Նախագահ Սարգսեան Այսօր Աշխատանքային Այցելութիւն Կու Տայ Մոսկուա
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Ռուսիա: Ան Մոսկուայի մէջ պիտի մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական ապահովութեան խորհուրդի յոբելենական նստաշրջանին` նուիրուած Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագիրի ստորագրման 20-ամեակին եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ստեղծման 10-ամեակին:
Նոյն օրը Մոսկուայի մէջ Սերժ Սարգսեան պիտի մասնակցի նաեւ ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի ոչ պաշտօնական նիստին:
Հանդիպում` Շէյխուհի Ֆարիհայի Հետ
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Քուէյթի շէյխուհի Ֆարիհա Ահմետ Ժապր Սուպահը, որ աշխարհին մէջ յայտնի է իր բարեգործութեամբ եւ Քուէյթի «Օրինակելի մայր» բարձրագոյն կոմիտէի նախագահն է:
Սերժ Սարգսեան ողջունեց շէյխուհին` նշելով, որ ուրախ է Հայաստանի մէջ հիւրընկալելու անբասիր հեղինակութիւն վայելող այսպիսի հասարակական գործիչ մը, որ աստուածահաճոյ գործ կը կատարէ` թեթեւցնելով մարդոց հոգերը: Նախագահը ընդգծեց, որ առհասարակ շատ բարձր կը գնահատէ բարեգործութեամբ զբաղող մարդոց գործունէութիւնը եւ կը կարծէ, որ ոչ միայն Քուէյթի ժողովուրդին, այլ նաեւ աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներուն կողմէ շէյխուհի Ֆարիհայի նկատմամբ մեծ յարգանքը եւ ակնածանքը հիմնաւոր եւ տեղին են:
Երկու կողմերը նշեցին, որ հայ-քուէյթեան միջպետական յարաբերութիւնները հիմնուած են երկու բարեկամ ժողովուրդներու խոր յարգանքի եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ:
Նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ շէյխուհիին այցելութիւնը Հայաստան նոր էջ պիտի բանայ հաստատուն կերպով զարգացող երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ:
Նշելով, որ հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը դարերու պատմութիւն ունի, նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի իշխանութիւններուն եւ շէյխուհի Ֆարիհային` Քուէյթի հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուող մնայուն ուշադրութեան, ջերմ եւ բարեացակամ վերաբերմունքին համար:


