Պըրրի Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Նախագահ Սլէյմանի Կողմէ 8,900 Միլիառ Լ. Ոսկիի Թղթածրարին Վաւերացումը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք անհրաժեշտ կը նկատէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ 8,900 միլիառ լ. ոսկիի թղթածրարին վաւերացումը:
Պըրրի շեշտեց, որ այս կացութիւնը բոլորին համար աննպաստ է: Ան ըսաւ, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը չեն, որ կ՛արգելակեն կառավարութեան աշխատանքները, որովհետեւ այդպիսի կացութենէն տուժողներն ու վնասուողները նախ եւ առաջ իրենք կ՛ըլլան:
«Ես բարձրաձայն կ՛ըսեմ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն անիրաւուած է եւ ան ունի օրինական պահանջներ, որոնք կ՛անտեսուին: Երեւակայեցէք, որ ան ունի 29 երեսփոխան հաշուող պլոք մը եւ 10 նախարար, սակայն ան իր արդար իրաւունքը չի ստանար պետական նշանակումներուն պարագային: Անկեղծօրէն, եթէ ես զօր. Աունի տեղ ըլլայի, կը կարծեմ, որ չէի դիմանար բոլոր այս հարցերուն», ըսաւ ան:
Պըրրի նշեց, որ ինք չի համարձակիր կառավարութեան հրաժարականը պահանջել, որովհետեւ զայն փոխարինող չկայ:
Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայէն, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը:
Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:

