ՀՅԴ Թրիփոլիի Կոմիտէն Մնայուն Կապի Մէջ` Շրջանի Հայութեան Հետ

Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն եւ Թրիփոլիի մէջ բնակող հայութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ՀՅԴ Թրիփոլիի կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Հարմանտայեանի հետ:

Վ. Հարմանտայեան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ կը տիրէ լարուած իրավիճակ մը, որուն պատճառով ամբողջ շրջանը ամայացած է եւ անդամալուծուած:

Ան հաստատեց, որ բախումներ կ՛արձանագրուին Թրիփոլիի գրեթէ բոլոր թաղերուն մէջ:

Վ. Հարմանտայեան յայտնեց, որ Թրիփոլիի կոմիտէութիւնը հեռաձայնային կապեր հաստատած է Թրիփոլիի մէջ բնակող բոլոր  հայ ընտանիքներուն հետ, որոնք վնաս չեն կրած:

Ան խնդրեց, որ որեւէ կարիքի կամ նեղութեան պարագային, Թրիփոլիի մէջ գտնուող հայերը անպայման կապուին շրջանի կոմիտէութեան, որ ճիգ պիտի չխնայէ իրենց օժանդակելու իր առաքելութեան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES