Եգիպտական Ապահովական Ուժերը Մաթրուհի Մէջ Ծանր Զէնքեր Յայտնաբերեցին
Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութեան ապահովական ուժերը Մաթրուհի մէջ հինգ հակաօդային զէնքեր, հինգ գնդացիրներ եւ զինամթերք յայտնաբերեցին:
Եգիպտական «Շարք Աուսաթ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ներքին գործոց նախարարութեան քրէական հետաքննութեան բաժանմունքը տեղեկութիւններ ստացած է, որ Մաթրուհ քաղաքէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող անապատային մէկ շրջանին մէջ շարք մը ծանր զէնքեր գոյութիւն ունին:
CATEGORIES Միջազգային

