«Ազդակ» Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Էշրեֆիէի Հայկական Թաղամասին Կազմաւորումը Եւ Մեծ Հիւղաւանին Հրկիզումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Էշրեֆիէ

Պէյրութի Քէմփերուն մէջ տեղաւորուած գաղթական հայութիւնը աստիճանաբար սկսած էր դուրս գալ եւ տարածուիլ Պէյրութի եւ շրջակայքին մէջ: Հետզհետէ, հայաբնակ նոր թաղամասեր հիմնուեցան:

Պէյրութի արեւելեան կողմը Էշրեֆիէի գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց բարձունքն է, որուն հանդիպակաց կողմը կ՛երկարի Պրումմանայի, Պէյթ Մերիի եւ Պհաննէսի լեռնաշղթան, իսկ վայրը Պուրճ Համուտի դաշտագետինն է: Էշրեֆիէ հանդարտ, ծաղկուն եւ բարեկեցիկ թաղամաս էր. քարակերտ բնակարաններու շարքին կային վիլլաներ, ապարանքներ պարտէզներով եւ ծաղկաստաններով եզերուած: Հոն կալուածներ եւ ապարանքներ ունէին քրիստոնեայ Սուրսոք եւ Թապէթ ընտանիքները:

Հայ գաղթականները տեղաւորելու համար ֆրանսական բարձր քոմիսէրութեան եւ միջազգային կարմիր խաչին Սուրիոյ ներկայացուցիչին հովանաւորութեամբ յանձնախումբ մը կազմուած էր: Այդ յանձնախումբը Էշրեֆիէի բարձունքին վրայ ընդարձակ հողատարածք մը գնեց եւ երեք հարիւր բնակարաններու կառուցման որոշում առաւ, հայկական առանձին թաղամաս մը ունենալու նպատակով:

Այսպիսով, քէմփերէն դուրս գալով, հետզհետէ հայ ընտանիքներ սկսան կեդրոնանալ Էշրեֆիէի մէջ:

Նոյն ժամանակ հայ կաթողիկէ համայնքը ընդարձակ կալուած մը գնեց հոն, ուր հետագային եկեղեցի եւ պատրիարքարան կառուցուեցաւ: Աւետարանական համայնքն ալ կալուած մը գնեց:

Գաղթականներուն օգնելու նպատակով Ազգերու դաշնակցութիւնը մօտաւորապէս երկու հարիւր բնակարաններ կառուցեց Էշրեֆիէի մէջ, ուր տեղաւորուեցան հայ ընտանիքներ:

Իր կարգին գաղթականաց յանձնախումբը 250 ընտանիքի տեղաւորման համար Էշրեֆիէի ծայրամասին տողատարածք մը գնեց: Հոն կազմաւորուեցաւ Սպիտակ տուներ անունով ճանչցուած թաղամասը: Զոյգ սենեակներէ բաղկացած այդ բնակարանները յարմարաւէտ կացարաններ էին քէմփերէն ելած ժողովուրդին համար:

Էշրեֆիէի բարձունքէն դէպի ձախ երկարող վայրէջքը թփուտներով եւ ծառաստաններով ծածկուած ամայի եւ անմարդաբնակ գօտի էր: Քանի մը տասնեակ հայ ընտանիքներ այդ հողերը գնելով թփուտները մաքրեցին եւ բնակարաններ կառուցելով փոքր թաղամաս մը հիմնեցին: Այդ շրջանը կոչուեցաւ Սեփէթ Տուրմազ:

Էշրեֆիէ մէջ կեդրոնացած հայ ըտանիքները 1929-ին յանձնախումբ մը կազմեցին եւ 3251 կանգուն տարածութեամբ հողատարածք մը գնեցին, ուր 1932-ին փայտաշէն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ դպրոց կառուցեցին: Հետագային եկեղեցին քակուեցաւ եւ 1955-ին կառուցուեցաւ ներկայ սուրբ Յակոբ եկեղեցին:

*
*   *

Քէմփերու բնակիչներ թէեւ աստիճանաբար սկսած էին տարածուիլ դէպի շրջանները, բայց ժողովուրդին մեծամասնութիւնը տակաւին վրանաքաղաքի բնակիչ էր: Լիբանանահայ գաղութի պատմութեան տարեգրութեան մէջ կարեւոր անդրադարձ մը եղաւ մեծ հիւղաւանին հրկիզումը` 31 յունուար 1933-ին: Ողբերգութիւնը ահաւոր էր: Արդէն իսկ թշուառութեան մէջ ապրող ժողովուրդը անպատսպար մնաց եւ մոխիրի վրայ նստաւ:

Վրանաքաղաքի ողբերգութեան «Ազդակ» կ՛անդրադառնայ 1 փետրուար 1933-ին, «Սրտաճմլիկ ողբերգութիւն մը Ս. Խաչ հիւղաւանին մէջ» խորագիրով:

«Երէկ գիշեր, ժամը 9:00-ին սկսող հրդեհը երեք ժամուան միջոցին մոխիրի վերածեց Պէյրութի ամենամեծ եւ ամենահին հիւղաւանը, որ կը գտնուի հանրակառքի ընկերութեան կից եւ կը բաղկանայ 600 տախտակաշէն հիւղակներէ:

Անկարելի է առանց արցունքի նկարագրել այն սրտակեղեք տեսարանը, որ պարզեցին մեր աղէտեալ հայրենակիցները, ցրուած դաշտի վրայ, կորսնցուցած իրենց սրտահատորները եւ զրկուած իրենց ունեցած խրճիթներէն ու գոյքերէն: Անբաղդատելի արագութեամբ յառաջացող կրակը կը լափէր ամէն ինչ եւ շուարման կը մատնէր բոլորը: Մէկը, իր գոյքերէն գոնէ մաս մը ազատելու նպատակաւ նետուած էր բոցերու մէջ, ուրիշ մը դէպի իր բնակարանը երկարող կրակը մարելու դիտումով գործի լծուած էր, մայր մը սրտաճմլիկ աղաղակներ կ՛արձակէր եւ կը փնտռէր իր զաւակները, ծերեր ու պառաւներ թափ տուած իրենց սրունքներուն դուրս կը թափուէին հրկիզուած վայրերէն: Ստուարաթիւ ժանտարմաներ, զինուորներ եւ ոստիկաններ շղթայ կազմած կը հսկողին եւ չէին թող տար որ իրարանցումներ եւ անկարգութիւններ ըլլան: Շուտով բացօդեայ դաշտը գրաւուեցաւ աղէտուած հայրենակիցներու կողմէ եւ ամէն ոք պահ մը մոռցած իր ենթարկուած դժբաղդութիւնը, սկսաւ փնտռել իր սրտահատորները, որոնք իրարանցման միջոցին կորսնցուցած էին բազմութեան մէջ:

Ինչպէ՞ս եւ ուրկէ սկսաւ հրդեհը

Ժամը 9:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մօտ գտնուող եւ Մանուկ Չոլաքեանի պատկանող փուռէն կը սկսի կրակը: Կը ջանան մարել, մարդիկ կը հաւաքուին, սակայն բոցը կը սկսի բարձրանալ եւ բոլոր ներսինները դուրս կը թափուին: Շուտով կը բռնկին ներսը գտնուող ալիւրի պարկերը, տախտակները եւ անկարելի կ՛ըլլայ մօտենալ: Քանի մը վայրկեանի մէջ արդէն փուռը հրոյ ճարակ կը դառնայ:

Սակայն, դժբախտաբար, կրակը չի սահմանափակուիր միայն փուռով եւ կայծերն ու բարձրացող բոցերը կը կրակեն անմիջապէս մօտիկը գտնուող հիւղակները: Այն ատեն կը զգացուի աղէտի ծանրութիւնը եւ կը բարձրանան աղաղակները: Հիւղաւանի դիմացի շէնքի մը մէջ բնակող Պէյրութի ընդհ. դատախազը տեսնելով կրակը, իսկոյն կը հեռաձայնէ ոստիկանութեան, կը հասնին մեծ թիւով ոստիկաններ, հրշէջներու ամբողջ գունդը եւ գործի կը սկսին: Մինչ այդ սակայն, հրդեհը տարածուած էր, շնորհիւ օդի նպաստաւոր հոսանքին, մինչեւ հանրակառքի ընկերութեան ելեկտրակայանը եւ կը սպառնար ընկերութեան հաստատութիւններուն: Հրշէջները իրենց բոլոր ուժերը կեդրոնացուցին այն կէտին վրայ, ուրկէ կը յուսային արգիլել հրդեհի երկարումը հանրակառքի ընկերութեան շէնքերէն ներս: Եւ երբ բոլորի ուշադրութիւնը դարձած էր այդ կէտի վրայ, ասդին կրակը անողոք կերպով կը փճացնէր մնացած հիւղակները:

600 հիւղակներ մոխիր կը դառնան

Գիշերը, քաղաքի բոլոր կողմերէն մարդիկ կը փութային աղէտի վայրը: Հոգեւորը եւ ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչները, խնամատարական մարմնի անդամները, բոլորը հոն էին: Ժամը 12:00-ին առանց բացառութեան հիւղաւանի 600-ի մօտ բնակարանները մոխիրի վերածուած էին եւ միայն թանձր մուխը կը բարձրանար դէպի երկինք: Ս. Խաչ եկեղեցին, առաջնորդարանի շէնքը, Անդրանիկեան մանկապարտէզը, վարժարանի շէնքերը, ազգապատկան խանութները ու բնակարանները,  բողոքականաց ժողովատեղին, հրոյ ճարակ դարձած եւ տեղերն իսկ անճանաչելի եղած էին: Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մօտ գտնուող շուկան, մեծ մասամբ իրենց պարունակութիւններով մոխիրի վերածուեցաւ: Եկեղեցական թանկարժէք անօթներ միայն կարելի եղաւ ազատել. մնացած բոլոր գոյքերը հրդեհուեցան:

Ժամը 12:30-ին  տխրատեսիլ աւերակի մը վերածուած էր Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղը եւ մուխը միայն քուլայ քուլայ կը բարձրանար  լզելու երկինքի երեսը, որ այդ գիշեր այնքան մութ էր եւ տխուր…:

Բ.- Քոմիսէրը աղէտին վայրը

Աղէտի լուրը առնելուն պէս` Ն. Վ. Բարձր քոմիսէր պրն. Բոնսօ կը փութայ աղէտին վայրը եւ աչքերովը կը տեսնէ դժբախտութիւնը: Չափազանց յուզուած եւ ազդուած տեսարանի ողբերգականութենէն, պրն. Բոնսօ, իսկոյն կը հրամայէ բանալ Քարանթինայի դռները յատկացուելու համար դաշտի վրայ մնացած անպատսպար ու ցրտահար աղէտեալներուն: Միւս կողմէ Ն. Վսեմութիւնը կը հրամայէ տեղական կառավարութեան անմիջական օգնութեան փութալ:

Հնարաւոր չըլլար սակայն գիշերուանց տեղաւորումը աղէտուած հայրենակիցներու, որովհետեւ ոչ ոք կ՛ուզէ հեռանալ իր աւերակուած խրճիթի քովէն:

Այստեղ երախտագիտութեամբ պէտք յիշել նաեւ, որ գտնուեցան բազմաթիւ տեղացիներ ալ, որոնք չափազանց զգացուած դժբախտութեան տեսարանէն, առաջարկած են տուն ու տեղ տրամադրել քանի մը ընտանիքներու:

Աղէտի պատճառած վնասը

Ինչպէս ըսինք, հրդեհի տարածումը այնքան արագ տեղի ունեցաւ, որ շուարումի մատնեց տեղւոյն բնակիչները: Ոչ ոք կրցաւ ամբողջութեամբ փոխադրել իր ունեցած գոյքերը: Հազիւ իրենց երեխաներն ու կարգ մը անհրաժեշտ կարասիները առած դուրս կը թափուէին մօտակայ դաշտը: Իսկ խանութպանները, որոնցմէ շատեր հեռաւոր թաղերու մէջ կը բնակին, չի կրցան հասնիլ եւ հրոյ ճարակ եղաւ իրենց ամբողջ ունեցածը: Նոյն իսկ շատեր չեն կրցած իրենց դրամարկղներու մէջ գտնուած գումարները առնել:

Թէպէտ կարելի չէ այժմ որոշ գումար մը ըսել վնասի քանակի մասին, սակայն մօտաւոր հաշիւ մը հազարաւոր ոսկիներու վնաս մը ցոյց կու տայ: Բարեբախտաբար, այս դժբախտութեան միջոցին անձի կորուստ չէ եղած: Քանի մը հոգի վիրաւորուած են եւ անմիջապէս բժշկական խնամքի ենթարկուած:

Թշուառութիւնը ծայր աստիճանի հասած

Վրանաքաղաքին աղէտեալները հրդեհին յաջորդ օրը

800 ընտանիք մինչեւ առաւօտ բաց դաշտին մէջ գիշերելէ վերջ, առաւօտուն սկսան իրենց հիւղակներու աւերակներուն տակէն դուրս հանել այրուած գոյքերու մնացորդներ, թիթեղներ եւ ածխացած առարկաներ:

Բազմաթիւ ընտանիքներ, նոյն իսկ գաւաթ մը թէյ խմելու հնարաւորութենէն զրկուած, արտասուաթոր կը սպասեն բաց դաշտին վրայ եւ կ՛ողբան իրենց ճակատագիրը: Շատեր ոչ անկողին ունին ոչ ալ հագուստ: Ցուրտը եւ ձմեռը կը սպառնան բոլորի կեանքին: Հազարի մօտ աշակերտութիւնը մնացած է փողոցները: Առաջնորդարանի կարգադրութեամբ պարպուած է նաեւ Էշրեֆիէի վարժարանի շէնքը, աղէտեալներուն յատկացուելու համար»:

*
*   *

Յաջորդ օր, 2 փետրուար 1933-ին, «Աղէտ աղէտի ետեւէ» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

«Գործազրկութեան յառաջ բերած արհաւիրքը Պէյրութի հայ աշխատաւորութեան համար բաւական չեղաւ: Շաբաթներէ ի վեր անօթի ու թշուառ իր հիւղակին մէջ պատսպարուած աշխատաւորը, նախախնամական կարգադրութեամբ մը, զրկուեցաւ նաեւ այդ թիթեղեայ կիսախուլ խրճիթէն, դատապարտուելով բաց դաշտին վրայ գիշերելու ձմրան այս ցուրտին ու բուքին:

Եւ մէկ երկու ժամուան մէջ, մոխրացան մօտ 600 բնակարաններ եւ խուճապահար դուրս թափուեցան մեր 4000-ի մօտ դժբախտ հայրենակիցները, առանց անկողնի եւ տնական գոյքերու: Զարհուրելի աղէտը այնքան արագ եւ սաստկաշունչ տարածուեցաւ, որ հնարաւոր չդարձուց մեր խեղճ հայրենակիցներուն օգնութեան գործը: Տասնեակներով մեթր դէպի երկինք բարձրացող բոցը իր արձակած կայծերուն շնորհիւ մէկ անգամէն կը բռնկեցնէր հրդեհը զանազան ուղղութիւններով եւ անկարելի կը  դարձնէր հրշէջներու գործը:

Կրակի պատճառած ճարճատիւնը, աղէտեալներու արձակած աղիողորմ ճիչերը, երեխաներու աղաղակները, կենդանիներու ձայները, ամէնը իրար խառնուած այդ գիշեր, Աստուա՜ծ իմ, ի՜նչ զարհուրելի տեսարան մը կը ներկայացնէին: Դաշտին վրայ խելագար մայրեր իրենց զաւակները կը փնտռեն, աղջիկներ իրենց եղբայրները կը կանչեն, հայրեր հրդեհներու մէջ իրենց վտանգուած սրտահատորները կ՛որոնեն: Ամբողջ քաղաքը մէկ ժամուան մէջ արդէն ոտքի էր: Հեռաւոր եւ մօտաւոր թաղերէ հազարաւորներ լեցուած էին հրդեհին վայրը եւ անզօր` կասեցնելու բնութեան կատաղութիւնը, արտասուաթոր աչքերով կը դիտէին մարդկային զարհուրանքը:

Բարձր քոմիսէրը, Հանրապետութեան նախագահը, պրն. Պ. Հելլօ, զօրավար Բերնէ, Պուշէտ, քոլոնել Խազէն, Բ. քոմիսէրութեան եւ Փոքր Սերայի բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնատարները թափուած էին հրդեհին վայրը: Ֆրանսական ծովային ու ցամաքային ուժերը փութացած էին օգնութեան: Ծովային զինուորներ կրակներու մէջ նետուած կ՛օգնէին հրկիզեալներուն: Կաթ. փոխանորդ Կարոյեան սրբազան ժամանակին հասած էր աղէտին վայրը: Խնամատարական մարմնի նախագահ Գասպար Իփէկեան, որ մինչեւ ուշ գիշեր ժամը 2:00-ը աղէտեալներուն մէջ կը գտնուէր, գերբնական աշխատանքի լծուած էր եւ կը վազէր մէկ կողմէն միւսը, մէկ կողմէ մխիթարելու համար դժբախտները, միւս կողմէ կարգադրութիւններ ընելու ձեռք առնուելիք միջոցներու շուրջ:

Նոյն հոգածութիւնն ու գուրգուրանքը ցոյց կու տային Ն. Վսեմութիւն Բ. քոմիսէրն ու Հանրապետութեան նախագահը, Ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնը, ոստիկանապետը, Պէյրութի կառավարիչը, զինուորական հրամանատարութիւնը եւ տեղական ու հոգատար իշխանութեանց բոլոր պաշտօնատարները: Ն. Վ. Բոնսօ, ինչպէս հրդեհի միջոցին, նոյնպէս եւ յաջորդ առաւօտ քանիցս այցելած է աղէտեալները, հետաքրքրուած անոնց վիճակով եւ աշխատած է մխիթարել: Հրդեհի պատահած միջոցին իսկ, պրն. Բարձր քոմիսէրը հեռագրով Փարիզ հաղորդած է պատահած ողբերգութիւնը: Իսկ տիկին Բոնսօ չափազանց յուզուած, արցունքով դիտած է աղէտեալներու վիճակը:

Հրկիզեալներու օգնութեան գործին հանդէպ հոգատար եւ տեղական իշխանութեանց կողմէ ցոյց տրուած հոգածու վերաբերմունքը նմանապէս կը հաստատեն անոնց գուրգուրանքն ու հետաքրքրութիւնը: Ինչպէս տեղեկացան մեր ընթերցողները, Բարձր քոմիսէրը եւ Հանրապետութեան նախագահը մեծ կարեւորութեամբ կը զբաղին օգնութեան գործով եւ միջոցներ կ՛որոնեն մեղմելու համար թշուառութիւնը: Վերջին ծայր կարօտեալներու անմիջական հոգածութիւնը, Բ. քոմիսէրի կարգադրութեամբ յանձնուած է Զինուորական իշխանութեան: Վստահ ենք, որ Լիբանանի կառավարութիւնն ալ պիտի բերէ իր մասնակցութիւնը եւ պիտի ստանձնէ մէկ մասին խնամքը:

Բայց այդ բոլոր օգնութիւնները բաւական չեն դարմանելու համար զարհուրելի աղէտին պատճառած վնասը: Հացն ու ապուրը հազիւ կրնան անօթութեան սպառնալիքէն առժամապէս ազատել մեր դժբախտացած հայրենակիցները: Մինչդեռ անոնք այժմ զրկուած են իրենց տնական բոլոր գոյքերէն ու կարասիներէն, հագուստեղէններէ, անկողնէ եւ այլ պիտոյքներէ: Մինչեւ հիմա երդիքի մը տակ ապաստանած էին, որը կը նկատէին իրենց սեփականութիւնը: Կը յուսային օր մը զայն քանդել եւ ուրիշ տեղ մը կառուցել: Սակայն հիմա անոնք թափառաշրջիկ գաղթականներ դարձան: Իրենց երեւակայութեան սահմանէն ի սպառ հեռացաւ իրենց միջոցներով տուն տեղ ըլլալու եւ սեփական պատսպարան մը ունենալու յոյսը:

Խորին երախտագիտութեամբ եւ շնորհակալութեամբ յուսալով հանդերձ որ հոգատար եւ տեղական իշխանութիւնները պիտի չզլանան ամէն տեսակ օգնութիւն եւ դիւրութիւն, շատ կարեւոր պարտականութիւններ կը ծանրանան մեր վրայ: Մեր անհոգութիւնն ու անտարբերութիւնը նախ գէշ տպաւորութիւն մը կը գործեն իշխանութեանց վրայ, երկրորդ կը տկարացնեն նպաստի շարժումները: Երբ, հոս, մեր աչքերուն առջեւ այնքան զարհուրելի կերպով ցցուած է աղէտը եւ մեր աղէտեալ սրտահատորներու թշուառութեան ականատես կ՛ըլլանք, անմիջապէս պէտք է փութանք օգնութեան: Մինչեւ որ արտասահմանի հայութեան նպաստները հասնին եւ Բարեգործականն ու այլ բարեգործ հաստատութիւններ իրենց հիմնական կարգադրութիւնները ընեն, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութիւնը գործի սկսելով անմիջական կարեկցութեան պէտք է փութայ: Խնամատարական մարմինը արդէն Պէյրութի համար կարգադրութիւններ ըրած է. իսկոյն գործի կը սկսին հոս, Սուրիոյ եւ Լիբանանի միւս շրջաններուն մէջ ալ պէտք է ձեռնարկեն հանգանակութեանց, դրամական, հագուստեղէնի, անկողնի, տնական այլ պէտքերու եւ այլն:

Արտասահմանի հայ մեծահարուստներու եւ Բարեգործական հաստատութեանց արդէն հեռագրաւ դիմումներ կատարուած են. վստահ ենք, որ անոնք անտարբեր պիտի չի մնան. մանաւանդ արտասահմանի մեր մամուլը առանձին ուշադրութեամբ պիտի շեշտէ օգնութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հայրենակիցնե՛ր, նախ մենք կատարենք մեր բաժինը, որովհետեւ աղէտը մեծ է եւ կարօտ միահամուռ նուիրումի»:

 

Share this Article
CATEGORIES