Եգիպտոսի Սալաֆանական Հազեմ Ապու Իսմայիլի Հրապոյրը
Հազեմ Ապու Իսլմայիլ իր իւրայատուկ ժպիտով եւ Ճերմկող մօրուքով տակաւին կ՛երեւի որմազդներու եւ պաստառներու վրայ, ամբողջ Գահիրէի մէջ (ինքնաշարժներու, ճամբեզրի եւ նոյնիսկ կարգ մը դպրոցներու եւ կառավարական շէնքերու պատերուն վրայ):
Անոր կարճատեւ նախագահական նախընտրական արշաւը, որ յստակօրէն կոչ կ՛ուղղէր շարիայի, այսինքն իսլամական օրէնքի աւելի ամուր գործադրման, արագօրէն հրապուրեց սովորական եգիպտացիները:
Ատիկա նաեւ ստեղծեց քաղաքական մրցավազքին մէջ ամէնէն զարմանալի եղերական, թատերական պահը:
Հանրածանօթ` իր հակաամերիկեան հռետորութեամբ, պարոն Ապու Իսմայիլ, որ իրաւաբան եւ պատկերասփիւռային քարոզիչ է, տեղեկացուեցաւ, որ որակազրկուած է, չի կրնար թեկնածու առաջադրուիլ, որովհետեւ իր հանգուցեալ մայրը Միացեալ Նահանգներու անցագիր ունեցած է: Ընտրական օրէնքներով, նախագահական թեկնածուին ծնողները եւ ամուսինը (կինը) պէտք է միայն Եգիպտոսի քաղաքացիութիւն ունեցած ըլլան:
Եգիպտոսի ձախակողմեաններուն եւ ազատականներուն համար այս զարգացումը անոր հաշուոյն անպատկառ ճոքերու, մանրապատումներու ալիք մը ներշնչեց ընկերային հաղորդամիջոցներու վրայ:
Սակայն նախագահութեան ձգտելու պարոն Հազեմ Ապու Իսմայիլի փորձին աւարտը կրնայ շատ աւելի լուրջ կողմ մը ունենալ:
Անոր զայրացած կողմնակիցները ամբողջ գիշերը անցուցին նախագահական ընտրութեան ընտրական խորհուրդի կեդրոնական գրասենեակներու շէնքին առջեւ, հիւսիսային Գահիրէի մէջ, երբ խորհուրդը մերժեց որոշումին դէմ անոր բողոք-դիմումը: Եղան բախումներ ապահովական ուժերուն հետ:
«Եթէ շէյխ Հազեմ չյաջողի, այլ յեղափոխութիւն մը պիտի ըլլայ այս երկրին մէջ», ըսաւ սալաֆական Մոհամմետ Սայիտ: Ան աւելցուց. «Այս մարդուն վարկը բզկտուեցաւ: Ասիկա Միացեալ Նահանգներու եւ Եգիպտոսի կողմէ դաւադրութիւն մըն է»:
Յաջողութիւններուն Գաղտնիքները
«Շէյխ»-ը յարատեւօրէն դրսեւորած է հոծ բազմութիւններ հաւաքելու իր կարողութիւնը: Անոր նախընտրական հաւաքներուն ատեն երբեմն այնպէս կը թուէր, թէ խանդավառ, ոգեւորուած հետեւորդներուն կողմէ ճզմուելու վտանգին ենթակայ է:
Խստապահանջ իսլամականութիւնը, միացած քաշողականութեան շնորհքին, գաղտնիքն էր անոր ժողովրդականութեան: Ատիկա օգնեց իրեն` լուսանցքային թեկնածուէն վերածուելու հիմնական պայքարողի, յաւակնորդի:
«Մենք զինք կը սիրենք, որովհետեւ ան իսլամ է եւ շարիան պիտի պարտադրէ: Ասիկա ամբողջ Եգիպտոսին ի շահ է», ըսաւ Ապտուլլա Մոհամետ, զօրակցական հաւաքի մը ատեն: Ան կը կրէր պարոն Ապու Իսմայիլի դիմակը եւ բռնած էր Եգիպտոսի դրօշը:
«Նախագահ Մուպարաք մեզ մղած էր աղ ուտելու հացին հետ, բայց շէյխ Հազեմ այնպէս պիտի ընէ, որ մենք կարագ ուտենք հացին հետ: Ան բազմաթիւ լաւ միտքեր, գաղափարներ ունի», ըսաւ Ապտուլլա Մոհամետ:
Հազեմ Ապու Իսմայիլ, որ 51 տարեկան է, իր քաղաքական համոզումները պարզած, բացատրած է շաբաթական դասախօսութիւններով` Գահիրէի Ասատ Իպն էլ Ֆարաթ մզկիթին մէջ եւ պատկերասփիւռային ելոյթներով:
Անոր գլխաւոր, հիմնական պատգամը եղած է իսլամական օրէնքի «աստիճանական» հաստատման անհրաժեշտութիւնը:
Օրինակ, ան կ՛ուզէ «ստեղծել պայմաններ», որոնց միջոցով բոլոր կիները ժամանակի ընթացքին պիտի համոզուին, որ իբրեւ կրօնական պարտականութիւն` պէտք է լաչակ կրեն:
Ան նաեւ կը տենչայ, որ ամուսնացած կիները դադրին աշխատելէ, երբ զաւակ ունենան, եւ, ի վերջոյ, աշխատանքային վայրերուն մէջ այրերն ու կիները իրարմէ անջատել:
Եգիպտացի ազատականները իրենց կարգին զայրացած եւ գինովցած են համացանցին վրայ լայնօրէն տարածուած տեսերիզներու մէջ Ապու Իսմայիլի թելադրութիւններէն, առաջարկներէն:
Այդ տեսերիզներէն մէկուն մէջ ան կը թելադրէ, որ սուրբ օրէնքին դէմ է պահանջել աղջիկներէն ամուսնութեան համար 12 տարեկանը բոլորած ըլլալ: Իսկ այլ տեսերիզի մը մէջ կը պնդէ, թէ մշկընկոյզէն (համեմաւոր հնդկընկոյզ, Ա.) պէտք է խուսափիլ, որովհետեւ ատիկա կրնայ թմրանիւթի նմանող յատկութիւններ ունենալ:
Բազմաթիւ մասնագէտներ անոր տնտեսական եւ ընկերային ծրագիրները կը մերժեն` իբրեւ անիրագործելի: Այդ ծրագիրները կը ներառեն պատկերացում, գաղափար մը Սինայի անապատը կանաչապատելու`օգտագործելով բարեգործութիւններ` մատակարարելու համար շինանիւթեր, այսպիսով նուազեցնելով բնակարանային ծախսերը եւ վերացնելով բանտերը` զանոնք փոխարինելով դաստիարակութեան կեդրոններով:
Սորվելիք Դասեր
Հազեմ Ապու Իսմայիլի քաղաքական տեսլականը անոր քննադատներուն տրամադրած է բազմաթիւ նիւթեր` զուարճանալու, ծաղրանքի համար:
Քաղաքական գիտութիւններու ուսանող մը իր սեփական տեսերիզը արտադրած է` երգիծելով ժողովրդական երգը ռոք խումբի` ԷՅՍ-ի / Տի. Սի.-ի «Դժոխքի մայրուղին»: Ուսանողին երգը` «Ապու Իսմայիլի մայրուղի»-ն, ունի հետեւեալ տողը. «Մոռցէ՛ք գարեջուրը եւ ոգելից ըմպելին: Կիներու համար պիքինի-ներ եւ մարմինի փակած հագուստներ չկան»:
Թէեւ պրն. Ապու Իսմայիլի երբեմնի մարտահրաւէր կարդացողները կրնան շատ բան սորվիլ անոր նախընտրական քարոզարշաւէն:
Առաջին դասը այն է, որ պէտք չէ ստորագնահատել կամ վերէն նայիլ ծայրայեղ պահպանողական, սալաֆական համոզումներ ունեցող եգիպտական հասարակութեան հատուածի մը վրայ, որ այնպէս կը զգայ, թէ անցեալին անտեսուած եւ քուէարկելու իրաւունքէ զրկուած է: Ասիկա արդէն իսկ դրսեւորուեցաւ Եգիպտոսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին, երբ սալաֆական Նուր կուսակցութիւնը խորհրդարանական աթոռներուն 25 առ հարիւրը նուաճեց:
Ապու Իսմայիլի համար աջակցութիւն կերտած արմատական շարժումին յաջողութիւնը կը պարունակէ այլ դաս մը:
Ապու Իսմայիլի օգնականները կը պնդեն, թէ կողմնակիցները վճարած են իրենց սեփական որմազդներուն համար եւ ապա վաճառած` ուրիշներու, դրամը վերադարձնելով քարոզչական արկղներու:
«Շէյխը ոչինչ վճարեց, միայն եղբայրները վճարեցին, եւ մենք այս իրերը ցած գիներով կը վաճառենք: Մենք արժանապատուութեամբ պիտի ապրինք: Մենք կը վճարենք, որովհետեւ մենք կը սիրենք իսլամութիւնը», բացատրեց սալաֆական վաճառորդ մը` Ալի, ցոյց տալով թի-շըրթներու շարք մը, թեկնածուին առասպելական խօսքով. «Մենք արժանապատուութեամբ պիտի ապրինք»: Ան նաեւ ցոյց տուաւ բանալիներու շղթաներ եւ որմազդներ:
Մինչ այսպիսի իրեր շուտով պիտի վերադասաւորուին իբրեւ քաղաքական յուշանուէրներ, Հազեմ Ապու Իսմայիլի մրցակիցները տակաւին չեն սկսած նոյն ձեւով աշխուժացնել քուէարկողները:
ԵՈԼԱՆՏ ՆԵԼ
«Պի. Պի. Սի.»





