողմէ, այն գեղեցիկ վերաբերումին համար, որ ձեր միութիւնը Աւագ Ուրբաթ օր ցոյց տուաւ մեզի: Այս տարի, ինչպէս նախորդ տարիներ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի տիկինները, այնքան անձնուիրաբար զոհաբերած են իրենց ժամանակն ու աշխատանքը Բուժարանի մեր հիւանդներուն համար:
Բուժարանի վարչութիւնը կը յուսայ, որ դուք կրկին պիտի պատուէք մեզ ձեր ներկայութեամբ, երբ Ձեր բազմաթիւ զբաղումներուն մէջ կարողանաք ժամանակ գտնել: Մեր հիւանդները շատ կ՛ուրախանան այսպիսի այցելութիւններէ, որովհետեւ անոնցմէ շատեր զրկուած են ընտանեկան եւ բարեկամական հանդիպումներէ եւ բուժարանի կեանքը շատ միօրինակ եւ առանձնակեաց կը թուի, իրենց երկար տարիներու դարմանումի ընթացքին:
Վստա՛հ եղէք, որ միշտ սիրով պիտի ընդունուիք Բուժարանի վարչութեան կողմէ, եւ մենք մեր լաւագոնյը պիտի ընենք, զգացնելու համար Ձեզի, որ դուք եւս մաս կը կազմէք մեր այս հպարտութեան արժանի հաստատութեան:
ՁԵՐԴ ԱՆԿԵՂԾՕՐԷՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ ՎԱՐԻՉ
Ս. ԿԱՍԹՈՎԻՉ
Մեսրոպ Մաշտոցի Նուիրուած
Փառատօն Գահիրէի Մէջ
«Յուսաբեր»-ի մէջ կը կարդանք.-
Կիրակի, 6 մայիս 1962, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, «Յուսաբեր»-ի թատերա- սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակին նուիրւած փառատօնը:
Հանդէսը կազմակերպած էր Երիտասարդաց Միութեան «Սօսէ» ընկերուհիներու խումբը, որ աւանդութիւն դարձուցած է նման հանդէսներ կազմակերպելու հայ մեծ դէմքերու յիշատակին պանծացման նուիրուած:
Հանդէսը բացուեցաւ նախագահ Մեսրոպ քահանայ Ամրիկեանի բացման խօսքով: Ապա Զապէլ Նալպանտեան կազմակերպիչներուն կողմէ բացման կարճ ուղերձ մը կարդաց:
Օրուան բանախօսն էր Սարգիս Զէյթլեան, որ անդրադարձաւ Մաշտոցի կեանքին եւ անոր գործի բարերար հետեւանքներուն հայ ժողովուրդի կեանքին վրայ:
Ներկայացուեցաւ կենդանի պատկեր մը, որ կը խորհրդանշէր Մեսրոպ Մաշտոցը:
ՀՄԸՄ Պէյրութի Բ. Խումբի (Էշրեֆիէ)
Սկաուտական Խորոյկահանդէսը
ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կեանքը վերջին տարիներուն նոր կեանք ու եռանդ ստացած է գրեթէ բոլոր խումբերուն մէջ: Անցած կիրակի` երեկոյեան ժամը 8:00-ին ականատես եղանք Էշրեֆիէի խումբի գործնական մէկ աշխատանքին: Ոչ մէկ ջանք խնայուած էր խումբին աստիճանաւորներուն կողմէ` լաւագոյնս ներկա-յացնելու համար սկաուտական կեանքը խարոյկահանդէսով մը:
Ծնողներու եւ սկաուտներու Էշրեֆիէի սենեակի շինութեան բարերար եղբայր Պիմէն Խնտամեանի ներկայութեամբ խարոյկահանդէսին յայտագիրը գործա- դրութեան դրուեցաւ լիբանանեան եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով:
Բացումը կատարեց Յակոբ Ոսկերիչեան, խրախուսելով սկաուտները, որ միշտ նախաձեռնողը եւ դրօշակիրը ըլլան «Բարձրացիր-բարձրացուր» ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին իրագործման եւ տարածման:
«Խարոյկահանդէսի հրաւէր» երգով սկաուտները մուտք գործեցին եւ բոլոր- ւեցան ճարճատող խարոյկին շուրջ, խորհրդաւոր պատկեր մը դրոշմելով ներկաներու հոգիներուն մէջ: Յաջորդաբար ներկայացուեցան սկաուտական կեանքը ներկայացնող խաղեր,- կենդանի պատկեր, թմպըլիկ բուրգ, պարեր եւ այլն: Տպաւորիչ էր մանաւանդ խափշիկներու պարը: Գայլիկներն ալ ունէին իրենց բաժինը:
Յայտագրին մաս կը կազմէր նաեւ երդման արարողութիւնը: Խումբին սկաուտները կատարեցին երդումը` խոստանալով ըլլալ հաւատարիմ Աստուծոյ եւ հայրենիքին, օգնել ուրիշին եւ հնազանդիլ սկաուտին դաւանանքին, թաղիս Գէորգ քահանայ հօր եւ ծնողներու ներկայութեան:
Տէր հայրը խրատական եւ հայրական մաղթանքներ ուղղելէ ետք սկաուտներուն, օրհնեց պահպանիչով մը: Ապա բաժանման երգը երգուեցաւ հին եւ նոր սկաուտներու մասնակցութեամբ: Ներկաները մեկնեցան անխառն ուրախութեամբ, յոյսով ու հաւատքով զօրացած ապագայ սերունդին նկատմամբ:

