Եգիպտական Եւ Սուրիական Մամուլին Անդրադարձը` Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակի Ոգեկոչման
ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին ոգեկոչման Հայաստանի իրադարձութիւններուն մասին եգիպտական եւ սուրիական մամուլը ունեցան հետեւեալ անդրադարձը.
Եգիպտական Մամուլ
Եգիպտական «Եաում Սապեհ» (եօթներորդ օրը) օրաթերթի լրագրողներէն Իպրահիմ Պատաուի (Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին) ամբողջական անդրադարձներ կատարած է ապրիլ եւ մայիս 2012-ին Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչման եւ Երեւանը Գիրքի միջազգային մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին:
23 ապրիլին ան անդրադարձած է Երեւանի Գիրքի միջազգային մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն, որոնք կը վայելէին հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ ան լուսարձակի տակ առած է Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը մասնակցութիւնը` այդ ձեռնարկներուն:
Պատաուի հարցազրոյց մը ունեցած է նաեւ Երեւանի մէջ եգիպտական դեսպանատան գործավար Թարեք Միլիկիի հետ եւ անկէ իմացած Երեւան ժամանող Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարութեան, Գահիրէի համալսարանին եւ այլ պատուիրակութիւններու մասին, որոնք կը միտին Հայաստանի հետ իրենց յարաբերութիւնները ամրապնդել:
Օրաթերթը իր շեշտը կը դնէ նաեւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին վրայ` խօսելով հոն պահպանուած հայկական ձեռագիրներուն եւ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հայ գիրերու գիւտը կատարելուն մասին:
Երեւանի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն ծիրին մէջ, Պատաուի ընդարձակ լրատուութիւն մը կատարած է նաեւ երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2012-ին դէպի Ծիծեռնակաբերդ ուղղուող եւ իր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը յարգող ժողովուրդին մասին:
Լրատուութեան մէջ Պատաուի կը գործածէ ցեղասպանութիւն եզրը` շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը Օսմանեան կայսրութիւնը յանցաւոր կը նկատէ այդ իմաստով: Ան կ՛աւելցնէ նաեւ, որ Թուրքիա կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ իր ուրացումի քաղաքականութիւնը:
Ան կ՛անդրադառնայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով կատարած յայտարարութեան, որուն մէջ նախագահ Պարաք Օպամա պահանջեց 1915-ի հայոց ջարդերուն ամբողջական ճանաչումը, զայն նկատելով անկիւնադարձային քայլ մը` պատմական ճշմարտութեան նկատմամբ:
Այս առումով եգիպտական մամուլը անդրադարձած է նաեւ Օպամայի յայտարարութեան նկատմամբ թրքական մերժողական կեցուածքին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան, որուն համաձայն` «Օպամայի յայտարարութիւնը կը նենգափոխէ պատմական իրողութիւնները, որոնք հարցերը ամէն մակարդակի վրայ կը բարդացնեն: Թուրքիա կը ցաւի նման կեցուածքներուն համար»:
Պատաուի հարցազրոյցներ կատարած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի նախագահ Արիճ Յովհաննէսեանի եւ այդ բաժանմունքին մէջ արաբական երկիրներու հարցերու պատասխանատու Հրաչեայ Փոլատեանի հետ:
Զոյգ հարցազրոյցները հրատարակուած են ընդգծելով Հայաստան-Եգիպտոս յարաբերութիւններուն հեզասահ դրութիւնն ու ապագային զանոնք աւելի ամրապնդուած եւ արդիւնաւէտ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
Հայ դիւանագէտները ցաւ յայտնած են Եգիպտոսի եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհին մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ` մաղթելով, որ անոնք յաղթական դուրս գան իրենց դիմագրաւած տագնապներէն եւ յաղթահարեն բոլոր մարտահրաւէրները: Անոնք դրուատեցին նաեւ Եգիպտոսի որդեգրած չէզոք կեցուածքը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին նկատմամբ:
Պատաուի առանձին տեղեկագրութիւններ կատարած է նաեւ Հայաստան-Եգիպտոս յարաբերութիւններուն մասին` նշելով թուային պատկերներ, թուականներ, ինչպէս նաեւ լուսարձակներ բացած Երեւանի պետական համալսարանին մէջ արաբերէնի ուսուցման վրայ` գնահատելով արաբերէնի հանդէպ հայ ուսանողներուն սէրը եւ այդ լեզուն սորվելու կամքը:
Եգիպտական պատկերասփիւռի «Օն Թի. Վի. լայվ» կայանը 24 ապրիլի երեկոյեան «Սուրա Քամիլա» յայտագիրէն պատրաստեց ու սփռեց Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին նուիրուած կենդանի հանդիպում-զրոյց մը, որ կը կրէր «100 տարի` Թուրքիոյ մէջ հայերու ցեղասպանութեան» խորագիրը:
Յայտագիրին կը մասնակցէին Գահիրէի «Այն Շամս» համալսարանի պատմութեան դասախօս տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաաթ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան` սքայփով, Լիբանանէն, եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ Մուսթաֆա Էճի Օղլու` հեռաձայնային կապով, Թուրքիայէն:
Սուրիական Մամուլ
Սուրիական «Պաաս» օրաթերթը, Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով նախաձեռնեց եւ կատարեց հարցազրոյց մը` Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանի հետ:
Հարցազրոյցին ընթացքին ընդհանուր ակնարկ մը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ զայն գործադրող Օսմանեան կայսրութեան մասին` ընդգծելով, որ հայութեան դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը կանխամտածուած էր:
Ա. Փոլատեան նշեց նաեւ 1894-1896 թուականներուն ընթացքին Սասնոյ մէջ, իսկ 1909-ին Ատանայի մէջ գործուած սպանդներուն մասին:
Անդրադառնալով արաբ ժողովուրդին կողմէ հայութեան հանդէպ ցուցաբերուած օժանդակութեան եւ գթասրտութեան, Ա. Փոլատեան արժեւորեց արաբ ժողովուրդին այդ կեցուածքը` ընդգծելով, որ նոյն ցեղասպանն էր` Օսմանեան կայսրութիւնը, որ կախաղան բարձրացուց ազատ արաբները:
Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը կ՛անդրադառնայ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ցոյց-քայլարշաւին, որ ուղղուեցաւ դէպի թրքական դեսպանատուն եւ կոչ ուղղեց արաբ ժողովուրդին չմոռնալու նաեւ այն իրականութիւնը, որ Օսմանեան կայսրութիւնը սպանդի ենթարկած է նաեւ արաբ ժողովուրդը:
Նոյն օրաթերթը կը հրապարակէ նաեւ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ քիւրտերուն դէմ բանեցուող ճնշումներուն մասին մանրամասնութիւններ, ինչպէս` թրքական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ քիւրտերուն մարդկային իրաւունքները զլանալու քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ թրքական բանակին մնայուն բախումները:
Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող ապահովական ապակայունութեան եւ տագնապալի իրավիճակին, Քամիշլիի հայութիւնը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակը, որուն առիթով պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն մատուցուեցաւ հայ ժողովուրդին մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին:
Քամիշլիի բնակչութիւնը 24 ապրիլի երեկոյեան նախաձեռնեց նաեւ մոմավառութեան արշաւի մը եւ հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ ճակտին պիտի մնայ ամօթի կնիք մը, այնքան ատեն որ ան կ՛ուրանայ իր նախահայրերուն` Օսմանեան կայսրութեան գործած ցեղասպանութիւնը:
Սուրիական մամուլը անդրադարձաւ նաեւ Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ տիրող կացութեան: «Ազիզիէի, Սիւլէյմանիէի եւ Մէյտանի շուկաները մնացին փակ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգելու համար: Հայ ժողովուրդը իր հաւաքական յիշողութեամբ հաստատած է ու մնայուն կերպով կը շեշտէ, որ Թուրքիա մնայուն վտանգ է եւ իր այժմու քաղաքականութեամբ կրնայ արաբական շրջանին մէջ բռնկեցնել նոր միջադէպեր, որոնց իբրեւ հետեւանք կրնան գործուիլ նաեւ այլ ցեղասպանութիւններ»:
Պէտք է նշել, որ եգիպտական եւ սուրիական մամուլին կողմէ նման լրատուութեան նախաձեռնութիւնը աննախընթաց էր եւ այդ իմաստով ալ կարեւոր, որովհետեւ առիթ կը հանդիսանայ եգիպտական եւ սուրիական հանրային կարծիքը եւս իրազեկ դարձնելու Հայ դատին ու հայկական պատմական իրողութիւններուն:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Պէյրութ, մայիս 2012

