Սուրիոյ Հեգնական Բարեկամները
Ատիկա հեգնանք մըն էր, ինչպէս սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայան մը ըսաւ, որ «Սուրիոյ բարեկամներու» հաւաքը տեղի ունեցաւ ապրիլ 1-ի օրը: Անոնց նախորդ հանդիպումը, Թունուզի մէջ, նուազ քան լաւ էր եւ` շատ փխրուն, դիւրաբեկ: Պոլսոյ մէջ գարնանային սքանչելի օրը յոյսեր թարմացուց, բայց «Սուրիոյ բարեկամներ»-ը պէտք պիտի ունենան ամբողջ կիսագունդը շրջագայելու, որպէսզի ի վերջոյ կարենան Դամասկոսի մէջ հանդիպիլ:
Հաւաքին թուականը չէր միակ հեգնանքը: Սուրիոյ օտար բարեկամները յանձնառու եղան յաւելեալ գումարներ յատկացնելու Սուրիոյ սուրիացի բարեկամներուն, բայց Սուրիոյ սուրիացի բարեկամները, գոհ չմնալով դէպի ժողովրդավարութիւն իրենց երթին համար 30 միլիոն տոլարի պիւտճէէն, կը պահանջեն օրական առնուազ 1 միլիոն տոլար:
Սուրիոյ թուրք բարեկամները, որոնք կը պարծենան աշխարհի երկրորդ ամէնէն արագ աճող եւ 16-րդ մեծ տնտեսութիւնը ըլլալու համար, պէտք է կարենան ապահովել, յատկացնել այդ անարժէք, արհամարհելի գումարը (եւ ապագային յատկացնել աւելի): Բայց Ռուսիա եւ Չինաստանի աւելի փոքր տնտեսութիւններ չեն, եւ անոնց գանձ արկղները կանխիկ գումարներէ դատարկուած չեն:
Անշուշտ «Բարեկամներ»-ը ամբողջական ազատութիւնը ունին իրենք զիրենք անուանելու իրենց ընտրած որեւէ քմահաճ, շքեղ բարեկամական թուացող անունով: Բայց աւելի իրապաշտ վաճառանիշը կրնար ըլլալ` «Պաշշար Ասատի թշնամիները»:
Ընկերոջս կատուն պարզապէս մլաւեց եւ լքեց սենեակը, երբ ես ընկերոջս ըսի, որ յառաջացնեն բարեսիրական քոալիսիոն մը, որ խորապէս մտատանջուած է իր սուրիացի եղբայրներուն համար, եւ նախաձեռնեն աշխարհի հաւանական շրջագայութեան մը: Ինչպէս ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, յաջորդ ելոյթը ունեցան Փարիզի մէջ: Շիրազ պարսկական կատու մըն է, որ շատ հետաքրքրուած է միջինարեւելեան քաղաքականութեամբ:
Թերեւս ապրիլ 1-ի ամէնէն մեծ հեգնանքը թրքական վերաբերումն էր` հանդէպ խումբ մը սուրիացի ցուցարարներուն, որոնք Պոլսոյ հանդիպումին դէմ հաւաք կայացուցին: Ասատի կողմնակից ցուցարարները ետ մղուեցան, անոնց վրայ պղպեղի կազ արձակեցին ոստիկանները, որոնք կարծած էին, թէ այդ ցուցարարները Սուրիոյ թշնամիներն են, որովհետեւ բարեկամները շէնքին մէջն էին: Սուրիոյ թշնամիները լռեցուցին, մինչ շէնքին մէջ Սուրիոյ բարեկամները զբաղած էին քննարկելով, թէ ժողովրդավարութիւնը ինչպէ՛ս պիտի ներկայացուի սուրիացիներուն:
Ոչ ալ աւելի քան 80 երկիրներէ եկած մեծամեծները լսեցին Մարդասիրական օժանդակութեան կազմակերպութիւնը (ՄՕԿ), որուն անդամները Սուրիոյ «կեղծ» բարեկամներուն ըսին.
«Մենք դէմ ենք ե՛ւ Պաասի բռնակալութեան, ե՛ւ արեւմտեան կայսերապաշտական, ծաւալողապաշտական միջամտութեան»:
Ասոնք Սուրիոյ զայրացած բարեկամներն են: Ի՜նչ երջանկութիւն, սուրիացիները ամբողջ աշխարհի մէջ բարեկամներ ունին:
Նախքան բարեկամանալը ոչ պաասական եւ ոչ կայսերական սուրիացիներու հետ, ՄՕԿ բարեկամացած էր պաղեստինցիներուն հետ, երբ 2010-ին, առաջնորդած էր «մարդասիրական օժանդակութեան» նաւախումբը, որ կը միտէր խախտելու Կազայի իսրայէլեան շրջափակումը: Արշաւանքը վերջ գտաւ նախքան ցամաք հասնիլը, երբ իսրայէլացի զինուորներ իրենց կնիքը դրին, հաւանաբար իրենց պատմութեան մէջ ամէնէն թեթեւսոլիկ, անմիտ գործողութեան վրայ` «Մաւի Մարմարա»-ի վրայ սպաննելով 9 հոգի:
Հաւանաբար ժամանակն է, որ ՄՕԿ այլ նաւախումբի մը նախաձեռնէ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրելու համար սուրիացիներուն: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, եթէ դէպի Լաթաքիա առաքեն «Մաւի Մարմարա»-ն, որպէսզի կռուի «Պաասի բռնապետութեան դէմ»:
Սակայն վերադառնանք Սուրիոյ սուրիացի բարեկամներուն: Հեգնականօրէն այս բարեկամները յայտնի են Սուրիոյ սուրիացի թշնամիներուն հետ վայրագօրէն մրցակցելու սովորութեամբ (միայն թէ իրենք նուազ ուժեղ են):
Սուրիոյ սուրիացի բարեկամները հովանաւորող Սուրիոյ ազգային խորհուրդին ուղղուած բաց նամակի մը մէջ Մարդկային իրաւանց միջազգային վաւերական կազմակերպութիւնը 20 մարտին դատապարտեց «մարդկային իրաւանց լուրջ խախտումները զինեալ ընդդիմութեան (Սուրիոյ սուրիացի բարեկամներ) կողմէ, ներառեալ` խոշտանգումներ, առեւանգում եւ սպանութիւններ, որոնց մէկ մասը ուղղուած է շիիներու եւ ալեւիներու դէմ»:
Եւ որո՞նք էին շուրջ 7 միլիոն սուրիացիները, որոնք ի նպաստ քուէարկեցին սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին. Սուրիոյ սուրիացի թշնամինե՞րը: Ատիկա շփոթեցնող է: Բացայայտօրէն սորիացիները միլիոնաւոր թշնամիներ ունին` ե՛ւ Սուրիայէն ներս, ե՛ւ դուրս, մինչ երկրագունդի իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ իրենց բարեկամները սունկերու նման կ՛աճին: Ցաւօք, իրենց թշնամիները աւելի բազմաթիւ պէտք է ըլլան` նկատի առնելով Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի բնակիչներուն թիւը:
Խօսելով ժողովրդավարութեան եւ բարեկարգումներու մասին` բարեգործական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը թերեւս մտածէ՞ աշխարհի շրջագայութեան մը մասին` այցելելու համար Սէուտական Արաբիա եւ Սուտան:
ՊՈՒՐԱՔ ՊԵՔՏԻԼ
«Հիւրրիյէթ»

