Բժշկագիտական. Տարրալուծարանին Մէջ Պտղաճանճերուն Փոփոխութեան Ենթարկուած Ծինային Կերտուածքներուն Վրայ Կատարուած Ուսումնասիրութիւնները Կրնան Նպաստել Մարդոց Մօտ Յառաջացած Տարբեր Հիւանդութիւններու Դարմանումի Գործընթացին

Վերջերս ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներ մարդոց մօտ յառաջացած տարբեր հիւանդութիւններու ուսումնասիրութեան համար տարրալուծարանին մէջ իրենց կատարած փորձարկումներուն մէջ գործածած են պտղաճանճեր` նկատի ունենալով, որ այս վերջինները մարդոց հետ կը բաժնեկցին տարբեր հիւանդութիւններ յառաջացնող ծիներուն եօթանասուն առ հարիւր համեմատութիւնը:

Թէեւ մուկերուն ու մարդկային ծինային կերտուածքներուն միջեւ գոյութիւն ունին  շատ աւելի մեծ տարողութեամբ նմանութիւններ, սակայն տարրալուծարանին մէջ պտղաճանճերուն ծինային կերտուածքները փոփոխութեան ենթարկելն ու անոնց վրայ փորձարկումներ կատարելը շատ աւելի ձեռնտու եղած է մասնագէտներուն համար, քան` մուկերուն ծինային կերտուածքներուն վրայ փորձարկումներ կատարելը: Նաեւ պտղաճանճերուն արագօրէն բազմանալու երեւոյթը նպաստած է, որպէսզի մասնագէտները կարենան մեծ թիւով պտղաճանճեր օգտագործել իրենց փորձարկումներուն մէջ:

Այսուհանդերձ, մասնագէտները պտղաճանճերուն մարմնին մէջ փոփոխութեան ենթարկած են այնպիսի՛ ծինային կերտուածքներ, որոնք պատճառ դարձած են կարգ մը հիւանդութիւններու յառաջացման: Այսպէս, օրինակ, կարգ մը պտղաճանճերու երիկամներուն մէջ քարեր կազմուած են, իսկ ոմանց մօտ ալ շաքարախտ յառաջացած է:

Թէեւ պտղաճանճերուն երիկամները շատ աւելի պարզ կերտուածք ունին  մարդկային երիկամներէն, միւս կողմը, սակայն, մարդկային երիկամներուն նման անոնք եւս կը կատարեն արեան մէջ շրջագայող անգործածելի նիւթերը զտելու աշխատանքը:

Ծանօթ է արդէն, որ մարդկային մարմնին երիկամներուն քարերը կը կազմուին կրածինի թթռնչատ (Քալսիոմ օքզալէյթ) նիւթէն: Այսուհանդերձ, երբ մասնագէտները մեծ տարողութեամբ թթռնչատ պարունակող ուտելիքներ կերցնել տուած են պտղաճանճերուն, այս վերջիններուն երիկամներուն մէջ եւս քարեր կազմուած են:

Քարի Կազմութեան Գործընթացի
Ամբողջական Նկարահանում

Մասնագէտները շատ մանր տեսախցիկներու միջոցով նկարահանած են պտղաճանճերուն երիկամներուն մէջ քարերու կազմութեան ամբողջ գործընթացը եւ զանոնք վիտէօ երիզի վրայ արձանագրած են:

Թէեւ նման գործընթաց մը յաճախ անտանելի ցաւեր կը յառաջացնէ մարդոց մօտ, սակայն, հետաքրքրականօրէն, անիկա որեւէ ցաւ  չէ պատճառած պղտաճանճերուն:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող մասնագէտ փրոֆ. Ժուլիան Նէօ ըսած է, թէ պտղաճանճերուն երիկամներուն մէջ քարերու կազմութեան գործընթացին մանրամասնօրէն հետեւիլը կրնայ նպաստել պատրաստութեան այնպիսի՛ դեղահատերու, որոնք կը կասեցնեն մարդկային երիկամներուն մէջ քարերու կազմութեան գործընթացը:

«Մայօ Քլինքի»-ի մասնագէտներէն` տոքթ. Մայքըլ Ռոմերօ յայտնած է, թէ կարելի եղած է գտնել թթռնչատի փոխադրութիւնը աշխուժացնող ծինը: Այսուհանդերձ, երբ կասեցուած է նշեալ ծինին աշխատանքը, ապա կարելի եղած է դանդաղեցնել պտղաճանճերուն երիկամներուն մէջ քարերու կազմութեան գործընթացը: Տոքթ. Ռոմերոն ըսած է, թէ նշեալ ծիրին մէջ յաւելեալ փորձարկումներ կատարելը կրնայ նպաստել մարդկային երիկամներուն մէջ կազմուած քարերուն ամբողջութեամբ անհետացման:

Կեանքի Տեւողութեան Առնչուած Ծիները

Նշեալ փորձարկումներուն մէջ տոքթ. Ռոմերոն նպաստաւոր գտած է պտղաճանճերուն օգտագործումը` նկատի ունենալով, որ անոնց մարմնին մէջ տեղի կ՛ունենան այնպիսի՛ գործընթացներ, որոնք գրեթէ նոյնութեամբ սակայն շատ աւելի դանդաղօրէն կը կատարուին մարդկային մարմնին մէջ: Պտղաճանճերուն ունեցած նշեալ յատկութիւնը կը նպաստէ, որպէսզի կարելի ըլլայ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ յստակ արդիւնքներ ձեռք ձգել փորձարկումներէն:

Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ մասնագէտները ճշդած են այն գլխաւոր ծիները, որոնք առնչուած են պտղաճանճերուն կեանքին տեւողութեան: Նշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ փրոֆ. Ճոն Թաուըր յայտնած է, թէ պտղաճանճերուն ու մարդկային կեանքին տեւողութիւնը կանոնաւորող ծիներուն միջեւ զուգահեռներ գոյութիւն ունին:

Այսուհանդերձ, մասնագէտները կը նախատեսեն, թէ ծերանալու գործընթացին ծինային հիմք ունեցող պատճառը միեւնոյնը ըլլալու է պտղճանճերուն ու մարդոց մօտ` նկատի ունենալով, որ հիւսկէններուն հետզհետէ վնասուելու ու փճանալու գործընթացները միեւնոյն ձեւով տեղի կ՛ունենան երկուքին մօտ:

Անշուշտ պտղաճանճները մարդոց չափ երկարակեաց չեն, այլ պարզապէս անոնց ծերանալու գործընթացն է, որ կը համընկնի մարդկային մարմնին ծերանալու գործընթացին:

Բրիտանացի մասնագէտ տոքթ. Թիմոթի Ուէյլ մեծ առաւելութիւն նկատած է պտղաճանճերուն ծիներուն ու ծինային կերտուածքներուն դիւրութեամբ օգտագործումը` նկատի ունենալով, որ նշեալ երեւոյթը նպաստած է, որպէսզի ուսումնասիրութեան ընթացքին մասնագէտները կարենան մեծ ճկունութեամբ հակակշիռի տակ պահել ծիներուն մէջ յառաջացած փոփոխութիւնները:

Տոքթ. ՈՒէյլ ըսած է նաեւ, թէ պտղաճանճերուն ծիներուն ընձեռած այդ դիւրութիւնը կարելիութիւն կու տայ մասնագէտներուն յայտնաբերելու, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ տուեալ հիւանդութիւն մը առնչուած ծինին եւ կամ ծիներուն մէջ, երբ փոփոխութեան ենթարկուին այս վերջինները:

Շաքարախտի Ախտանշաններ`
Պտղաճանճերուն
Մօտ

Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ, երբ մասնագէտները մեծ տարողութեամբ շաքար պարունակող ուտելիքներ կերցուցած են պտղաճանճերուն, այս վերջիններուն մօտ յառաջացած են երկրորդ տեսակի շաքարախտի ախտանշանները. իսկ երբ մեծ տարողութեամբ ճարպ պարունակող ուտելիքներ տրուած են անոնց, ապա ատեն մը ետք ուշագրաւ կերպով բարձրացած է անոնց մարմնին ճարպերուն տարողութիւնը:

Տոքթ. Ուէյլ բացատրած է, թէ տարրալուծարանին մէջ պտղաճանճերը կը գործածուին ուսումնասիրելու համար մարդկային մարմնին մէջ տեղի ունեցող թէ՛ բնականոն եւ թէ՛ անբնական փոխարկական աշխատանքներուն մասնիկային հիմքերը: Նման ուսումնասիրութիւններ կարելի կը դարձնեն փոխարկական այդ աշխատանքներուն մանրամասնութիւններուն յստակացումը. բան մը, որ կարելի չէ ձեռք ձգել մարդկային մարմնին վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն միջոցով:

Միւս կողմէ, սակայն, հսկայ տարբերութիւններ գոյութիւն ունին մարդոց ու պտղաճանճերուն կենսաբանութեան ու ապրելակերպին միջեւ, հետեւաբար, կարելի չէ միշտ պտղաճանճերուն վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն ձեռք ձգուած արդիւնքները կիրարկել նաեւ մարդոց վրայ:

Դէպի Անջրպետ…

Ամերիկեան անջրպետագնացութեան գործակալութեան` ՆԱՍԱ-ի մասնագէտներ պտղաճանճեր ղրկած են անջրպետ: Այսուհանդերձ, ՆԱՍԱ-ին ուսումնասիրական կեդրոնի մասնագէտներէն` տոքթ. Շարմիլա Պաթաշարիա ուշագրաւ կերպով նուազած գտած է անջրպետէն վերադարձած պտղաճանճերուն մարմնին բնական պաշտպանութեան համակարգին աշխուժութեան տարողութիւնը:

Ծանօթ է արդէն, որ մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգը կը պաշտպանէ մարմինը տարբեր տեսակի մանրէներու վնասակար ազդեցութենէն:

Մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգին աշխուժութեան մէջ որոշ նուազում յայտնուած է նաեւ անջրպետագնացներէն վերցուած արեան նմուշներուն վրայ նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններուն մէջ:

Այսուհանդերձ, մասնագէտները կրցած են ճշդել ա՛յն ծիները, որոնք ամէնէն աւելի ազդուած են անջրպետագնացութեան յառաջացուցած փոփոխութիւններէն եւ այնպէ՛ս մը պատրաստած են անջրպետագնացները, որպէսզի այս վերջինները կարենան անվնաս կերպով երկարատեւ ճամբորդութիւններ կատարել անջրպետին մէջ:

Պտղաճանճերուն մէկ այլ յատկութիւնը եղած է նաեւ այն, թէ անոնք արագօրէն կը բազմանան, եւ անոնց ածած հաւկիթները չափահաս պտղաճանճերու կը վերածուին նուազ քան երկու շաբթուան մէջ: Էգ պտղաճանճերը կրնան մինչեւ հարիւր հաւկիթ ածել մէկ օրուան մէջ, ինչ որ կը նպաստէ, որպէսզի մասնագէտները կարենան մեծ թիւով պտղաճանճեր օգտագործել իրենց փորձարկումներուն մէջ:

Տոքթ. Ուէյլին կարծիքով, նշեալ փորձարկումներէն ձեռք ձգուած արդիւնքները հետագային կը նպաստեն մարդոց մօտ յառաջացած տարբեր տեսակի հիւանդութիւններու դարմանումին:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աբղիւր՝ Պի. Պի. Սի.)

 

 

Share this Article
CATEGORIES