Վայելքի Պահ Մը
ԱՆԻ ՈՒՐՖԱԼԵԱՆ- ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Համազգայինի «Քնար» պարախումբի ելոյթը…
Ինչպէ՞ս որակել զայն…
Ամբողջ երկու ժամ այդ երիտասարդները, պարմանները եւ մանուկները պարեցին… պարեցին ու մեզ փոխադրեցին հայկական գեղեցիկ աւանդութիւններու աշխարհ մը:
Ներկայ եղանք զոյգի մը հանդիպման, ձեռք խնդրումին, պսակին, հարսանեկան խրախճանքին, հայկական օճախի մը լուսաւորման…
Հարազատ, սրտամօտիկ պատկերներ մեր անցեալէն, մեր յիշատակներէն:
Մանուկներն ալ պարեցին, բեմին վրայ իրենց ոտքի հարուածներով ըսին` «Մի՛ մտահոգուիք, մենք ալ կը սորվինք հայկական պարը, շուտով պիտի մեծնանք ու «մեծերուն» պէս պիտի պարենք»:
Մարտական պարը, Արցախի ազատամարտը, նահատակները, յաղթանակի հրաշք ապրեցանք բեմէն մեզի փոխանցուած մեր սքանչելի պարողներէն:
Ամբողջ տարի մը տեւած անխոնջ աշխատանքի մը պտուղը հրամցուցիք, այնքա՜ն հանգիստ, այնքա՜ն ժպտուն, այնքա՜ն թեթեւ, որ կարծես ձեր ամէնօրեայ կեանքն էր, որ կ՛ապրէիք բեմին վրայ:
Մենք վայելեցինք, դուք յոգնեցաք: Ձեր վարձքը կատար մէկուկէս միլիոն անգամ, ձեր եւ ձեր պատասխանատուներուն վարձքը կատար:
Յառաջիկայ շաբաթավերջին նոր վայելքի մը սպասումով`

