Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«Ա. Էֆ. Փէ.» լրատու գործակալութեան համաձայն, իսրայէլացի զինուորական մը, որ մերժած է իր անունը բացայայտել, մտավախութիւն յայտնած է, որ «Իրանի դէմ յարձակումի պարագային Թեհրան կրնայ Հըզպալլայէն խնդրել, որ մեզի հարուածէ, հակառակ այն իրողութեան, որ Հըզպալլա չի փափաքիր Իսրայէլի դէմ նոր պատերազմ մը սանձազերծել»:

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան այն պաշտօնեաները, որոնք օրական դրութեամբ կը վճարուին, երէկ գործադրեցին բողոքի ցոյց-քայլարշաւ մը` դէպի վարչապետարան: Բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն անոնք անիւներ այրեցին ընկերութեան շրջափակին մէջ, ինչպէս նաեւ հրկիզուող անիւներով փակեցին Մար Մխայէլի ճամբան:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ յառաջիկայ 25 մայիսին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան ազգային տօնին առիթով:

ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւին գործադրութեան մասին պատրաստած իր տարեկան տեղեկագիրին մէջ նշեց, որ Հըզպալլայի կողմէ զինուորական իր կարողութիւնները պահպանելու իրականութիւնը կը սպառնայ լիբանանցիներուն ապահովութեան:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը Լիբանանի մէջ ձերբակալած է յորդանանցի մը` Ապտել Մալեք Եուսեֆ Օսմանը, որ խոստովանած է, թէ ինք մաս կը կազմէ Քայիտայի ահաբեկչական ցանցին` ամբողջացնելով այդ կազմակերպութեան գումակային աշխատանքները: Ան ընդգծած է, որ ինք նիւթական օժանդակութիւն ստացած է Քաթարէն, Սէուտական Արաբիայէն, Քուէյթէն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ քաջ գիտէ, թէ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ներկայացուցած ընտրական ուժը Պաապտայի մէջ զինք կրնայ նեղացնել:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ընդունեց լիպիացի պատասխանատու մը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս ընկերային մարզին առումով փոխադարձ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ իրենք մտավախութիւններ ունին Սուրիոյ քրիստոնեաներուն գոյութեան առումով` աւելցնելով, որ իրենք վկայած են, թէ Իրաքի քրիստոնեաները ի՛նչ վիճակի ենթարկուած են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի ելեւմտական հարցերու վերաբերող լուծումներ չունի` աւելցնելով, որ անոր մէջ ինք քաղաքական փայլուն միտք մը չի նշմարեր:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի պատասխանելով Ահմետ Ֆաթֆաթի կատարած յայտարարութեան ըսաւ. «Մենք կը փորձենք լուծել այն հարցերը, որոնք ստեղծուած են Ֆաթֆաթի պատկանած քաղաքական դպրոցին կողմէ եւ որոնք Լիբանանը մխրճած են նիւթական հսկայական պարտաւորութեան մէջ, իսկ այս բոլորէն տեղեակ կը պահենք լիբանանեան հանրային կարծիքը, որպէսզի ինք դատէ»:

ՇՈՒԷՅՖԱԹ շրջանի լքուած վաճառատուներուն մէջ գտնուած են 3 ձեռնառումբեր, որոնք ստուգուած են բանակի սակրաւորներուն կողմէ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ պատասխանեց նախկին  վարչապետ Սաատ Հարիրիին` նշելով, որ թող ան համամասնական դրութեան հիման վրայ հաստատուած ընտրական օրէնքին մասին համաձայնութիւն յայտնէ, եթէ ան իսկապէս վստահ է յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր ապահովելիք յաղթանակէն:

ՀԱՆԴԻՊԵԼԷ ետք արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ մէջ բանեցնել միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը իր բոլոր կէտերով եւ խոչընդոտել բոլոր այն քայլերը, որոնք կը միտին ձախողեցնել Անանի ծրագիրին ամբողջական գործադրութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան զգուշացուց սահմանադրական որոշ օրէնքներ անտեսելու կեցուածքին ունենալիք աղէտալի հետեւանքներէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES