«Կառավարութեան Պիտի Ներկայացնեմ Ճարտարարուեստի Սեփականատէրերու Միութեան Ապահովագրութեան Թղթածրարը» Ըսաւ Նախարար Սապունճեան
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան վարչական խորհուրդը` գլխաւորութեամբ միութեան փոխնախագահ Զիատ Պըքտաշի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին (տաման) կողմէ ապահովագրութեան սակը բարձրացնելու հարցը:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, միութեան անունով Պըքտաշ նկատել տուաւ, որ տամանին տուած այդ որոշումը մերժելի է:
Իր կարգին, նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ ինք կը հասկնայ, թէ այդ որոշումը ճարտարարուեստի սեփականատէրերը ծանր բեռի տակ կը դնէ:
Նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ ինք այս հարցը պիտի ներկայացնէ կառավարութեան եւ զայն պիտի քննարկէ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի հետ` մաղթելով, որ անոր յարմար լուծում մը գտնուի:


