50 Տարի Առաջ ( 16 մայիս 1962 )
«Նամուս»-ի Բեմադրութիւնը
Հայ աւետարանական քոլեճի Շրջանաւարտից միութեան թատերախումբը 28 ապրիլ եւ 5 մայիս 1962 շաբաթ երեկոյեան ժամը 9:00-ին «Քոլեժ տը լա Սալ»ի, սրահին մէջ ներկայացուց Շիրվանզադէի «Նամուս»-ը. ընտանեկան ողբերգութիւն մը, որ կը բաղկանայ նախերգանքէ եւ չորս արարներէ: Յաւելեալ ցերեկոյթ մըն ալ տրուեցաւ ուսանողներու, շաբաթ 28 ապրիլի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Մենք այս տողերով կ՛անդրադառնանք մայիս 5-ի բեմադրութեան, որ նախորդին կարգ մը թերութիւններէն զերծ էր:
Դերուսոյց Անդրանիկ Կարապետեան տրամադրութեան տակ եղած ուժերով յարմար դերաբաշխում կատարած էր: Իրեն վերապահած էր աւանդապաշտ, պատուախնդիր, դաժան ընտանիքի հօր մը տիպարը յանձին Բարխուդարի, զորս յաջողապէս մարմնաւորեց:
Նկատի ունենալով դերերու առատութիւնը եւ դերակատարներու թիւին սահմանափակ ըլլալը, կարգ մը դերակատարներ կրկնակ, երբեմն ալ երեք դերերով պարտաւորուած էին բեմ գալ. այս հարկադրանքէն առաջ եկած անպատեհութիւնը եթէ ուրիշ դերակատարներու պարագային այդքան ալ աչքառու չէր, սակայն Սէյրանի մօր Մարիամի եւ Ռուստամի մօր` Սանամի դերերով Երանիկ Գառնիկեան նիւթին անծանօթ հանդիսականին մտքին մէջ կրնար շփոթ ստեղծել` նկատի ունենալով, որ երկու դերերն ալ բարեսիրտ, գուրգուրոտ մօր մը տիպարը կը մարմնացնեն, Գառնիկեան հարազատօրէն մարմնաւորեց զանոնք:
Յայտնութիւն մըն է Այտա Դերձակեան իր համարձակ խաղարկութեամբ Սուսամբարի դերով: Կը յուսանք յառաջիկային աւելի պատասխանատու դերերու մէջ տեսնել զինք:
Այտա Գրգեաշարեանի վիճակուած էր Սուսանի հրեշտակային տիպարին մարմնաւորումը, զոր հարազատօրէն ներկայացնելու ֆիզիքական յատկութիւններով օժտուած է օրիորդը:
Ալիս Էմմօղլուեան Սուսանի մօր Գիւլնազի դերով ցոյց տուաւ խաղարկութիւն մը, որ թերութենէ զերծ էր:
Մարի Քէշիշեան Շուշանիկի դերին մէջ հասարակ ամուսնական միջնորդ կնոջ մը տիպարը մարմնաւորեց, ինչպէս որ հարկ էր:
Յովհաննէս Յարութիւնեան Ռուստամի պատասխանատու դերը մարմնաւորեց ըմբռնուած եւ զուսպ խաղարկութեամբ:
Սէյրանի դերին մէջ յայտնութիւն մըն էր Վարուժան Կարապետեան իր դիմախաղերով, կեցուածքով, յարմար տիպարին:
Հրաչ Գրգեաշարեան, որ միշտ տարեց մարդու կերպարները յաջողապէս կը մարմնաւորէ, իր շարժուձեւերով, ձայնի եւ դիմախաղի արտայայտութեամբ յաջող էր Հայրապետի դերին մէջ:
Յովհաննէս Եագուպեան խաղաց Շպլի Շարուրի եւ Սերգէյ Բեգի դերերը, մասնաւորաբար առաջինին մէջ յաջող էր:
Խաչիկ Պալապանեան Ջաւադ եւ Խաչեղբայր դերերուն յարմար տիպարն էր:
Զաւէն Լամպաճեան, Սեդրակ Գազանճեան եւ Կարապետ Ազատեան երեք գինովները յաջող տիպարներ էին:
Հարսնիքի տեսարանին փայլ տուին Թագուհի Աբրահամեանի եւ Մկրտիչ Չոլաքեանի պարերը: Գառնիկ Գազանճեանի կողմէ կատարուած բեմայարդարումը յարմար էր: Նոյնպէս Կայծակ Գնդունիի դիմայարդարումը: Երկրաշարժի, թռչուններու, ձիու վազքի ձայները` տեղին:
Իր ընդհանուր գիծերուն մէջ գնահատելի ներկայացում մըն էր «Նամուս»-ը:
ԽԱԺԱԿ

