Բժշկագիտական. Ուղեղի Մթագնումէ Տառապող Մարդոց Կեանքը Դիւրացնող Նոր Միջոցներջ

Ծանօթ է արդէն, որ ուղեղի մթագնումէ տառապող մարդիկ մեծ դժուարութիւն կ՛ունենան եւ կամ գրեթէ անկարող կ՛ըլլան իրենց անմիջական պէտքերը հոգալու: Նշեալ մարդոց կեանքը կարելի եղած չափով դիւրացնելը միշտ ալ եղած է մասնագէտներու ուշադրութեան առարկան:

Այսուհանդերձ, մասնագէտներ տարբեր ուսումնասիրութիւններէ ձեռք ձգուած տուեալներէն կատարած են որոշ եզրակացութիւններ եւ ըստ այնմ զարգացուցած են ուղեղի մթագնումէ տառապող մարդոց օգտակար դարձող քանի մը նոր միջոցներ:

Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, Բրիտանիոյ մէջ ուղեղի մթագնումէ կը տառապին մօտաւորապէս ութ հարիւր հազար հոգի, ինչպէս նաեւ միլիոնաւոր այլ մարդիկ` աշխարհի տարածքին տարբեր երկիրներու մէջ:

Նշեալ մարդոց ուղեղին բջիջներուն դանդաղօրէն փճանալը կ՛ազդէ անոնց յիշելու, խօսելու ու հասկնալու գործընթացներուն վրայ: Յաճախ ժամեր կ՛անցնին եւ անոնք կը մոռնան, որ պէտք է ուտելիք սպառեն: Նման երեւոյթ մը մղած է մասնագէտները պատրաստելու այնպիսի՛ սարք մը, որ տարբեր ճաշերու հոտերը տարածած է օդին մէջ: Այսուհանդերձ, երբ նշեալ սարքը տեղադրուած է ուղեղի մթագնումէ տառապող մարդոց մօտ, ապա անկէ յառաջացած տարբեր հոտերը գրգռած են անոնց ախորժակը եւ, այդպիսով, մղած են, որպէսզի անոնք ուտելիք սպառեն:

Նշեալ սարքը պատրաստող մասնագէտներէն` Լիզի Օլսթրոմ ըսած է, թէ ախորժակին ուշագրաւ մէկ մասը կախեալ է հոտառութենէն. հետեւաբար նման սարքի մը պատրաստութիւնը կը միտի վերաշխուժացնել ախորժակը: Անշուշտ այդ սարքը օգտակար կը դառնայ ուղեղի մթագնումէ տառապող ա՛յն մարդոց, որոնց ուղեղին հոտառութեան բաժինը չէ վնասուած:

Մասնագէտները նշեալ սարքին մէջ գործածած են խմորի վրայ տեղադրուած եւ քաղցրաւենիով ծածկուած փուռի մէջ եփած պտուղներու, ինչպէս նաեւ` կիտրոնազգի պտուղներու ու տարբեր համեմներու հոտերը, սակայն, անոնք հետամուտ են սարքին մէջ աւելցնելու նաեւ այլ տեսակի ուտելիքներու հոտեր:

Ցարդ նշեալ սարքը փորձարկուած է ուղեղի մթագնումէ տառապող տուներու մէջ ապրող մարդոց վրայ եւ բաւական խոստմնալից արդիւնքեր ձեռք ձգուած են անկէ: Սակայն, տակաւին անհրաժեշտ է կատարել յաւելեալ փորձարկումներ` վաւերացնելու համար անոր ունեցած օգտակարութիւնը:

Լաւագոյն Բարեկամը»…

Մասնագէտները ուղեղի մթագնումէ տառապող մարդոց ունեցած դժուարութիւններուն լուծումներ գտնելու նպատակով ուսումնասիրութիւններ կատարած ատեն յայտնած են, թէ շուները կրնան մեծ օգտակարութիւն ունենալ անոնց:

Մասնագէտները բացատրած են, թէ երբ ուղեղի մթագնում կը յառաջանայ, ապա մարդոց կիրարկած առօրեայ սովորութիւնները հետզհետէ կ՛անհետանան: Այսուհանդերձ, նկատի ունենալով, որ շուները սովորութիւններու լաւապէս հետեւող անասուններ են, ապա զիրենք այդ անհետացող սովորութիւններուն վարժեցնելը կրնայ նպաստել, որպէսզի կարելի եղած չափով պահպանուի նշեալ մարդոց բնականոն առօրեան:

Այսպէս, օրինակ, շուները կրնան անոնց դեղահատերն ու ջուրը բերել ճիշդ ժամանակին, ինչպէս նաեւ` արթնցնել եւ դէպի արտաքնոց ուղղել զանոնք:

Մասնագէտները անհրաժեշտ գտած են, որ շուները նման սովորութիւններու վարժուին` ուղեղի մթագնում ունեցող մարդոց ու զիրենք խնամողներուն հետ ապրելով, ինչպէս նաեւ` նախքան ուղեղի մթագման յառաջացուցած ախտանշաններուն յաւելեալ զարգանալը, որպէսզի երբ նշեալ մարդիկը չկարենան կիրարկել այդ սովորութիւնները, ապա շուները ճիշդ ատենին կիրարկել տան զանոնք:

Շուներուն վրայ փորձարկումներ կատարող մասնագէտներէն` Ճենի Լենոքս ըսած է, թէ ուղեղի մթագնում ունեցող մարդիկը հետզհետէ կը մեկուսանան ընկերութենէն եւ ատիկա ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ անոնց վրայ եւ յաւելեալ կը բարդացէ անոնց վիճակը: Այսուհանդերձ, շուներուն ներկայութիւնը որոշ չափով կը մեղմացնէ այդ վիճակը եւ առիթ չի տար անոնց` ամբողջութեամբ առանձին եւ կամ լքուած զգալու:

Շտապ Օգնութեան Բաժանմունքին Հետ
Կապի Մէջ Մտնող Սարքը…

Մասնագէտներու այլ խմբակ մը ուղեղի մթագնումէ տառապող մարդոց կեանքը կարելի եղած չափով դիւրացնելու նպատակով եղած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ կը պատրաստէ դաստակին վրայ տեղադրուող փոքր ու գերզգայուն համակարգիչի բարդ սարք մը, որ շատ փոքր տեսախցիկ մը կը պարունակէ: Երբ ուղեղի մթագնում ունեցող մէկը որեւէ պատճառով կ՛իյնայ, ապա նշեալ սարքը կը նկատէ անոր իյնալը եւ անմիջապէս տեղեակ կը պահէ շտապ օգնութեան բաժանմունքը` իր մէջ նախապէս ձայնագրուած ինկողին տան հասցէն փոխանցելով տուեալ բաժանմունքին:

Մասնագէտները նման սարքի մը գործածութիւնը անհրաժեշտ նկատած են  ուղեղի մթագնումէ տառապող մարդոց համար` նկատի ունենալով, որ անոնք առանձին կամ անուշադիր քալած ատեն յանկարծ կրնան սահիլ ու իյնալ կամ գլխու պտոյտ ունենալ, կամ ուշքը կորսնցնել ու իյնալ:

Յաճախ կը պատահի, որ անոնց հոգատարութեամբ զբաղողները անմիջապէս չեն նկատեր անոնց իյնայլը, հետեւաբար, որոշ ժամանակէ մը ետք միայն տեղեակ կը պահեն շտապ օգնութեան բաժանմունքը, ինչ որ շատ աւելի կը բարդացնէ անոնց առողջական վիճակը:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ վերջին քսան տարուան ընթացքին ուղեղի մթագնում ունեցող մարդոց թիւը եռապատկուած է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ միլիոնաւոր մարդիկ կարիքը ունին իրենց տարբեր պահանջներուն համընկնող նոր տեսակի արտադրութիւններու ու ծառայութիւններու:

Ուղեղի մթագնումէ տառապող մարդոց վիճակով զբաղող մասնագէտներէն` փրոֆ. Ալիսթէյր Պըրնզ ըսած է, թէ վերոնշեալ երեք նոր միջոցները անկասած դրական մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենան նշեալ մարդոց կեանքի որակին, ինչպէս նաեւ` անոնց տրուած խնամքին բարելաւման վրայ:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւր՝ Պի. Պի. Սի.)

Share this Article
CATEGORIES