Հայրենի Կեանք

Վերջերս Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-
Հիմնարկին Մէջ Ներկայացուեցաւ «Գիրքը Իբրեւ
Ցեղասպանութեան Վկայ» Ցուցադրութիւնը

Վերջերս Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ գրատպութեան 500-ամեակին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով ներկայացուեցաւ «Գիրքը իբրեւ ցեղասպանութեան վկայ» ցուցադրութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց, որ ցուցահանդէսին մէջ ներառուած են մօտաւորապէս 300 հնատիպ եւ սկզբնաղբիւրային նշանակութիւն ունեցող տպագիր միաւորներ:

«Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած գիրքերը բաշխուած են տարբեր խորագիրներու տակ: Թանգարանի սրահներուն մէջ ներկայացուած են` ճանապարհային նոթեր, դասագիրքեր, արեւմտահայոց հասարական, մշակութային եւ գործարար կեանքին վերաբերող եզակի հրատարակութիւններ», նշած է Հ. Դեմոյեան:

Ըստ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի գիտաժողովին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին իրենց ցուցաբերած աջակցութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ իրենց ունեցած աւանդին համար Ռալֆ Եիրիկեան, Ճեֆրի Ռոպերթսոն եւ Եուսսի Պեորն արժանացած են «Ֆրիտեոֆ Նանսեն»-ի ոսկիէ մետալին, որ հրապարակուած է «Երախտագիտութիւն» անուանակարգով:

«Վիվասել-Էմ.Թի..էս.»-ի տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին վստահեցուցած է, որ եթէ թուրքերը գիտնային, թէ հայերը ինչպէ՛ս պիտի փորձեն ձեռք ձգել այդ վաւերագիրները եւ վերահաստատեն իրենց ճշմարտացիութիւնը, կարելիութիւնը կար, որ չիրականացնէին այդ ոճրագործութիւնները, որ կատարած են Եղեռնին:

Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ 23 ապրիլին եւ պիտի ցուցադրուի երեք ամիս:

Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան «Տիգրան Մեծ»
Մենաներկայացումով

Բեմ
Պիտի Բարձրացնէ 14 Կերպար

Սան Ֆրանսիսքօ բնակող դերասանուհի Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան 21 մայիսին Սթանիսլաւսկիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոնի բեմին վրայ պիտի ներկայացնէ «Տիգրան մեծ» մենաներկայացումը, որ երկու արարով է: Նշենք, որ թատրերգութեան հեղինակը եւ բեմադրիչը դերասանուհին է:

«Տիգրան մեծ» մենաներկայացումը հիմնուած է Պերճ Զէյթունցեանի «Աստուծոյ տասներկու օրը» թատրերգութեան, հայոց պատմութեան եւ Մարի Ռոզի մտորումներուն վրայ: Այս մենաներկայացումով դերասանուհին առանձին պիտի մարմնաւորէ 14 կերպարներ:

Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան նախորդ տարի Երեւանի մէջ ներկայացուցած էր Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրերը» մենաներկայացումը: Ան թատերական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Գեղարուեստական-թատերական հիմնարկին մէջ: Երկար տարիներ աշխատած է Երեւանի տրամաթիքական` այժմ Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան թատրոնին մէջ: Բազմաթիւ դերեր ստանձնած է պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի գրական-թատերական հաղորդումներուն ընթացքին: Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան 1983-էն ի վեր կ՛ապրի Սան Ֆրանսիսքօ:

Շուշիի Ազատագրութեան 20-Ամեակին
Նուիրուած
Պաստառներու Ցուցահանդէս

Մայիս 8-ին Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիայի «Ալպերթ եւ Թովէ Պոյաճեան» ցուցասրահին մէջ:

Ըստ ձեւաւորման ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսէօր Գագիկ Գէորգեանի, ցուցահանդէսին իրականացման համար բաժնի ուսանողները աշխատած են մեծ ոգեւուրութեամբ: «Ճիշդ է, որ նախաձեռնութիւնը եղած էր մեր կողմէ, սակայն ուսանողները մեծ աշխուժութեամբ մասնակցած են, եւ այստեղ ներկայացուած են միայն Ա. եւ Բ. տարուան ուսանողներու աշխատանքները», յայտնած է Գ. Գէորգեան:

Ձեւաւորման բաժանմունքի ուսանողներէն Զաւէն Մարուխեան իր պաստառին վրայ ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի քարտէսը` մետալ Շուշիի տեսքով: Ան ըսած է, որ` «Շուշին ներկայացուցած եմ մետալի տեսքով, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարտիկի, կռուողի համար անիկա եղած է պարգեւ, եւ փափաքս է, որ մարդիկ տեսնեն, յիշեն եւ հպարտանան Շուշիի յաղթանակով», եզրափակած է ան:

Յիշեցնենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած է մօտաւորապէս 50 պաստառ` Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակին նուիրուած:

«ՎԻՎԱՍԵԼ–Էմ.Թի.Էս.»-ը Առաջնորդներու
Դպրոցի Ուսանողներուն Ներկայացուցած Է
Իր Կառավարման Հմտութիւնները

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի տեղեկատուական բաժանմունքէն տեղեկացուցին, որ ընկերութեան կառավարման ձեւը կը շարունակէ իբրեւ օրինակ ծառայել ապագայ մասնագէտներուն համար, որոնք տեսական գիտելիքը գործնականով հարստացնելու հարցին մէջ արդիւնաւէտ կը համարեն Հայաստանի մէջ հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութեան` «Վիվասել.Էմ.Թի.Էս.»-ի կառավարման փորձը:

«Աշխատանքային առողջ միջավայր, նոր չափանիշ սահմանելու համարձակութիւն, բարոյական արժէքներով առաջնորդուելու կամք, պատասխանատուութիւն եւ արդիւնքի հասնելու հետեւողականութիւն` մօտաւորապէս այսպիսին պէտք է ըլլայ այն կազմակերպութեան ռազմավարութիւնը, որ կը ձգտի ըլլալ առաջատար եւ առաջնորդել իր օրինակով», յայտնած է Առաջնորդներու դպրոցի ուսանողներուն «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռաֆլ Եիրիկեան:

Նշենք, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս»-ը կառավարման գործիքներու ընտրութեան հարցին մէջ կարեւոր կը համարէ աշխատակիցներու մասնագիտական իրական կարելիութիւններու բացայայտումը եւ ղեկավարի դերը գնահատելու կարողութիւնը: Ապագայ մասնագէտներու հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուած է կառավարման համակարգուած մօտեցման առաւելութիւնը եւս:

Լոյս Տեսած Է Եղիշէ Չարենցի
Նորայայտ
Անտիպ Ժառանգութիւնը`
«
Գիրք Մնացորդաց»

«Նայիրի» հրատարակչութիւնը, Դաւիթ Գասպարեանի աշխատասիրութեամբ, լոյս ընծայած է Եղիշէ Չարենցի «Գիրք մնացորդաց» անտիպ ժառանգութիւնը, Երեւանի մէջ, 2012-ին, 440 էջով եւ 500 օրինակով:

Գիրքը կ՛ընդգրկէ Եղիշէ Չարենցի նորայայտ անտիպ ժառանգութիւնը: Հրատարակութիւնը կը նպատակադրէ այս հատորներով ամփոփել եւ գրասէր հանրութեան տրամադրութեան տակ դնել մեծ գրողին վերջին տարիներու հարուստ վաստակը, որ ցրուած վիճակի մէջ մնացած էր:

Գիրքին սկիզբը տեղ գտած է Դ. Գասպարեանի «Չարենցի ձեռագիրներու եւ յարակից հարցերու մասին» ծաւալուն նախաբանը: Ժողովածուն բաղկացած է հետեւեալ բաժիններէն` «Պոէմներ, «Բանաստեղծութիւններ», «Պաշտօնական գրութիւններ», «Զանազան գրութիւններ», «Նամակներ, հեռագրեր», «Մակագրութիւններ, ընծայագրեր», «Պատառիկներ», «Թարգմանութիւններ», «Կենսագրական վաւերագրեր», «Ծանօթագրութիւններ, մեկնաբանութիւններ, բնագրային տարբերութիւններ»:

Անկէ ետք զետեղուած է «Անհատականութիւն եւ ստեղծագործական ազատութիւն» ուսումնասիրութիւնը: Գիրքը կ՛աւարտի Ե. Չարենցի կեանքի եւ ստեղծագործութեան համառօտ ներկայացումով:

«Գիրք մնացորդաց»-ը գիտական հրատարակութիւն է, որ նուիրուած է Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 115-ամեակին եւ հրատարակուած է պետական պատուէրով:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը
Վերանորոգած
Է Երեւանի Նորքի Ծերանոցին
Մէկ
Բաժինը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը փետրուարին աւարտեց Երեւանի Նորքի ծերանոցին Ա. մասնաշէնքին 3-րդ եւ 4-րդ յարկերուն ամբողջական վերանորոգումը: Նորոգուած են նաեւ ելեկտրական, ջրամատակարարման եւ կոյուղիի համակարգերը: Ծրագիրը ֆինանսաւորած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին Թորոնթոյի մարմինը:

Նորքի ծերանոցը 1989-1990-ի կառոյց է:

Վերանորոգման աշխատանքները ուղղուած են հաստատութեան համընդհանուր արդիականացման: Ներկայիս ծերանոցին քառայարկ երկու մասնաշէնքերուն մէջ կը բնակի 65 տարիքէն վեր 230 տարեց, որոնց 130-ը կիներ են: Տնօրէն Արթուր Մելքոնեանի փոխանցումով, վերջերս ամուսնացած երկու զոյգերուն սենեակներ տրամադրուած են վերանորոգուած յարկաբաժիններուն մէջ:

Տարեցներուն համար կը կազմակերպուին զանազան ձեռնարկներ, իսկ փետրուարին, տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուեցաւ 78 տարեցներու աչքի անվճար ստուգում:

Նշենք, որ նորոգուած յարկաբաժինները եւ տնօրէնութեան միջոցներով վերանորոգուած ճաշարանը եւ ժամանցի սրահը առաւել բարենպաստ պայմաններ ստեղծած են մեծահասակներուն հանգիստին համար:

Մել Կիպսըն Պիտի Նկարահանէ
Վարդանանց
Հերոսամարտը

Հոլիվուտի հետ համագործակցաբար Հայաստանի մասին պատմական ժապաւէն նկարահանելու մասին արդէն հայ գործարար մը համաձայնութիւն կայացուցած է աշխարհահռչակ բեմադրիչ եւ դերասան Մել Կիպսընին հետ: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաջ, Հայաստանի մշակոյթի, արուեստի եւ գիտութեան ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

«Ես խնդրած եմ հայ գործարարէ մը, որ ունի նախնական համաձայնութիւն Մել Կիպսընին հետ: Կը յուսամ, որ ան այս տարի կու գայ Հայաստան եւ միասին կը քննարկենք այդ համաձայնագրին հետագայ կեանքը», ըսած է նախագահը: Ան վստահեցուցած է, որ ժապաւէնին նիւթը պիտի ըլլայ Վարդանանց հերոսամարտը եւ հաւանաբար անիկա կրէ «Բիւզանդիայէն արեւելք» խորագիրը:

«Ոսկէ Ծիրան» 9-րդ Երեւանեան Միջազգային
Շարժապատկերի
Մրցումը Տեղի Պիտի Ունենայ
8-15
Յուլիս

«Ոսկէ ծիրան» 9-րդ երեւանեան միջազգային շարժապատկերի փառատօնին  մասնակցութեան դիմում ներկայացնողներուն թիւը աննախընթաց կերպով մեծ եղած է: Արդարեւ, այս տարի 70 երկիրներէ 1120 դիմում ներկայացուած է: Փառատօնային ծրագիրին ընթացքին մրցումները կը մնան նոյնը` «Միջազգային խաղարկային», «Միջազգային վաւերագրական», «Հայկական համայնապատկեր» եւ Կորիզ»:

11 մայիսի լրագրողներու հետ ունեցած ասուլիս ընթացքին Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան նշած է, որ փառատօնը այս տարի պիտի ունենայ հարուստ եւ հետաքրքրական ծրագիր: «Այս տարի ամրան եւս Երեւանը պիտի ըլլայ բազմամարդ եւ պիտի տիրէ հետաքրքրական եւ ջերմ մթնոլորտ», հաստատած է նախարարը` աւելցնելով, որ այս տարուան նորութիւնը պիտի ըլլայ «Գիրք եւ շարժապատկեր» ծրագիրի իրականացումը:

«Ոսկէ ծիրան» երեւանեան միջազգային շարժապատկերի փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան տեղեկացուցած է, որ ներկայացուած դիմումներէն լաւագոյնները ընտրուած են: Ան դիտել տուած է, որ անոնց կարգին են այն ժապաւէնները, որոնք գիրքերու հիման վրայ պատրաստուած են: Ան նշած է նաեւ, որ փառատօնին բացումը պիտի կատարուի 8 յուլիսին «Ֆաուսթ» ժապաւէնին ցուցադրութեամբ: Երեւանեան մէկ շաբթուան փառատօնի ծիրին մէջ այս տարի եւս 6-րդ անգամ ըլլալով պիտի կազմակերպուի «Բեմադրիչներ առանց սահմաններու» միացեալ արտադրութեան ֆորումը, որ հաւանաբար կայանայ «Շարժապատկերի լրագրութիւն առանց սահմաններու» խորագիրով դասընթացքի միջազգային բարձրակարգ մասնագէտներու եւ շարժապատկերի քննադատներու մասնակցութեամբ:

«Դասական Եւրոտեսիլ 2012-»-ին
Հայաստանը
Գրաւեց 3-րդ Դիրքը

«Դասական Եւրոտեսիլ 2012»մրցումը տեղի ունեցաւ 11 մայիսին, Վիեննայի «Ուաթհաուզ» հրապարակին մէջ: Մրցումին Հայաստանը ներկայացուց 15-ամեայ քանոնահար Նարեկ Կազազեանը, որ գրաւեց 3-րդ դիրքը:

Գոհար Գասպարեան, որ Վիեննայի մրցումին հայաստանեան պատուիրակութեան պատասխանատուն էր, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հաղորդած է, որ մրցումին սահմանուած էր երեք մրցանակ միայն: Ի տարբերութիւն «Եւրոտեսիլ»-ի միւս մրցումներուն` «Դասական Եւրոտեսիլ»-ին շահողը ընտրուած է ոչ թէ հեռուստադիտողներու եւ դատական կազմի քուէարկութեան յիսուն-յիսուն յարաբերակցութեամբ, այլ` միայն հինգ անդամներէ բաղկացած դատական կազմի մը կողմէ:

Մրցումին Ն. Կազազեան ելոյթ ունեցած է 6 թիւին տակ` նախորդելով 7 թիւին տակ հանդէս եկող նոյնպէս հայ ազգի զաւակ, սակայն Աւստրիան ներկայացնող ջութակահար Էմանուէլ Ճգնաւորեանին, որ գրաւած է մրցումին 2-րդ դիրքը: Իսկ մրցումին առաջնութիւն շահած է Նորվեկիոյ ներկայացուցիչ` ջութակահար Էյվինտ Հոլցմարք Ռինկսթանտինը:

1982-էն ի վեր երկու տարի անգամ մը Վիեննայի մէջ իրականացուող միջազգային պատկերասփիւռային երաժշտական թիւով 16-րդ մրցումին Հայաստանը իր դասական Եւորտեսիլեան կենսագրութեան մէջ կը մասնակցի առաջին անգամ:

Յայտնենք, որ «Դասական Եւրոտեսիլ 2012»-ի մրցումին Հայաստան մասնակցած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան աջակցութեամբ:

«ՎԻՎԱՍԵԼ–Էմ.Թի.Էս» Կը Հովանաւորէ
«
Բարեկամութիւն» Պետական Համոյթին
Հերթական
Համերգաշրջանը

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս» ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ պիտի հովանաւորէ Պարի միջազգային օրուան նուիրուած` «Բարեկամութիւն» պետական անսամպլի հերթական ելոյթը: Համոյթը 25 տարիէ կը վայելէ հանդիսատեսի համակրանքը:

Համոյթը իր կատարումներով հանդէս եկած է Գերմանիոյ, Միացեալ Թագաւորութեան, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Չինաստանի եւ այլ երկրներու բեմերուն վրայ:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան նկատել տուաւ, որ ընկերութիւնը կը քաջալերէ արուեստի «դեսպաններու» գործունէութիւնը` հայու ինքնութիւնը պահպանելու եւ սերունդներուն փոխանցելու համար:

Հայկական պարերը բեմադրուած են Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաճանեանի, Տիգրան Մանսուրեանի եւ հայ մեծանուն երաժիշտներուն ստեղծագործութիւններուն եւ մշակումներուն հիման վրայ:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES