Թաթուլ Յակոբեանի «Կանաչ Ու Սեւ. Արցախեան Օրագիր» Հատորը` Արաբերէնով
Պէյրութի մէջ հազար օրինակով լոյս տեսած է հայրենի լրագրող, «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի փորձագէտ եւ «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի «Կանաչ ու սեւ. արցախեան օրագիր» գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը: Հեղինակը 500 էջնոց այս աշխատութիւնը 2008 թուականի օգոստոսէն ի վեր ունեցած է հինգ հրատարակութիւն, որոնց շարքին` արեւմտահայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն:
Արաբերէն հատորին թարգմանիչն է Դամասկոսի համալսարանի դոկտոր, Արաբ գրողներու միութեան անդամ Նորա Արիսեան: Թարգմանական եւ հրատարակչական աշխատանքներուն մեկենասութիւնը ստանձնած է Սարգիս Պուտագեան` ի յիշատակ իր մեծ մօր` Սիրուհի Պուտագեանի:
Գիրքը արաբական աշխարհին լաւագոյնս ներկայացնելու նպատակով յառաջիկային հեղինակին ներկայութեամբ պիտի կազմակերպուի շնորհահանդէս Պէյրութի մէջ: Նախատեսուած է նաեւ շնորհահանդէսներու շարք մը արաբական աշխարհի կարեւոր այլ մայրաքաղաքներու, որոնց շարքին` Գահիրէի, Տոհայի եւ Դամասկոսի մէջ:

