Թիֆլիսի Մէջ Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Գմբէթը Եւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Պատը Փուլ Եկած Են

Ռուսական vz.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ 14 մայիսի գիշերը Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի կեդրոնի Սերեպրիանայա փողոցին մէջ 18-րդ դարու սկիզբը կառուցուած հայկական եկեղեցի մը փուլ եկած է: Զոհեր կամ վիրաւորներ չեն արձանագրուած:

Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու վարչութենէն յայտնած են, որ եկեղեցին կը գտնուէր աղէտալի վիճակի մէջ եւ փլուզման պատճառը յորդառատ անձրեւներն են:

Թիֆլիսի հայկական համախմբումի համակարգող, Բազմազգ Վրաստան հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Առնոլտ Ստեփանեան tert.am-ին յայտնած է, թէ Թիֆլիսի մէջ փուլ եկած է Ս. Նշան եկեղեցւոյ գմբէթը:

Ան նշած է, որ շուրջ երկու ամիս առաջ Վրաստանի պատրիարքարանին հետ գոյացած էր համաձայնութիւն, ըստ որուն, Վրաստանի իշխանութիւնները պիտի ամրապնդեն Ս. Նշանի պատերն ու հիմերը: Սակայն այս փլուզումէն ետք ամրապնդման մասին կարելի չէ խօսիլ, այլ` կառուցման մասին:

Բացի Ս. Նշանէն, փուլ եկած է նաեւ Թիֆլիսի Օրթաճալա թաղամասին մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ պատը:

Ըստ Առնոլտ Ստեփանեանի, նշեալ եկեղեցին շատոնց դադրած է գործելէ եւ կորսնցուցած է եկեղեցւոյ նշանակութիւնը: «Համայնավարներու օրերուն բազմաթիւ եկեղեցիներ պայթեցուած էին, վերածուած գրադարանի, իսկ Օրթաճալայի եկեղեցւոյ մէջ մարդ կ՛ապրէր: Ասիկա եկեղեցի չէր, որովհետեւ միայն պատերը մնացած էին», ըսած է Բազմազգ Վրաստան հասարակական կազմակերպութեան նախագահը:

Նշենք, որ Վրաստանի մէջ յորդառատ անձրեւներուն յառաջացուցած ջրհեղեղներուն պատճառով արձանագրուած է հինգ զոհ, ներառեալ` երկու երեխայ: Նաեւ վնասուած են բազմաթիւ շինութիւններ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES