ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Շփման Գիծին Վրայ Աճող Լարուածութենէն Անհանգստացած Են

Մինսքի խմբակին համանախագահները

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք 11-14 մայիսին Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ազրպէյճան իրենց կատարած այցելութենէն ետք հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ անոնք եղած են Երեւանի եւ Պաքուի մէջ, հանդիպած են նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ` քննարկելու համար ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերջին ջանքերը:

Համանախագահները շարունակած են կողմերուն հետ քննարկումները, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գործադրել նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Սոչիի մէջ 23 յունուարին կատարուած միացեալ յայտարարութեան մէջ ընդունուած պարտաւորութիւնները, որոնց շարքին` արագացնել աշխատանքը հիմնարար սկզբունքներուն վրայ` իբրեւ համապարփակ խաղաղ լուծման հիմք, զինադադարի խախտումներու հետաքննութիւններու մեքանիզմներուն վրայ աշխատանքը, նաեւ զարգացնել մարդասիրական շփումները:

Համանախագահները մտահոգութիւն յայտնած են շփման գիծին վրայ արձանագրուած վերջին միջադէպերուն վերաբերեալ` կողմերուն կոչ ուղղելով զսպուածութիւն ցոյց տալու եւ զերծ մնալու վրէժխնդրութենէն: Համանախագահները ողջունած են կողմերու խաղաղ լուծման հասնելու շուրջ հաւաստիացումները:

Համանախագահները կողմերուն հետ քննարկած են վստահութեան միջոցներու զարգացումը` զինուորական եւ մարդկային շփումներու ոլորտին մէջ` 1994-ի հրադադարի համաձայնագիրի իրականացումը ամրապնդելու եւ վստահութիւնը աւելցնելու համար: Բացի ատկէ,  համանախագահները քննարկած են ազրպէյճանական եւ հայկական մշակութային ու պատմական արժէքները պահպանելու եւ գնահատելու կարեւորութիւնը, որ պաշտպանեն շրջանի ժողովուրդներու ժառանգութիւնը` վերջնական եւ ամուր խաղաղութեան հասնելու բանակցութիւններուն  ծիրին մէջ:

Համանախագահները մտադիր են մօտիկ ապագային Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ քննարկումները շարունակելու:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ֆրանսացի համանախագահ Ժաք Ֆոր երէկ Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ Ֆրանսա եղած է, է եւ պիտի մնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման կողմնակիցը: Նոր նախագահի ընտրութիւնը պիտի չազդէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Ֆրանսայի դիրքորոշման վրայ:

Ան նշած է, որ երկու օր ետք Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ նոր նախագահի երդման արարողութիւնը: Նոր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ մտադիր է նոյն օրը նոր կառավարութիւն կազմել, «սակայն Ֆրանսա պիտի շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին նկատմամբ իր որդեգրած քաղաքական ընթացքը` առանց որեւէ փոփոխութեան: Մենք, ի հարկէ, պիտի սպասենք բանակցութիւններու արդիւնքներուն», յայտարարած է Ֆոր:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Պաքուի օդակայանին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպումին ընթացքին ամերիկացի համանախագահ  Ռոպըրթ Պրատքէ յայտարարած է, որ այցելութեան հիմնական նպատակը ապրիլին Լոնտոնի մէջ` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի, նոյն ամսուն Վարշաւայի մէջ` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ կայացած Լեռնային Ղարաբաղի հարցի շուրջ բանակցութիւններու շարունակութիւնն է:

Ըստ անոր, բանակցութիւնները կը վերաբերին Սոչիի մէջ 23 յունուարին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու միացեալ յայտարարութեան իրականացման:

Մեկնաբանելով շփման գիծին վրայ լարուածութեան աճը` Պրատքէ յայտնած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները այդ խնդիրով անհանգստացած են:

Ան ազրպէյճանցի լրագրողներուն պատմած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ նախարար Նալբանդեանի հետ հանդիպումներուն մասին` ընդգծելով, որ Երեւանի մէջ կողմերը մանրամասն կերպով քննարկած են խնդիրի լուծման հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին ու ապագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES