Հաղորդագրութիւն
Երկուշաբթի, 14 մայիս 2012-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքի օգնական եպիսկոպոս, արհիապատիւ գերապայծառ տէր Յովհաննէս Թէյրուզեանին, պատրիարքարանի իր գրասենեակին մէջ, Ժեհթաուի:
Այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ գերապայծառը տեղեակ պահելու ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մասին եւ զայն հրաւիրելու ներկայ գտնուելու 27 մայիս 2012-ին տեղի ունենալիք Մայիսեան փառատօնին:
Գերապայծառ հայրը բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը` յարատեւ վերելք մաղթելով միութեան, հաստատելով նաեւ, որ անպայման ներկայ պիտի գտնուի Մայիսեան փառատօնին:
Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց գերապայծառ հօր` իր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութեան համար:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
14 մայիս, 2012

