Շուէտի Խորհրդարանը Կը Մերժէ Ընթացք Տալ Ազրպէյճանցիներուն Կողմէ Առաջադրուած Բանաձեւին` Զօրակցութիւն Յայտնելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակին
Շուէտի խորհրդարանը 9 մայիսին դէմ քուէարկեց բանաձեւի մը, որ առաջարկուած էր Կանաչ կուսակցութեան անդամ Մեհմեթ Քափլանի կողմէ: Խորհրդարանի լիագումար նիստին հասնելէն առաջ իսկ այդ բանաձեւը մերժուած էր արտաքին յանձնախումբէն:
Բանաձեւը նպատակ ունէր «միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը», «Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն հայկական ուժերու հեռացումը», ինչպէս նաեւ ընդգծել ազրպէյճանական կողմի յառաջ քշած այլ տեսակէտները:
Բանաձեւի մերժումը կործանարար եղաւ Ազրպէյճանի համար, քանի որ Շուէտի խորհրդարանը ո՛չ միայն մերժեց հարցին ընթացք տալ, այլ բացայայտեց Ազրպէյճանի բացթողումներն ու թերութիւնները, ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան հետ երկրին համարկման հոլովոյթին համար ստանձնած պարտականութիւններուն, որոնք նշուած են Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի որդեգրած վերջին բանաձեւերուն մէջ:
Շուէտի խորհրդարանը զօրավիգ կը կանգնի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, անոր որդեգրած սկզբունքներուն` նշելով, որ արդէն կայ միջազգային հարթակ մը, որ կը զբաղի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման հարցով:
Շուէտի խորհրդարանը ցոյց տուաւ, որ նման բանաձեւեր, որոնք համաձայնեցուած սկզբունքներէն կէտեր կ՛առնեն միայն մէկ կողմին օգտին, չեն նպաստեր հիմնախնդիրի լուծման:
«Կ՛ողջունենք Շուէտի խորհրդարանի քայլը` զօրավիգ կանգնելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ անոր որդեգրած սկզբունքներուն` իրենց ամբողջութեան մէջ: Մենք, Եւրոպայի տարածքին, պիտի շարունակենք հետեւիլ նման փորձերու այլ երկիրներու մէջ եւս, եւ եթէ ներկայացուին` տեղւոյն հայ գաղութներուն հետ գործակցաբար, պիտի լուսաբանենք հարցին իսկական պատկերը` դէմ դնելով ազրպէյճանական ապատեղեկատուական քարոզչութեան», յայտարարեց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

