Սաստիկ Բախումները Երրորդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան Թրիփոլիի Մէջ. Արիւնալի Ընդհարումներուն Շրջագիծը Կ՛ընդլայնի
Թրիփոլիի մէջ երէկ բախումները շարունակուեցան` Ժապալ Մըհսենի մէջ պատճառելով զոհ մը եւ արձանագրելով 10 վիրաւորներ:
Շրջանին մէջ ամբողջ օրուան ընթացքին տիրեց զգուշաւոր լռութիւն, որ կէսօրէ ետք խզուեցաւ եւ վերածուեցաւ բուռն բախումներու:
Կէսօրուան ժամերուն Պապ Թըպպանէի Սուրիա փողոցին մէջ արձանագրուեցաւ երկու վիրաւոր:
Զինեալ բախումներուն պատճառով վիրաւորներուն թիւը հասաւ 56-ի, ինչպէս նաեւ արձանագրուեցան նիւթական մեծ վնասներ: Իսկ Պըտտաուիի մզկիթներուն մինարէներէն հնչեցին կոչեր` շրջանին մէջ գտնուող բնակչութեան շէնքերուն բարձր յարկերը դատարկելու` տանիքներուն վրայ իյնալիք հրթիռներուն հաւանականութեան մտահոգութեամբ:
Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր յայտնեց, որ զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա Շատի Մաուլաուին եւ 5 ուրիշներ ամբաստանեց զինեալ քաղաքական կազմակերպութեան մը անդամակցելու յանցանքով:
Երեկոյեան ուշ ժամերուն զինուորական ատեանի քննիչ դատախազ Նեպիլ Ուեհպէ Մաուլաուին ամբաստանեց զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը անդամակցելու յանցանքով:
Կէսօրէ ետք զինեալ բախումները վերսկսան Մալլուլէի եւ Ժապալ Պաքքարի միջեւ` արձանագրելով չորս զոհեր` Մահմուտ Մաարուֆ, Պահա Տաուտ, Ռամզի Պաքիր եւ Խտըր Ժալըխ:
Յետմիջօրէի նամազէն ետք սալաֆականները ուղղուեցան Նուր հրապարակ եւ փակեցին դէպի Թրիփոլի առաջնորդող բոլոր ճամբաները: Շատի Մաուլաուիի եղբայրը յայտնեց, որ իրենք իրենց տեղէն պիտի չշարժին, մինչեւ իր եղբօր ազատ արձակումը:
Ցուցարարներուն անունով խօսք առաւ նաեւ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյի, որ յայտնեց, թէ արդարութիւնը պէտք է բանեցուի բոլորին վրայ եւ ոչ միայն սիւննի համայնքին:
Ցուցարարներուն միացաւ նաեւ Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր` առ ի զօրակցութիւն Թրիփոլիի սալաֆականներուն:
Նստացոյցին ընթացքին շէյխ Ասիր ընդգծեց, որ Թրիփոլիի մէջ ներկայիս տիրող կացութիւնը կրնայ ուղղուիլ դէպի յաւելեալ զարգացում, եթէ քաղաքականութիւնը իր նոյն ընթացքը շարունակէ իրենց նկատմամբ:
Մինչ նստացոյցը ինքզինք հաստատեց Ապտել Համիտ Քարամէի հրապարակին վրայ, զինեալ բախումները եւ արձակազինութիւնը շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր, սակայն այս անգամ աւելի բուռն թափով:
Զինեալ բախումներուն ընթացքին օգտագործուող «Քալաշնիքով» գնդացիրները, «Էր. Փէ. Ժէ.» եւ «Պէ. 7» տիպի նռնականետերն ու ձեռնառումբերը փոխարինուեցան «Պէ. 10» տիպի հրթիռներով եւ հրասանդերով:
Բախումները խլեցին յաւելեալ զոհեր եւ պատճառեցին մեծ թիւով վիրաւորներ:
Երեկոյեան անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ հակառակ սաստիկ բախումներուն, բանակը յաջողած է մուտք գործել Ժապալ Մըհսեն եւ կը պատրաստուի նաեւ մուտք գործելու եւ իր հակակշիռին տակ առնելու Պապ Թըպպանէի շրջանը:
Երեկոյեան ժամը 10:30-ին Պապ Թըպպանէի Հարպա մզկիթին մէջ գումարուեցաւ նիստ մը` Թըպպանէի պատասխանատուներուն, կրօնաւորներուն եւ զինեալներուն միջեւ:
Նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ կէս գիշերին զինադադար յայտարարել եւ առիթ տալ բանակին մուտք գործել դէպի Թըպպանէ:
Հանդիպումին մասնակցող կողմերը հաստատեցին, որ իրենք այդ մասին տեղեակ պահած են բանակի գաղտնի սպասարկութեան հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատուները:
Միւս կողմէ, ուշ գիշերին Թրիփոլիի բնակիչները իրենց բջիջայիններուն վրայ ստացան կարճ նամակներ, որոնց համաձայն, Թրիփոլիի գիշերը պիտի ըլլայ վայրագ ու խիստ գիշեր մը: Կարճ նամակներուն մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ անհրաժեշտ է նախազգուշութիւններ առնել եւ եթէ կարելիութիւն կայ կիներն ու մանուկները շրջանէն դուրս բերել` անոնց ապահովութեան համար:
Միքաթի Ընդգծեց Թրիփոլիի Կացութիւնը
Հակակշիռի Տակ Առնելու Կարեւորութիւնը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդգծեց Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ապահովական կայունութիւնը վերադարձնել այդ շրջանին:
Այս իմաստով, վարչապետ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ համապատասխան նախարարութիւններուն, բանակի հրամանատարին, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ:
Ան նաեւ խորհրդակցեցաւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի հետ` Թրիփոլիի միջադէպերուն վերաբերող դատական որոշ թղթածրարներու առումով:
Ան անճիշդ նկատեց այն մեկնաբանութիւնները, որոնք լիբանանեան բանակը կը ներկայացնեն իբրեւ իսլամական ուժերուն դէմ կողմ մը:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ինք յանձնառու է Թրիփոլիի մէջ արիւնահեղութեան կասեցումին` նշելով միաժամանակ, որ այդ առումով ինք կը շարունակէ հաղորդակցիլ զօր. Ժան Քահուաժիի եւ Թրիփոլիի հեղինակութիւններուն ու պատասխանատուներուն հետ:
Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ ինք նախանձախնդիր է նաեւ արագացնելու Շատի Մաուլաուիի հարցով բացուած հետաքննութիւնը: Ան հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ բանակին ամէն ձեւով եւ միջոցով օժանդակելու քաղաքական որոշումը տրուած է արդէն:
Ղոսըն. «Լիբանանեան Բանակը Թրիփոլիի Մէջ
Պիտի Տեղակայուի Եւ Յարմար Որոշումները Պիտի Տայ»
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ Թրիփոլիի դէպքերը սիրտերը ցաւցնող իրադարձութիւններ են` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր բախում կ՛արձանագրուի Լիբանանի խաղաղութեան եւ ապագային հաշուոյն:
Ղոսըն նշեց, որ լիբանանեան բանակը ամբողջ Լիբանանին բանակն է` աւելցնելով, որ ան կը գտնուի հարաւային Լիբանանի, Պեքաայի, Պէյրութի, Աքքարի եւ Թրիփոլիի մէջ: «Բանակը լիբանանցիներուն ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ, ան պիտի տեղակայուի հիւսիսային Լիբանանի մէջ եւ յարմար որոշումներ պիտի տայ», ըսաւ ան:
Ղոսըն հաստատեց, որ բանակը Լիբանանի ողնաշարն է:
Միւֆթի Շաար Նախագահեց Նիստի Մը
Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաար երէկ իր բնակարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի բախումներուն վերջ մը տալու հեռանկարները: Նիստը ոչ մէկ արդիւնքի կրցաւ յանգիլ:
Միւս կողմէ, ան յայտնեց, որ Թրիփոլիի միջադէպերուն հետ առնչուող դէպքերը Մուսթաքպալ հոսանքին հետ կապելը ուղղակի զրպարտութիւն է:
Միւֆթի Շաար նկատել տուաւ, որ Հըզպալլան է, որ Լիբանանի մէջ զէնք ունի եւ ան է, որ դէպի Թրիփոլի զէնք կ՛առաքէ:
Միւֆթի Քապպանի Դատապարտեց
Մաուլաուին Ձերբակալելու Արարքը
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի խստիւ դատապարտեց Շատի Մաուլաուին ձերբակալելու ոճը` կոչ ուղղելով յարգելու մարդկային իրաւունքները:
Միւֆթի Քապպանի հաստատեց Թրիփոլիի հարցը խաղաղ կերպով լուծելու եւ շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու անհրաժեշտութիւնը:
Նիստ` Քապպարայի Բնակարանին Մէջ
Երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի Բնակարանին մէջ
Երէկ գումարուեցաւ նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախարար Ահմետ Քարամէ, երեսփոխան Մույին Մերեհպի, նախարար Մոհամետ Սաֆատիի ներկայացուցիչ Ահմետ Սաֆատի, նախկին երեսփոխան Ասաատ Հարմուշ եւ տարբեր մզկիթներու իմամներ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական իրադարձութիւնները:
Խորհրդակցութիւնները տակաւին չաւարտած Մերեհպի լքեց նիստը` լիբանանեան բանակին վերագրելով Թրիփոլիի մէջ բռնկած զինեալ բախումներուն ուղղակի պատասխանատուութիւնը:
Նշենք, որ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի երէկ առաւօտեան պահանջեց անմիջապէս ազատ արձակել Շատի Մաուլաուին:
Ան նշեց նաեւ, որ ըստ երեւոյթին, Սուրիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին հրահանգ մը եկած է` Թրիփոլիի բախումները առկայ պահելու իմաստով:
Նիստէն ետք Քապպարա յայտնեց, որ Թրիփոլիի դէմ քաղաքական իշխանութեան ու Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ դաւադրութիւն մը կը գործուի, եւ վարչապետ Միքաթիէն պահանջեց պատասխանատուութիւն ստանձնել եւ կամ հրաժարիլ իր պաշտօնէն: «Թրիփոլին այս պայմաններէն աւելի ծանր պայմաններ չի կրնար հանդուրժել», ըսաւ Քապպարա:
Շահհալ Պաղեստինցիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ
Չէզոք Կեցուածք Որդեգրելու
Լիբանանի մէջ սալաֆական հոսանքի հիմնադիր, իսլամ քարոզիչ շէյխ Շահհալ յայտնեց, որ Շատի Մաուլաուիին հետ վարուելակերպը Լիբանանի կողմէ սիւննի համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած կեցուածքին մէկ նմուշն է:
Այս առումով, շէյխ Շահհալ կոչ ուղղեց պաղեստինեան ղեկավարութեան Թրիփոլիի միջադէպերուն նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու:
Քարամէ Զարմանք Կը Յայտնէ Թրիփոլիի Միջադէպերուն
Մասին Ապահովական Կարգ Մը Կառոյցներուն
Ցուցաբերած Անտարբերութեան Գծով
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ զարմանք յայտնեց կարգ մը ապահովական կառոյցներուն, ինչպէս` ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ Թրիփոլիի միջադէպերուն նկատմամբ ցուցաբերած անտարբերութեան գծով:
Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է անմիջական լուծում մը գտնել` լուծելու համար Թրիփոլիի հարցերը:
Հակազդեցութիւններ
Թաուհիտ Իսլամի շարժումի ղեկավար խորհուրդի նախագահ շէյխ Հաշեմ Մընքարա հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը կրնայ հարուածել Լիբանանի ներքին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային ծրագիրը` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի մէջ կան կողմեր, որոնք Սուրիոյ ներքին հարցերուն մեղսակից են:
Այս շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը իսլամներուն դէմ չէ, այլ` ան կը պաշտպանէ երկիրը եւ կ՛ընդդիմանայ բոլոր անոնց, որոնք երկրին մէջ կը փորձեն խուճապ ստեղծել:
Մընքարա ընդգծեց լիբանանեան բանակին նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը` հարց տալով, որ արդեօք բանակը թիրախ դարձնելը պատասխա՞ն է` հիւսիսային Լիբանանի ջուրերուն մէջ բացայայտուած զէնք փոխադրող նաւը գրաւելու քայլին:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի հեղինակութիւններուն հետ եւ կոչ ուղղեց անոնց զօրակցելու Թրիփոլիի կացութիւնը հանդարտեցնելու ջանքերուն:
Ժեմայէլ դրուատեց բանակն ու ապահովութեան ուժերը Թրիփոլիի մէջ պահելու եւ միջադէպերը սանձելու ջանքերը` ընդգծելով այդ բախումներուն ընդարձակող օղակը սեղմելու կարեւորութիւնը:
Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը ճշգրիտ կերպով Նահր Պարետ գաղթակայանի դէպքերուն չի նմանիր, սակայն նմանութեան որոշ գիծեր կան:
Մարատա հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին երեսփոխան Քարիմ Ռասի շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ գործող զինեալ խմբաւորումները ապազինելու ժամկէտ պէտք է ճշդել: Ան նշեց, որ Շատի Մաուլաուիի ձերբակալումը պատճառաբանութիւն է` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի դէպքերը լիբանանեան պետութեան յստակ պատգամներ են, ինչպէս նաեւ ապահովական ծրագիրներ` տիրելու համար հիւսիսային Լիբանանին:
Ռասի նկատել տուաւ, որ կան զինեալ խմբաւորումներ, որոնք կը փափաքին Թրիփոլին դարձնել ապահովական կղզի մը, ուր բանակը չկարենայ մուտք գործել:
Ըստ Ռասիի, Թրիփոլիի ցուցարարները իրենց զէնքերը կը ստանան արաբական այն երկիրներէն, յատկապէս Ծոցի երկիրներէն, որոնք կը զօրակցին սուրիական ընդդիմութեան:
Միւս կողմէ, նախկին երեսփոխան Ատնան Արաքժի խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակին դէմ յարձակումը, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի ապահովութիւնը թիրախ դարձնելու արարքը:
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական յարաբերութիւններու պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ծայր տուած զինեալ բախումներուն հարցը Շատի Մաուլաուիի ձերբակալումը կամ Ժապալ Մըհսենը չեն, այլ բանակին դերակատարութիւնը նսեմացնելու փորձ մըն է` դէպի Սուրիա զէնք փոխադրող նաւը գրաւելուն պատճառով:
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան գործադիր խորհուրդը յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ պատահածը քաղաքացիական պատերազմ վերարտադրելու փորձ մըն է:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Սալհապ նկատել տուաւ, որ Շատի Մաուլաուիի ձերբակալումը օրինական քայլ մըն է` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ սխալ պէտք է նկատել ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ Մաուլաուին ձերբակալելու քայլը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ յայտնեց, որ Փարիզ կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցիներուն երկրին շահերը ամէնէն աւելի կարեւոր նկատելու եւ կառչած մնալու երկխօսութեան, ազգային միասնականութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան:
Վալերօ յայտնեց, որ Ֆրանսա կը դատապարտէ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերը եւ կը շեշտէ սուրիական տագնապը Լիբանան չներածելու անհրաժեշտութիւնը:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը յայտնեց, որ Լիբանանի ներքին հարցերուն Սուրիոյ միջամտութիւնը ոչ մէկ ձեւով կարելի է արդարացնել:
Իսրայէլեան «Տեպքա» կայքէջը նշեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուղղակի հրահանգները` լիբանանեան բանակին դէմ, պատճառած են Թրիփոլիի միջադէպերը:

