Նախագահ Սլէյման. «Կառավարութիւնը Պիտի Գործէ Մինչեւ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացումը»
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ երկրին մէջ արձանագրուող քաղաքական բանավէճերէն եւ կառավարութեան ոչ արդիւնաբեր աշխատանքէն իր համբերութեան բաժակը հատնած է: Ան ըսաւ, որ ոչ ոք թող յանդգնի Թաէֆի համաձայնագիրը վերատեսութեան ենթարկելու հաւանականութեան մասին խօսիլ` աւելցնելով, որ այդ համաձայնագիրը կ՛երաշխաւորէ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
«Լիուա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի գործէ մինչեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններ` աւելցնելով, որ խստիւ մերժելի է այն իրականութիւնը, որ ընդդիմութիւնը կը փորձէ խոչընդոտել խորհրդարանին աշխատանքը, նոյնիսկ եթէ ան ժողովրդավարական իր իրաւունքը կը կիրարկէ:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, յատկապէս` Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները:


