ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամները Ազրպէյճանը Կը Ստիպեն Հայաստանի Ներկայացուցիչին Խօսքի Առիթ Տալ

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը կը հաղորդէ, որ փորձելով 10 մայիսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցերով զբաղող կոմիտէներու զեկուցումներու քննարկման ժամանակ Ազրպէյճանի, իբրեւ նիստի նախագահող, անընդունելի գործելաոճը արդարացնել, ազրպէյճանական կողմը լրատուամիջոցներու միջոցով տարածած է հերթական սուտը` ձեւացնելով, թէ իբրեւ թէ չէ խախտած Ապահովութեան խորհուրդի ընթացակարգի կանոնները:

Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը կը նշէ, որ 10 մայիսի առաւօտեան (եւ ոչ նիստը աւարտելէն միայն քանի մը վայրկեան առաջ, ինչպէս կը փորձէ ազրպէյճանական կողմը ներկայացնել), Ապահովութեան խորհուրդի ընթացակարգի կանոններու 37-րդ կէտին համաձայն, հայկական կողմը գրաւոր եւ ապա բանաւոր ձեւով պահանջած է խօսք արտասանելու իր իրաւունքը:

Ազրպէյճան` խախտելով ընթացակարգը, մերժած է այդ պահանջը, որուն իբրեւ արդիւնք Հայաստանի պատուիրակութիւնը դիմած է Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն` մատնանշելով, որ ազրպէյճանական նախագահութիւնը կը խախտէ ընթացակարգի վերոնշեալ կէտը, ըստ որուն, Ապահովութեան խորհուրդի անդամ չհանդիսացող երկիր մը կրնայ նիստի ընթացքին խօսք արտասանել Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն որոշումով եւ ոչ թէ նախագահողին քմահաճոյքով:

Ըստ յայտարարութեան, այս առիթով Ապահովութեան խորհուրդի անդամները սկիզբը բացատրած են, ապա Ազրպէյճանի ստիպած են ենթարկուիլ ընթացակարգին եւ խօսքի արտօնութիւն տալ Հայաստանի ներկայացուցիչին: Վերջինս այդ օր իր խօսքը սկսած է խօսքի արտասանման կարելիութեան համար Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն շնորհակալութիւն յայտնելով:

«Համաձայն ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան, Ապահովութեան խորհուրդի ընթացակարգի կանոններուն չտիրապետելու իբրեւ արդիւնք 10 մայիսին տեղի ունեցած այս միջադէպով, 3 մայիսին մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու ապիկար հանդիպումով, ինչպէս նաեւ Ի. Ալիեւի 4 մայիսին ՄԱԿ-ի մէջ տխրահռչակ ելոյթով Ազրպէյճան Ապահովութեան խորհուրդին մէջ տակաւին իր նախագահութեան շրջանը չաւարտած, արդէն հասցուցած է մեծապէս հիասթափեցնել անդամ երկիրները, ՄԱԿ-ի քարտուղարութիւնը եւ զանգուածային լրատուամիջոցները», կ՛ըսուի ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան յայտարարութեան մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES