Ազրպէյճան. Պաքուի Պատահական Հարուածները Պերլինի

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեստերուելլի վերջերս քննադատեց Ազրպէյճանի մարդկային իրաւանց խախտումներուն ցուցանիշը: Մայիսին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք «Եւրոտեսիլ» երգի մրցումէն առաջ կատարուած այս քննադատութիւնը զայրոյթը յառաջացուց Պաքուի մէջ, որուն արձագանգը հանդիսացան կառավարութեան հովանաւորած լրատու միջոցներու խմբագրականները:

Այս տարուան «Եւրոտեսիլ» երգի մրցումին բացման տեսարանը բառերու պատերազմ մըն է: Հիւրընկալող երկրին` Ազրպէյճանի մէջ պետական վերահսկողութեան տակ գտնուող լրատու աղբիւրները յարձակում կը շղթայազերծեն Գերմանիոյ դէմ, բողոքելով, որ Պերլին «լայնածիր արշաւի» մը ետին է քաղաքականացնելու համար «Եորոտեսիլի»-ի ձեռնարկը եւ վարկաբեկելու Պաքուն:

Նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմը կ՛ուզէ Եւրոտեսիլ»-ի մրցումը օգտագործել (Ձեռնարկ մը, որուն պիտի հետեւին աւելի քան 100 միլիոն անձեր), իբրեւ հասարակութեան հետ կապերու ցատկահարթակ` Ազրպէյճանի միջազգային դիմագիծը բարձրացնելու համար: Մինչդեռ մարդկային իրաւանց պաշտպան միջազգային գործիչներ տեղական քաղաքացիական հասարակութեան ջատագովներուն հետ կը յուսան, որ «Եւրոտեսիլ»-ը կ՛օգնէ ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու համար Ազրպէյճանի չարագուշակ մարդկային իրաւանց ցուցանիշին վրայ: «Եւրոտեսիլ»-ի կիսաւարտականն ու աւարտականը տեղի պիտի ունենան Պաքուի մէջ, մայիսի վերջաւորութեան:

Վերջերս, հաւանաբար Ազրպէյճանի ժողովրդավարացման ցուցանիշին ամէնէն հնչեղ քննադատութիւնը եկաւ Գերմանիայէն: Արդարեւ, գերմանական լրատու հիմնական գործակալութիւններ, ներառեալ` «Շփիկըլ Օնլայն» եւ «Տայ Ցէյթ», գրեթէ ամէն օր լուսարձակի տակ կ՛առնեն Ազրպէյճանի մէջ անհատական ազատութեան եւ քաղաքական բազմակարծութեան բացակայութիւնը: Կարգ մը լրատու աղբիւրներ մարդկային իրաւանց պաշտպան գործիչներու հետ փորձած են «Եւրոտեսիլ»-ը պոյքոթի ենթարկելու աջակցութիւն թմբկահարել:

«Գերմանական հրատարակութիւններ, ինչպէս` «Շփիկըլ», եղած են ամէնէն համարձակ եւ բացայայտը` Ազրպէյճանի իսկական կացութիւնը ներկայացնելու մէջ», ըսաւ Լէյլա Ալիեւա, որ Պաքուի Ազգային եւ միջազգային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին նախագահն է:

Գերմանացի կառավարական պաշտօնատարներ նոյնպէս քննադատութեան թիրախ դարձուցած են Ալիեւի վարչակազմը: Մարտին արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեստերուելլէ հաստատեց «Եւրոտեսիլ»-ը օգտագործելու գաղափարը, որպէսզի ժողովրդավարացման համար Ազրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցուի:

Վեսթըրուելլէ եւ Ալիեւ Պաքուի մէջ, մարտ 2012-ին

«Մենք այս առիթները պէտք է օգտագործենք ստեղծելու համար… մեր ժողովրդավարական արժէքները յառաջացնելու հրապարակային, հանրային քննադատական ատեան», ըսաւ Վսթերուելլէ: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը, սակայն, ընդդիմացաւ պոյքոթին:

Գերմանիոյ կառավարութեան մարդկային իրաւանց հարցերու ներկայացուցիչ Մարքուս Լոէնինկ Պերլինի մէջ Պաքուի ամէնէն հետեւողական քննադատն է:

«Ազրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է յարգէ մարդկային իրաւունքները: Կառավարութիւնը պէտք է հասկնայ, որ ազատ տնտեսութեան բարգաւաճումը անկարելի է առանց անհատական ազատութեան, ըսաւ ան Պաքուի մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանի քննարկումներուն ատեն:

Վերջին շաբաթներուն Ազրպէյճան սկսած է իր քննադատներուն կրակոցները վերադարձնել: Պետական պատկերասփիւռի կայանը, օրինակ, սփռեց տեղեկագիր մը, Գերմանիոյ ելեւմտական հանգոյցը` Ֆրանֆուրթ ամ Մէյն, պատկերացնելով իբրեւ փտածներու եւ մեղաւորներու որջ մը: Տեղական թերթեր նաեւ փչեցին տարաձայնութիւններ, թէ Լոէնինկ օգոստոսին Պաքու այցելած ատեն ցոփ, շուայտ կեանք-ապրած է:

Բայց այս արատները գունաթափ կ՛ըլլան` համեմատած այն պնդումներուն, որոնք կատարուած են Ազրպէյճանի իշխող կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Ենի Ազրպէյճան»-ի պատրաստած հրաբորբ, այրող մեկնաբանութեան մէջ: Յօդուածը, որ 21 ապրիլին տեղադրուած է «Թուտէյ. ազ» կայքէջին վրայ, կը պնդէ, թէ գերմանացի կառավարական պաշտօնատարներ, լրագրողներ եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու գործիչներ բոլորն ալ կը մասնակցին Ազրպէյճանը վարկաբեկելու դաւադրութեան:

«Ազրպէյճանի դէմ շղթայազերծուած տեղեկատուական պատերազմը երբ կը վերլուծէք,  կը տեսնէք, որ հոլովոյթին հիմնական դերակատարները Արեւմուտքի մէջ որոշ շրջանակներ են, որոնք քաղաքական եւ տնտեսական շահեր ունին Ազրպէյճանի, Հայաստանի, հայկական լոպիի, իսլամականութենէ վախցողներու եւ քաղաքական ընդդիմութեան մէջ», կը նշէ մեկնաբանութիւնը:

Բացի Լոէնինկէն, յօդուածը կ՛առանձնացնէ Ազատութեան համար Ֆրետերիք Նէոման հիմնադրամը եւ Կանաչներու կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Վոլա վոն Քրամոնը` երկարատեւ բանաւոր յարձակումներու համար:

Ընդհանուր առմամբ կը թուի, թէ մեկնաբանութեան գլխաւոր, հիմնական բողոքը կը վերաբերի այցելող գերմանացի կառավարական պաշտօնատարներու, լրագրողներու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու գործիչներուն չափազանցուած ուշադրութեան` հանդէպ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու, մասնաւորաբար Ալի Քերիմլիի` Ազրպէյճանի Ժողովրդային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար, եւ Իսա Կամպարի` ղեկավարը Մուսաւաթ կուսակցութեան:

Նէոման հիմնադրամն ու այլ հիմնարկներ, որոնք առնչակից են գերմանական քաղաքական կուսակցութիւններու, «գործուն դերակատարութիւն կ՛ունենան ֆինանսաւորելու համար ընդդիմութիւնը եւ միջազգային բեմին վրայ Ազրպէյճանի մասին ժխտական կարծիք  ստեղծելու մէջ», կը նշէ մեկնաբանութիւնը:

Մինչ Պաքուի մէջ որոշ մասնագէտներ կը հաւատան, որ բաւական ժամանակ պիտի առնէ գերմանեւազրպէյճանական յարաբերութիւնները բնականոնացնելը. չի սպասուիր, որ շարունակուող հռետորական կռիւը խանգարէ Պաքուի յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ:

«Պաքու վստահ է, որ միասնականութիւն չկայ… Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու միջեւ», ըսաւ Ալիեւա:

«ԵՈՒՐԷՅԺԻԱՆԷԹ»

Share this Article
CATEGORIES