«Վերջին Օրերուն Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Յարձակումներուն Ետին Քայիտայի Դաշնակից Ահաբեկչական Խմբաւորումներ Կը Կանգնին» Կ՛ըսէ Կաթիլով

Կենատի Կաթիլով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով լրագրողներուն յայտնեց, որ «շատ յստակ է, որ վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած յարձակումներուն ետին Քայիտայի դաշնակից ահաբեկչական խմբաւորումներ կը կանգնին»: Ան նշեց, որ հաստատ տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին, թէ զինեալներուն շարքին լիպիացի եւ արաբական այլ երկիրներէ վարձկաններ կան:

Ֆրանսայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Օրլով «Թէ.Վէ.5» պատկերասփիւռի կայանին, «Ֆրանս ինթեր» ձայնասփիւռի կայանին եւ «Լը Մոնտ» օրաթերթին հետ միացեալ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրի յաջողութեան համար տակաւին առիթ կայ` շեշտելով, որ Ռուսիա իր կարելին պիտի ընէ այդ ծրագիրի ձախողութիւնը կանխարգիլելու համար:

Ան սակայն զգուշացուց, որ «Քոֆի Անանի ծրագիրը կրնայ Սուրիոյ վերջին առիթը ըլլալ: Կը կարծենք, որ այս ծրագիրը յաջողութեան առիթ ունի»: Ռուս դիւանագէտը ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է «բոլոր քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակէ»:

Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն news.am-ին երէկ յայտնած են, որ Րաֆֆի Քարճեան Հոմսի իր բնակարանին մէջ սպաննուած է: Դէպքին մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի վերահաստատեց, որ Իրան սուրիական ներքին հարցին մէջ արտաքին որեւէ միջամտութեան դէմ է` վստահեցնելով, որ սուրիական տագնապի լուծումը արտաքին չէ, այլ կարելի է բոլոր կողմերուն միջեւ լուծումի փոխզիջումային տարազ մը գտնել:

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ղուլամ Ալի Հատատ Ատել  յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգը ականահարումներով պիտի չտապալի, որովհետեւ ժողովրդային զօրակցութիւն կը վայելէ»: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ վերջին ականահարումներուն թիրախը Դիմադրութիւնն ու սուրիական վարչակարգն են:

Ատել ընդգծեց, որ «եթէ Պաշշար Ասատ Միջին Արեւելքի կարգ մը ղեկավարներուն նման Ամերիկայի եւ Իսրայէլի քաղաքականութեան համահունչ գործէր, այսպիսի ականահարումներ արդէն տեղի պիտի չունենային»:

Մինչ այդ, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ սուրիական վարչակարգին դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատեցին: Եւրոպական Միութիւնը վարչակարգի ֆինանսաւորման աղբիւր եղող երկու հաստատութեանց եւ երեք անհատներու դրամատնային հաշիւները սառեցուց:

Միւս կողմէ, Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտըրզ յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է Սուրիոյ օժանդակութիւններ մատակարարելու համար մարդասիրական միջանցքներ հաստատէ, նոյնիսկ ի գին զինուորական ներկայութեան: Ան ըսաւ, որ հակառակ Անանի ծրագիրի եւրոպական զօրակցութեան, «երկար ժամանակ անցաւ եւ զինադադար չհաստատուեցաւ»` աւելցնելով, որ թերեւս ժամանակը հասած է «զինուորական ներկայութեան մը հովանիին տակ` երկրին մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկելու կարելիութիւնը քննարկելու»:

 

Share this Article
CATEGORIES