Աթաթիւրք Բռնատէր Մը Չէ՞ր

Ահմեթ Ալթան

Եթէ դուք մտահոգուած էք Թուրքիոյ մէջ հաղորդամիջոցներու, լրատու աղբիւրներու ազատութեամբ, պէտք է հետեւիք ազատական «Թարաֆ» օրաթերթի յօդուածագիր Ահմեթ Ալթանի դէմ բացուած դատին. Պոլսոյ մէկ դատախազը վերջերս Ալթանը մեղադրեց «Աթաթիւրքը վերաւորելուս համար, որ յանցանք է, եւ որուն պատիժը մինչեւ վեց տարուան ազատազրկում է (նշենք, որ Աթաթիւրք ոչ միայն «Հայրն» է բոլոր թուրքերուն, ինչպէս որ օրէնքով հաստատուած անոր մականունը բառացիօրէն կը նշանակէ, այլեւ` «Գերագոյն առաջնորդ»-ը, «Յաւիտենական ղեկավար»-ը, «Գլխաւոր ուսուցիչ»-ը, «Աննման հերոս»-ը, եւ «Անվերջանալի արեւ»-ը թուրք ազգին, ինչպէս որ պաշտօնական տարբեր գրութիւններ զայն կ՛անուանեն»:

Բայց ճիշդ ինչպէ՞ս պարոն Ալթան «վիրաւորած» է Աթաթիւրքը: Պարզապէս իր սիւնակներէն մէկուն մէջ նշելով, որ «Աթաթիւրք» բռնատէր մըն էր»:

Պոլսոյ ատեանին մէջ անցեալ շաբաթ Ալթան իր պաշտպանական խօսքին մէջ ուշիմ, ճարպիկ նշում մը կրաւ: Պարոն Ալթան դատախազէն պահանջեց ստուգել, որ «բռնատէր» բառը ինչպէ՞ս բնութագրուած է բառարանին մէջ, եւ ապա բացատրել, թէ Աթաթիւրք ինչո՞ւ այդ ձեւով պէտք չէ անուանուի:Բայց փոխանակ սպասելու, որ դատախազը այդ ճիգը ընէ, ես իմ անձնական պրպտումս ըրի` նայելով «Նոր Օքսֆորտ» ամերիկեան բառարանին, որ «բռնատէր» բառը բնութագրած է հետեւեալ ձեւով. «Երկրի մը վրայ ամբողջական իշխանութեամբ տիրող  մը, որ իշխանութիւնը բռնի ձեռք անցուցած է»:

Հիմա, անկեղծօրէն, Աթաթիւրք ամբողջական իշխանութեամբ տիրող մը չէ՞ր Թուրքիոյ վրայ, իր քաղաքական գործիչի ասպարէզի ամբողջ ընթացքին:

Վստահաբար ան այդպէս էր: 1925 թուականէն մինչեւ 1938, Թուրքիոյ միակուսակցական ոսկեդարուն, Աթաթիւրք բացարձակ եւ անքննելի քաղաքական իշխանութիւն ունէր: Ան արգիլած էր բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ու քաղաքական գործիչները, ինչպէս նաեւ բոլոր միութիւններն ու խմբաւորումները անխտիր:

Եւ Աթաթիւրք իշխանութիւնը բռնի չէ՞ր նուաճած:

Անշո՛ւշտ: Ան բնաւ չէր մրցած իր հակառակորդներուն հետ, արդար եւ ազատ ընտրութիւններու մէջ: Ան աւելի կ՛ապաւինէր հրամայական ատեաններուն, որոնք մահապատիժի ենթարկեցին աւելի քան 5 հազար  այլախոհ: Աթաթիւրքի քաղաքական նշանաւոր մրցակիցներէն մէկը` Ալի Շիւքրիւ Պէյ, երեսփոխան մը, սպաննուեցաւ Աթաթիւրքի նուիրեալներէն մէկուն ձեռամբ: Մինչ այդ, Աթաթիւրքի ամէնէն ականաւոր քաղաքական մրցակիցներէն մէկը` «պատերազմի հերոս» Քեազիմ Քարապեքիր, 10 տարի տնային կալանքի տակ մնաց:

Ի դէպ, անհրաժեշտ չէ պատմական այս գիտելիքը որոշելու համար համաձայնիլ, կամ չհամաձայնիլ պարոն Ալթանի հետ: Եթէ որեւէ երկրի մէջ դուք բանտարկուելու վտանգին ենթարկուիք երկրի ղեկավարը «բռնատէր» անուանելու համար, ատիկա բաւարար ապացոյց մը պիտի չըլլա՞յ, որ խնդրոյ առարկայ ղեկավարը իսկապէս բռնատէր է:

Իմ կարծիքովս, Աթաթիւրք պէտք է տեսնուի` միջպատերազմեան ժամանակաշրջանին (1918-1939) յառաջացած ամբողջատիրական յեղափոխականներու շարքի մը լոյսին տակ, ինչպէս` Լենինը Ռուսիոյ մէջ, Պենիթօ Մուսոլինին Իտալիոյ մէջ, կամ` Ժոզեֆ Փիլսուցքին Լեհաստանի մէջ: Այս բռնապետներուն մեծ մասը աւանդական կայսրութիւնները փոխարինեցին ոչ ժողովրդավարական հանրապետութիւններով: Անոնք կը պնդէին, որ կը մարմնաւորեն իրենց ժողովուրդներուն կամքերը, եւ պարտադրեցին արմատական բարեփոխումներ, որոնցմէ ոմանք իսկապէս օգտակար էին (Լենինը, օրինակ, կիներուն տուաւ իրաւունքներ շատ աւանդապահ Ռուսիոյ մէջ):

Եթէ Աթաթիւրք աւելի երկար ապրած ըլլար, շատ հաւանաբար պիտի համեմատուէր Սպանիոյ Ֆրանսիսքօ Ֆրանքոյին հետ, որ ապրեցաւ մինչեւ 1970-ական թուականները` իբրեւ յիշատակ եւ մնացորդ մը Եւրոպայի ներքին պատերազմէն: (Եւ հաւանաբար մենք` թուրքերս, ապա պիտի որոշէինք վերահաստատել թագաւորութիւնը, ինչպէս որ սպանացիները իմաստուն կերպով ըրին Ֆրանքոյէն ետք, որպէսզի ժողովրդավարութիւն հիմնեն):

Սակայն Աթաթիւրք մահացաւ տակաւին 1938 թուականին, եւ անոր նուազ յաւակնոտ յաջորդը` Իսմեթ Ինէօնիւ, 1940-ականներու վերջաւորութեան ընդունեց անցումը բազմակուսակցական ժողովրդավարութեան: Այնուհանդերձ այս փոխանցումը անաւարտ մնաց, որովհետեւ Աթաթիւրքի պաշտամունքը գոյատեւեց եւ յաճախանք եղաւ Թուրքիոյ համար կրկնուող յեղաշրջումներու, պետական հարուածներու եւ մնայուն ծանր ոճիրներու միջոցով, ինչպէս այն, որ պատուհասեց Ահմեթ Ալթանը:

Թուրքիա, անշուշտ, պէտք է ձերբազատի 1930-ական թուականներու այս մնացորդացէն, վերապրուկէն եւ վերաբնութագրէ Աթաթիւրքը իբրեւ յարգելի մահկանացու մը, այլ ոչ թէ` ազգային անմահութիւն, աստուածութիւն մը:

Անոր դէմ արտայայտուելու օրէնքներուն վերացումը լաւ սկիզբ մը պիտի ըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՖԱ ԱՔԻՈԼ

«Հիւրրիյէթ»

Share this Article
CATEGORIES